Jump to content

Պոլսահայեր

Հայկական զոյգ մը, Կ․Պոլիս, ԺԹ․ դարասկիզբին․ գործ՝ Լուի Տիւբրէ

Պոլսահայեր (թրք․՝İstanbul Ermenileri)․ Թուրքիոյ մէջ՝ Կ․Պոլիս, հայ համայնքի մէկ մասն են եւ պատմականօրէն եղած են Թուրքիոյ ամենամեծ ազգային փոքրամասնութիւններէն մէկը։ Քաղաքը հայերուն կողմէ, ինչպէս նաեւ յոյներուն կողմէ յաճախ կը կոչուի Պոլիս՝ «Բոլի» (Πόλη) որ յառաջ եկած է Կոստանդնուպոլիս (Κωνσταντινούπολη) քաղաքի պատմական անուան վերջաւորութիւնէն։

Այսօր, ծագումով հայ Իսթանպուլի քաղաքացիներուն թիւը 50 000, 60 000 կամ 70 000 կը գնահատուի: Անոնք կը կազմեն Իսթանպուլի, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ ամէնէն մեծ քրիստոնեայ եւ ոչ-մուսուլման փոքրամասնութիւնը։ Անոնք Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ Սփիւռքի մաս չեն համարուիր, քանի որ չորս հազար տարիէ աւելի իրենց պատմական հայրենիքին մէջ կ'ապրին: Տեղացի ազգութեամբ հայ թուրք քաղաքացիներէն զատ, կան նաեւ մօտաւորապէս 10 000-էն 30 000 վերջին տասնամեակներուն Հայաստանէն եկած ապօրինի գաղթականներ, որոնք կը գտնուին Պոլսոյ մէջ։

Պոլսոյ Հայ Պատրիարքութեան շէնքը

Հայերը Կոստանդնուպոլսոյ մէջ կ'ապրին Դ․դարէն ի վեր։ Հայկական թեմ հիմնուած է 572-ին։ Բիւզանդական կայսրութեան ժամանակաշրջանին հայերը բարգաւաճած են, ինչպէս նաեւ բիւզանդական կայսրութեան գահին հայկական ծագումով բազմաթիւ կայսրեր թագաւորած են։

Երբ օսմանցիները Կոստանդնուպոլիսը կը գրաւեն (1453), քաղաքին բարգաւաճութեան համար Սուլթան Մեհմէտ Ֆաթիհ Բ. կը հետապնդէ մեծ թիւով ուսեալ մարդոց, վաճառականներու եւ արհեստաւորներու մայրաքաղաք հաստատուիլը։ Անոնց դիւրութիւններ կ՛ընծայէ, ինչպէս՝ շրջան մը տուրքերէ զերց մնալը։ Այս ուղղութեամբ, գաւառէն հազարաւոր հայեր մայրաքաղաք կը փոխադրուին։ Սուլթանը 1461-ին Պրուսա քաղաքի Յովակիմ հայ եպիսկոպոսը Կ․Պոլիս բերել կու տայ եւ իր հրամանով կը հիմնուի Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը։ Մեհմէտ Ֆաթիհ սուլթանին յառաջացուցած Պատրիարքութեան նոր դրութիւնը, օսմանեան պատմութեան մէջ ծանօթ եղած է իբրեւ Միլլէթի դրութիւն (The Millet System)։

Կոմիտասի "Գուսան" երգչախումբը, Կ․Պոլիս, 1910

Ըստ Լեհաստանցի Սիմէոն ճամբորդին, Ժէ. դարու սկիզբը, Կոստանդնուպոլսոյ մէջ հինգ հայկական եկեղեցի կային. Սուրբ Նիկողայոս, Սուրբ Աստուածածին եւ Սուրբ Սարգիս Լանկա թաղին մէջ, մէկ այլ եկեղեցի Պալատի մէջ, եւ Սամաթիոյ Սուրբ Գէորգ եկեղեցին։ Վանականներէ զատ, քաղաքին մէջ կային 4-5 վարդապետ, 3 եպիսկոպոս, եւ 100-է աւելի քահանաներ։ Ան հայկական տուներու թիւը գնահատած է մօտաւորապէս 80, մինչդեռ Փոքր Ասիոյ արեւելեան հայկական գաւառներէն գաղթած ու Պոլիս ապաստան գտած հայկական ընտանիքներուն թիւը 40 000-է աւելի եղած է, մանաւանդ Ճելալիներու ապստամբութիւններէն ետք (1550-ական թուականներուն․ Արեւմտեան Հայաստանը մեծ վնաս կրած է այդ շարժումին հետեւանքով)։ Հայերը ապաստան գտած են Կոստանդնուպոլիս, Կալաթա (կամ Բերան Πέραν) եւ Սկիւտար։

