Պութան, պաշտօնապէս Պութանի Թագաւորութիւն,[6]Հարաւային Ասիոյ մէջ, Արեւելեան Հիմալայներու մէջ գտնուող երկիր մըն է, որ հիւսիս եւ հիւսիս-արեւմուտքէն սահմանակից է Չինաստանին եւ հարաւ ու հարաւ-արեւելքէն՝ Հնդկաստանին։ 727,145-էն աւելի բնակչութեամբ եւ 38,394 քառակուսի քիլոմեթր (14,824 քառակուսի մղոն) տարածքով, Պութան 133-րդ տեղը կը գրաւէ տարածքով եւ 160-րդ տեղը՝ բնակչութեամբ։ Պութան դեմոկրատական սահմանադրական թագաւորութիւն է, ուր թագաւորը պետական ղեկավարն է եւ վարչապետը՝ կառավարութեան ղեկավարը։ Ճէ Խենփոն է պետական կրօնքի Վաճրայանա Պուտտիզմի ղեկավարը։
Պութանական Հիմալայներուն մէջ, ծովու մակարդակէն 7,000 մեթրէն բարձր բարձունքներ կան։ Կանկխար Փուենսումը Պութանի ամէնաբարձր կատարն է եւ աշխարհի ամէնաբարձր չբարձրացած լեռն է։ Պութանի վայրի կեանքը նշանակալի է իր բազմազանութեամբ, ներառեալ Հիմալայան տակինն ու ոսկեգոյն լանգուրը։ Մայրաքաղակն ու ամէնամեծ քաղաքը Թհիմփհուն է, ուր բնակչութեան մօտ 15%-ը կ՚ապրի։
Պութանն ու դրացի Թիպէթը ապրեցան Պուտտիզմի տարածումը, որ ծագած էր Հնդկական թերակղզիէն Պուտտայի կեանքի ժամանակաշրջանին։ Առաջին հազարամեակին, Պուտտիզմի Վաճրայանա դպրոցը տարածուեցաւ Պութան Պենկալի հարաւային Փալա կայսրութենէն։ 16-րդ դարուն, Ժապտրունկ Նկաուանկ Նամկեալ միացուց Պութանի հովիտները մէկ պետութեան մէջ։ Ան յաղթեց երեք թիպէթական ներխուժումներու, հպատակեցուց մրցակից կրօնական դպրոցները, օրէնսդրեց Ցա Յիկ իրաւական համակարգը եւ հիմնադրեց աստուածապետական ու քաղաքական վարիչներու կառավարութիւն։ Նամկեալ եղաւ առաջին Ժապտրունկ Ռինփոչէն, եւ իր յաջորդները դարձան Պութանի հոգեւոր առաջնորդները, ինչպէս Տալայ Լաման Թիպէթին մէջ։ 17-րդ դարուն, Պութան վերահսկեց Հիւսիս-Արեւելեան Հնդկաստանի, Սիքքիմի եւ Նեփալի մեծ մասերը. ան նաեւ զգալի ազդեցութիւն ունէր Քուչ Պեհար Նահանգին վրայ։
Պութան երբեք գաղութացուած չէ, թէեւ ան ապրած է Բրիտանական Կայսրութեան հովանաւորութեան տակ։ Պութան զիջեց Պենկալ Տուարները Պրիտանական Հնդկաստանին 19-րդ դարու Տուար պատերազմին ժամանակ։ Ուանկչուկ ռատը առաջ ելաւ որպէս թագաւորութիւն եւ հետապնդեց ռազմավարական կապերու ամրապնդումը Բրիտանիոյ հետ թերակղզիին մէջ։ 1910-ին, Փունախայի Դաշնագիրը երաշխաւորեց Բրիտանական խորհրդատւութիւնը արտաքին քաղաքականութեան մէջ փոխարէն Պութանի ներքին ինքնավարութեան։ Այս դասավորութիւնը շարունակուեցաւ 1949-ին Հնդկաստանի հետ նոր դաշնագրով, որ ստորագրուեցաւ Տարճիլինկին մէջ, ուր երկու երկիրներն ալ ճանչցին իրար ինքնիշխանութիւնը։ Պութան միացաւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան 1971-ին եւ ներկայիս ունի յարաբերութիւններ 56 երկիրներու հետ։ Մինչ կախուած է Հնդկական զինուժէն, Պութան կը պահպանէ իր սեփական զինուժային միաւորները։ 2008-ի Սահմանադրութիւնը հաստատեց խորհրդարանական կառավարութիւն ընտրուած Ազգային Ժողովով եւ Ազգային Խորհուրդով։
↑«Bhutan»։ International Hydropower Association (անգլերեն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 21 May 2022-ին։ արտագրուած է՝ 2021-01-02|url-status= պարամետրը գոյություն չունի (օգնութիուն); |url-access= պարամետրը գոյություն չունի (օգնութիուն)
↑«Bhutan»։ UNDP Climate Change Adaptation (անգլերեն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 21 May 2022-ին։ արտագրուած է՝ 2021-04-13|url-status= պարամետրը գոյություն չունի (օգնութիուն)