Jump to content

Պրիթնի Սփիրզ

Պրիթնի Սփիրզ
Ծննդեան անուն անգլերէն՝ Britney Jean Spears
Ծնած է 2 Դեկտեմբեր 1981(1981-12-02)[1][2][3][…] (44 տարեկան)
Ծննդավայր McComb, Փայկ շրջան, Միսսիսիպի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[4]
Քաղաքացիութիւն  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Մայրենի լեզու անգլերէն
Կրօնք Կաթոլիկութիւն
Ուսումնավայր Parklane Academy?, University of Nebraska High School? և Կատարողական արվեստի մասնագիտական դպրոց?
Ազդուած է Մադոննա?, Ջանեթ Ջեքսոն?, Ուիթնի Հյուսթոն? և Մայքըլ Ճեքսըն
Երկեր/Գլխաւոր գործ Baby One More Time?, Oops!… I Did It Again? և Toxic?
Տեսակ փոփ երաժշտութիւն, Պարային փոփ, էլեկտրոփոփ?, թին փոփ?, սինթիփոփ? և EDM?
Մասնագիտութիւն երգչուհի, Երգահան, պարող, դերասանուհի, երգահան, pop musician և երաժիշտ
Անդամութիւն Innosense?
Ամուսին Jason Allen Alexander?[5], Kevin Federline? և Սեմ Ասղարի?[6]
Ծնողներ հայր՝ James Parnell Spears?[7], մայր՝ Lynne Spears?
Երեխաներ Jayden Federline? և Sean Federline?
Կայքէջ britneyspears.com(անգլերէն)
Ստորագրութիւն

Պրիթնի Սփիրզ, (2 Դեկտեմբեր 1981) ամերիկացի երգչուհի[8]։

Ծնած է Լուիզիանա նահանգի Քենուուտ քաղաքին մէջ։

Ան կը կոչուի «Փոփի Արքայադուստրը», որ լայնօրէն կը նկատուի ԻԱ. դարու ամէնէն ազդեցիկ դէմքերէն մէկը։

Փոփ երաժշտութեան վրայ իր ազդեցութիւնը՝ մանաւանդ պատանեկան փոփը վերակենդանացնելու իր դերը եւ բեմական աշխուժ ելոյթները, մեծապէս կը նպաստեն իր համաշխարհային յաջողութեան[9]։

Սփիրզ իր մասնագիտական գործունէութիւնը կը սկսի 1992-ին՝ իբրեւ «Անգութ» («Ruthless!») երաժշտական ներկայացման դերասանական կազմի անդամ, ապա կը մասնակցի «The All-New Mickey Mouse Club» հեռատեսիլային յայտագիրի վերջին երկու եղանակներուն, նախքան 1997-ին «Jive Records»ի հետ պայմանագիր ստորագրելը։