Հայ համայնքը կը կազմէին ու կը կազմեն մինչեւ այսօր, կրօնական երեք դաւանանքներ՝ Կաթողիկէ, Բողոքական եւ Առաքելական, որ հայերու մեծամասնութեան եկեղեցին էր ու է։ Ամիրաներու բարեկեցիկ դասակարգը (որոնց կեդրոնը Կոստանդնուպոլիսն էր) ընկերային ընտրանի մըն էր, որուն անդամներուն մէջ կը գտնուէին Տիւզեանները (Կայսերական դրամատան տնօրէնները), Պալեանները (Կայսերական գլխաւոր ճարտարապետներ) եւ Տատեանները (Վառօդի աղացներու տեսուչ եւ արդիւնաբերական գործարաններու կառավարիչ)։

Առաջին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին Օսմանեան կայսրութեան տարածքին ծայր կ՛առնէ հայոց ցեղասպանութիւնը24 Ապրիլին Կոստանդնուպոլսոյ 250 ականաւոր հայեր կը ձեռբակալուին ու կը սպաննուին։

Հայ Առաքելական դաւանանքի եկեղեցիներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայ Կաթոլիկ դաւանանքի եկեղեցիներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայ Աւետարանական դաւանանքի եկեղեցիներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ի․ դարուն, Պոլսոյ հայ համայնքը ունի հետեւեալ հիմնարկները․-

Մշակութային, մարզական, առողջապահական

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • 17 մշակութային եւ ընկերային կազմակերպութիւններ (ինչպէս օրինակ՝ Եսայեան Միութիւն, Հայ Ուսուցաչ Հիմնարկ)։
  • 3 թերթ (Ակօս, Ժամանակ եւ Մարմարա
  • 2 մարզական խումբ (Շիշլիսփոր եւ Թաքսիմսփոր)։
  • 2 առողջապահական հաստատութիւններ։

Ինչպէս նաեւ բազմաթիւ կրօնական հիմնադրամներ հիմնուած վերեւ գործունէութիւնները զօրակցելու համար։

[1] [2] [3] [4] [5] [6] [7] [8] [9]

  • Մեր Պատմութիւնը, 8րդ դասարան - Կարօ Մոմճեան

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Tarihte Ermeniler». Bolsohays: Istanbul Armenians Պոլսահայեր- Turay, Anna, 6-12-2006
  2. Թրքագէտ Ռուբէն Մելքոնեան կը հրատարակէ “Review of Istanbul’s Armenian community history” ուսումնասիրութիւնը, Helix Consulting LLC, 24-9-2015(անգլերէն)
  3. GlobalPost․ Հայերը Ցեղասպանութենէն 100 տարի ետք կը վերահաստատեն իրենց ինքնութիւնը, Neil Hauer, 23-4-2019(անգլերէն)
  4. Հայերը Բիւզանդական կայսրութեան ընթացքին,Peter Charanis
  5. [chrome-extension://efaidnbmnnnibpcajpcglclefindmkaj/https://cdn.istanbul.edu.tr/file/JTA6CLJ8T5/AFB16EDE080B49ABAC3B34D2D731DAE0 Հրանդ Անդրէասեան․ . «Polonyalı Simeon'un Seyahatnâmesi: 1608–1619», թրքերէն, հրտ․ Իսթանպուլի Համալսարանի Գրականութեան բաժին]
  6. Ցեղասպանութիւն․ Աշխարհի Պատմութիւն, Naimark, Norman M. (2017)(անգլերէն)
  7. Տեսերիզ․ Զգոյշ, բայց հպարտ՝ Պոլսոյ հայերը (Discreet but proud: The Armenians of Istanbul)14-5-2018(անգլերէն)
  8. Ժամանակ օրաթերթ․ Պատմական Կ․Պոլսոյ հայերուն
  9. armradio․ Պոլսոյ մէջ այս հարստութիւններուն պահակներն ենք․ 14 դպրոց, 11 գերեզմանոց, 33 եկեղեցի. Տիգրան Ալթուն, 28-9-2021

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]