Jump to content

Պղպեղ

Պղպեղը, (լատին․՝ Capsicum) ծաղկաւոր բոյս մըն է, որ կը պատկանի մորմազգիներու ընտանիքին[1]։

Պղպեղին հայրենիքը Հարաւային Ամերիկայի հիւսիսային կողմերը եւ Հիւսիսային Ամերիկայի հարաւ-արեւմուտքն է։ Այս բոյսը կու տայ պտուղներ, որոնք տարբեր գոյներու կ'ըլլան՝ կարմիր, կանաչ, դեղին եւ ուրիշ։ Երբեմն ալ կծու համ կ'ունենան։

Պղպեղը աշխարհի ամէնէն հին մշակուած բոյսերէն մէկն է[2]։

Մեքսիքոյի տարածքին մարդիկ սկսած են զայն աճեցնել մօտաւորապէս 6000 տարի առաջ։ Ժամանակի ընթացքին այդ բոյսը տարածուած է ամբողջ աշխարհի տարածքին։

Այս պտուղները կը գործածուին խոհանոցին մէջ՝ ուտելիքի համ տալու, բժշկութեան մէջ՝ դեղեր պատրաստելու, երբեմն ալ զարդարանքի նպատակով կը տնկուին։

«Քափսիքում» անունը կը ծագի հին յունարէն ու լատիներէն բառերէն, որոնք կը նշանակեն «բռնել, կպչիլ»։ Այս անունը կապուած է պտուղին տաքութեան եւ կծուութեան հետ։

Եւրոպացիք, երբ առաջին անգամ կը հանդիպին այս պտուղին, կ'ենթադրեն, թէ անիկա կապուած է սեւ պղպեղին հետ, որովհետեւ երկուքն ալ կծու էին։ Բայց իրականութեան մէջ այդ երկու բոյսերը իրարու հետ առնչութիւն չունէին։

Տարբեր երկիրներու մէջ տարբեր անուններ կը գործածուին։ Օրինակ՝ Աւստրալիա եւ Նոր Զելանտա՝ «Քափսիքում», Անգլիա եւ Իրլանտա՝ «Անուշ պղպեղ» կամ «Կծու պղպեղ»։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ Քանատա՝ «Պել փեփըր», «Ճալափենօ», «Քայէն» եւ այլն։

Կանաչ պղպեղը յատկապէս կը պարունակէ շատ մեծ քանակութեամբ «Սի» կենսանիւթ։ Լաւագոյնը զայն հում ուտելն է, որպէսզի ամբողջ օգտակարութիւնը պահպանուի։

Քաղցր պղպեղը պարտադիր է ընդգրկել սննդակարգին մէջ, եթէ սիրտի կամ անօթային հիւանդութիւններ կան։ Այս բանջարեղենը ունի նիւթեր, որոնք կը զօրացնեն մազանօթներու պատերը եւ կը բարձրացնեն անօթներու առաձգականութիւնն ու ճկունութիւնը։

Անիկա յատկապէս օգտակար է այն մարդոց համար, որոնք կը տառապին արիւնաշրջանառութեան խանգարումներով, բարձր ճնշումով կամ երակներու կոշտացումի առաջին փուլերով։

Քաղցր պղպեղը դուրս կը հանէ նաեւ վնասակար եւ թունաւոր նիւթեր[3]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]