  • Ան միջազգային ճանաչում կ'ունենայ «...Baby One More Time» երգով, որ համաշխարհային իմաստով կը գրաւէ առաջին դիրքը եւ կը դառնայ պատմութեան ամէնէն աւելի վաճառուած երգերէն մէկը։
  • Սփիրզ կը դառնայ բոլոր ժամանակներու ամէնէն շատ վաճառուած պատանի երգչուհին՝ «...Baby One More Time» (1999) եւ «Oops!... I Did It Again» (2000) վաճառաշատ ձայնասկաւառակներով, ինչպէս նաեւ իր երրորդ՝ «Britney» (2001) ալպոմով, որ ԻԱ. դարու իր ամէնէն յաջող գործերէն մէկն էր[10]։
  • «Longshot» (2001) եւ «Crossroads» (2002) ֆիլմերուն մէջ դերակատարութիւններէն ետք, ան կը հրապարակէ «In the Zone» (2003) եւ «Blackout» (2007) ալպոմները։ Առաջինը ծնունդ կու տայ «Toxic» երգին, որ կը շահի «Կրեմմի» մրցանակը՝ «Լաւագոյն Պարային/ելեկտրոնային Ձայնագրութիւն» անուանակարգին մէջ։
  • Հանրային մշտական ուշադրութեան եւ հոգեկան դժուարութիւններու հետեւանքով, Սփիրզ 2008-ին վիճայարոյց խնամակալութեան համակարգի տակ։
  • Այդ շրջանին ան կը ձայնագրէ «Circus» (2008) եւ «Femme Fatale» (2011) ալպոմները «Jive»ի համար, իսկ «Britney Jean» (2013) եւ «Glory» (2016) ալպոմները՝ «RCA Records»ի համար։
  • «Womanizer» (2008), «3» (2009) եւ «Hold It Against Me» (2011) երգերով ան կը դառնայ երրորդ կինը, որ երեք տարբեր տասնամեակներու ընթացքին կը գրաւէ ամերիկեան «Billboard Hot 100»ի առաջին հորիզոնականը։
  • 2019-ին Սփիրզ կը դադրեցնէ կանոնաւոր համերգային շրջագայութիւնները՝ խնամակալութեան վերաբերող իր դատական հարցերուն վրայ կեդրոնանալու համար, ինչ որ պատճառ կը դառնայ «Free Britney» շարժման եւ 2021-ի «Framing Britney Spears» վաւերագրական ժապաւէնին։ Նոյն տարին խնամակալութիւնը կը լուծարուի, այն բանէն ետք երբ ան հրապարակաւ կը վկայէ իր ընտանիքին եւ վարչական պատասխանատուներուն կողմէ վատ վերաբերմունքի մասին։
  • Իր յուշագրութիւնը՝ «The Woman in Me» (2023), առաջին դիրքով կը բացուի «The New York Times»ի վաճառաշատ գիրքերու ցանկին վրայ։

Սփիրզ կը նկատուի բոլոր ժամանակներու ամէնէն շատ վաճառուած երաժշտական արուեստագէտներէն մէկը՝ աւելի քան 150 միլիոն ձայնագրութիւններու գնահատուած վաճառքով։

«Forbes» ամսագիրը զինք կը հռչակէ աշխարհի ամէնէն բարձր վարձատրուող կին երաժիշտը՝ 2000 եւ 2012 թուականներուն։

Ան կ'ընդգրկուի «Time» ամսագիրի աշխարհի 100 ամէնէն ազդեցիկ անձերու ցանկին մէջ (2021), իսկ «Billboard» զինք կը դասէ ԻԱ. դարու մեծագոյն փոփ աստղերուն շարքին (2023)։

Իր պարգեւներուն մէջ են մէկ «Կրեմմի» մրցանակ, վեց «MTV Video Music Awards» (ներառեալ «Michael Jackson Video Vanguard Award»), եօթ «Billboard Music Awards» եւ աստղ մը՝ «Hollywood Walk of Fame»ին վրայ։

Երաժշտութենէն դուրս, Սփիրզ տարիներու ընթացքին շուկայ հանած է բազմաթիւ արտադրանքներ։

Իր 2005-ի «Fantasy» բոյրը, որ ստեղծուած էր «Elizabeth Arden, Inc.»ի հետ համագործակցաբար, մինչեւ 2011 արդէն իսկ գոյացուցած էր 1.5 միլիառ ամերիկեան տոլարէ աւելի վաճառք։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Brockhaus EnzyklopädieF.A. Brockhaus, 1796.
  2. The International Who's Who of Women 2006 — 2005.
  3. GeneaStar
  4. Encyclopædia Britannica
  5. https://www.dailymail.co.uk/tvshowbiz/article-9795509/Britney-Spears-husband-Jason-Alexander-claims-pop-stars-team-misled-marriage.html
  6. https://www.npr.org/2022/06/10/1104106805/britney-spears-marries-sam-asghari-in-california
  7. Pas L. v. Genealogics — 2003.
  8. Պրիթնի Սփիրզ
  9. ԻԱ. դարու ամէնէն ազդեցիկ դէմքերէն մէկը
  10. աշխարհի ամէնէն բարձր վարձատրուող կին երաժիշտը՝ 2000 եւ 2012 թուականներուն

[[Ստորոգութիւն:]]