Jump to content

Պօղոս Հիսարլեան

Պօղոս Հիսարլեան
Ծնած է 1887
Ծննդավայր Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 1915
Մահուան պատճառ Հայոց ցեղասպանութիւն
Կրթութիւն Կ. Պոլսի Օսմանյան կայսերական բժշկական վարժարան
Մասնագիտութիւն բժիշկ

Պողոս Հիսլարյան (1887, Կ. Պոլիս - 1915), հայ բժիշկ։

Ծնած է 1887-ին Կ. Պոլիս։ Նախնական կրթութիւնն ստացած է ծննդավայրի թաղային վարժարաններէն մէկուն մէջ։

1912 թուականին՝ աւարտած է Կ. Պոլսոյ Օսմանեան կայսերական բժշկական վարժարանը։ 1912 թուականէն աշխատած է որպէս բժիշկ, ամուսնացած ու ընտանիք կազմած է։

1914-ի ամրան՝ Առաջին համաշխարհային պատերազմն սկսելուն պէս, բոլոր հայ բժիշկներու հետ միասին զօրակոչուած է Օսմանեան բանակ եւ զինուորական բժիշկ ծառայելու համար Կարին ուղարկուած։

1915-ի գարնան, սկսած են հայերու ձերբակալութիւնները, բանտարկութիւններն ու տեղահանութիւնը։ Հազարաւոր հայ ընտանիքներու, որոնց կարգին՝ բժշկի ընտանիքը, տարագրուած է դէպի ՏԷր Զօրի անապատները։ Պօղոս Հիսարլեան, տեղեկանալով իր ընտանիքի տարագրութեան մասին, դիմումներ ներկայացուցած է զինուորական հրամանատարութեանշ եւ Կարինէն Սեբաստիա մեկնելու թոյլտուութիւն ստացած՝ իր ընտանիքը փրկելու համար։ Սակայն 1915-ի գարնան, Կարինէն Սեբաստիա մեկնած ու ճամբան, Խարբերդի եւ Երզնկայի միջեւ, Մամախաթունի մօտերը՝ զինուորական համազգեստով, բժիշկը սրախողխող եղած է թուրք զինուորներու ձեռքով՝ 28 տարեկան հասակին։

  • Հայ բժշկութեան տուած զոհերը, ցուցակագրուած վաւերական փաստերով, Սթամպուլ, 1919։
  • Մեզպուրեան Արթօ, Հայ եւ ծագումով հայ բժիշկներ. Այբուբենական համառօտ անուանացանկ (16881940), Սթանպուլ, 1940։
  • Կարոյեան Գասպար, Մեծ Եղեռնի նահատակ հայ բժիշկները (անոնց պատգամները), Պոսթըն, 1957։
  • Յուշամատեան Մեծ Եղեռնի (1915-1965), պատրաստեց Գերսամ Ահարոնեան, Պէյրութ, 1965։
  • Թէոդիկ, Յուշարձան նահատակ մտաւորականութեան, Բ. տպագրութիւն, Երեւան, Ապրիլ 24, 1985։
  • ՀՑԹԻՖ, ֆ-49, ծ-229, պ-14։
  • Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։