Պրունէյիազգային դրօշը, Պրունէյի պաշտօնական պետական խորհրդանիշներէն մէկն է։ Ընդունուած է 1959 թուականին։ Կազմուած է 2 դեղին շեղանկիւններէ, սեւ եւ սպիտակ շերտերէ եւ զինանշանէ։ Դեղին շեղանկիւնները կը խորհրդանշեն Պրունէյի սուլթանին, սեւ ու սպիտակ շերտերը կը խորհրդանշեն երկրի 2 գլխաւոր վարչապետերուն, սպիտակը` Պենգիրան Պենդահարան (Պրունէյի առաջին վարչապետը), սեւը` Պենգիրան Պեմանչան (Պրունէյի երկրորդ վարչապետը եւ արտգործ նախարար)[1]։ Կեդրոնը գտնուող զինանշանը կազմուած է հովանոցէ, երկու ձեռքերէ եւ երկու արաբերէն գիրերէ։ Հովանոցը կը խորհրդանշէ արքունի տունը, երկու ձեռքերը` իրենց առատաձեռն ըլլալը։ Հովանոցի տակ գրուած է արաբերէն 2 նախադասութիւն։ Առաջինը գրուած է «Միշտ ծառայել Աստուծոյ ղեկավարութեամբ» (արաբերէն`دائما توجيه الله), որ երկրի կարգախօսն է, իսկ վարը գրուած է «Պրունէ Տարուսալամ» (արաբերէն`بروناي دار السلام), որ երկրի պաշտօնական անունն է եւ թարգմանաբար կը նշանակէ «Պրունէ, խաղաղ բնակավայր»։