Պօղոս Շահմելիքեան
| Պօղոս Շահմելիքեան | |
|---|---|
| Ծնած է | 1945 |
| Ծննդավայր | Պէյրութ, Լիբանանի Հանրապետութիւն |
| Մահացած է | 8 Օգոստոս 2019 |
| Մահուան վայր | Լոս Անճըլըս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ |
| Ազգութիւն | Հայ |
| Կարողութիւն | գրող |
| Ամուսին | Ազնիւ |
| Երեխաներ | Անդօ |
Պօղոս Շահմելիքեան (1945 Պէյրութ, Լիբանան - 7 Օգոստոս 2019 Լոս Անճըլըս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[1]) Լիբանանահայ երաժիշտ, գրող, յօդուածագիր, գիրքերու հեղինակ։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պօղոս Շահմելիքեան ծնած է Պէյրութի Աշրաֆիէ թաղամասը, ապա կանուխ պատանեկութեան տարիներուն փոխադրուած են Պուրճ Համուտ: Յաճախած է Նշան Փալանճեան ճեմարան, իսկ երկրորդականի վերջին երեք տարիները՝ Մխիթարեան վարժարան, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է:
Բացառիկ սէր ունեցած է հայ գրականութեան, առաւելաբար արեւմտեան գրականութեան, նոյն ժամանակ՝ երաժշտութեան: Ճեմարանին մէջ բախտաւոր եղած է ունենալու Մուշեղ Իշխանի եւ Գառնիկ Բանեանի նման ուսուցիչներ, որոնք իր մէջ արթնցուցած են հայ գրականութեան սէրը: Այդ մէկը նաեւ կու գայ իր ընտանիքէն: Ընթերցասէր ընտանիքի մէջ հասակ առած է:
1981ին հաստատուած է Լոս Անճելըս, ուր որոշ շրջան մը կը շարունակէ երաժշտական ասպարէզը՝ ընկերակցելով գաղութի զանազան հայ երգիչներու, իսկ աւելի ուշ, երբ ընտանիք պիտի կազմէր, որոշեց հրաժարիլ այնքան սիրած երաժշտական ասպարէզէն:
Մահացաւ 7 Օգոստոս 2019-ին Լոս Անճըլըսի մէջ[1]։ Աւելի քան մէկ շաբաթ առաջ ենթարկուած էր սիրտի ծանր կաթուածի, որուն պատճառով փոխադրուած էր հիւանդանոցը, ուր քանի մը օրէ ի վեր մահ ու կենաց պայքար կը մղէր:
Գրական գործունէութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ան հեղինակ է երկու հատորներու` «Յիշատակներ. անցած օրեր» (հայերէնով) եւ «ճամբորդութիւն յիշողութեան մէջ»:
2012ին իր երաժշտական կեանքի յուշերը հաւաքեց հատորի մը մէջ՝ «Յիշատակներ… Անցած Օրեր» գունաւոր նկարներով հարուստ, 220 էջերէ բաղկացած իսկական գիրքի մը:
«Յիշատակներ. անցած օրեր» (հայերէնով), որուն անգլերէն թարգմանութիւնը կատարած է Ամերիկայի Օհայօ նահանգը հաստատուած Վահէ Աբելեանը:
2018ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ռիչըրտ եւ Թինա Գարօլան» հիմնադրամէն լոյս տեսած «ճամբորդութիւն յիշողութեան մէջ» հատորը, որուն գինեձօնը 13 Յունիս 2019ին տեղի ունեցաւ «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ՝ «Ազդակ»-ի խմբագրութեան եւ Համազգայինի գիր ու գրականութեան մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ:
Five Fingers խումբ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Five Fingers-ին Պօղոս Շահմելիքեան հետ մնացած է 12 երկար տարիներ, մինչ այդ աշխատակցած է շատ մը նուագախումբերու եւ հայ երգիչներու հետ, սակայն այդ բոլորը ժամանակաւոր էին: Ընդամէնը՝ քանի մը նուագ եւ, բնականաբար, շատ աւելի նուազ յիշատակներ ունի այդ նուագախումբերուն կամ երգիչներուն հետ:
Մամուլի աշխատակից
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պօղոս Շահմելիքեան «Ասպարէզ»ի եւ «Ազդակ»ի աշխատակից էր:
6 տարի անընդմէջ Պօղոս Շահմելիքեան ուրախութեամբ արտադրած, ստեղծագործած, պրպտած ու «Ազդակ»ին վստահած է իր միտքին, հոգիին ու սիրտին արգասիքները, իսկ «Ազդակ»ը իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ, միշտ փորձած է գուրգուրանքով, բծախնդրութեամբ եւ ուշադրութեամբ վերաբերիլ հետեւողական կերպով իրեն ուղարկուած յօդուածներուն հետ, որոնք ունեցած են ընթերցողներու լայն խաւ մը, որ սիրած է գրութիւններուն նիւթերը, հեղինակին պարզ ու հաղորդական ոճը, իրական կեանքին առնչուած ըլլալը, տողերուն մէջ թաքնուած սրամտութիւնները, երգիծական ակնարկութիւնները, մարդոց ցաւերն ու հոգերը, ուրախութիւններն ու անմոռանալի պահերը, աւանդութիւններն ու կեանքը ամբողջ:
Պօղոս Շահմելիքեանի մահով կիսատ մնաց վերջերս «Ազդակ»-ի մէջ լոյս տեսնել սկսած անոր «Լիբանանեան օրագրութիւն» յօդուածաշարքը:
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մեր Կորուստները. Մահացաւ Գրող Պօղոս Շահմելիքեան Archived 2020-12-02 at the Wayback Machine.
Մահացաւ Գրող Պօղոս Շահմելիքեան Archived 2019-08-08 at the Wayback Machine.
Շնորհահանդէս՝ «Ազդակ»ի Եւ «Ասպարէզ»ի Ընտանիքի Անդամներէն Պօղոս Շահմելիքեանի «Ճամբորդութիւն Յիշողութեան Մէջ» Գիրքին Archived 2019-08-08 at the Wayback Machine.
«ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ»Ի ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆԻ ՀԵՏ՝ «ՅԻՇԱՏԱԿՆԵՐ… ԱՆՑԱԾ ՕՐԵՐ» ԳԻՐՔԻՆ ԱՆԳԼԵՐԷՆ ՏԱՐԲԵՐԱԿԻՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ Archived 2019-08-08 at the Wayback Machine.