Jump to content

Պիստակ

Պիստակ (պարսկերէն՝ پسته-չատտանգուշ, Հալէպի պիստակ) ծառ է կամ թուփ, որ կը պատկանի աղտորազգիներու ընտանիքին։ Կը գտնուի մերձարեւադարձային եւ մասամբ ալ՝ արեւադարձային շրջաններուն մէջ։

Պիստակը կ'աճի Միջերկրական Ծովուն շուրջ, հիւսիսային Ափրիկէի, Արեւմտեան, Միջին ու Արեւելեան Ասիոյ եւ Ամերիկայի մէջ [1]։

Անիկա կը սիրէ լոյս եւ կրնայ դիմանալ չոր եղանակի։

Պիստակը կը ծաղկի գարնան սկիզբը՝ Մարտ կամ Ապրիլ։ Պտուղները կը հասուննան Սեպտեմբեր-Նոյեմբեր ամիսներուն։ Բնութեան մէջ կը բազմանայ սերմերով, իսկ մշակութեան մէջ՝ պատուաստումով։

Պիստակին փայտը ամուր է եւ կը գործածուի ատաղձագործութեան մէջ։ Խեժը կ'օգտագործուի։ Ճիւղերն ու տերեւները կը գործածուին զարդարանքի համար։

Մարդիկ աւելի քան 2500 տարի է, որ պիստակով կը սնանին։ Հին Պարսկաստանի մէջ պիստակը եղած է հարստութեան նշան։

Պատմութիւն եւ մշակում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իրանը եղած է այն երկիրներէն, ուր շատ հին ժամանակէ պիստակ մշակած են։ Տարբեր գիտնականներ կը նշեն, թէ առաջին անգամ պիստակը աճեցուած է Իրանի Խորասան նահանգին մէջ։ Հին Աքեմենեաններու օրով ալ պիստակը տարածուած եղած է։ Պահլավերէնով անոր անունը դարձած է «պիստակ», իսկ պարսկերէնով՝ «փեսթէ»։

Այսօր ալ Իրանը աշխարհի մեծագոյն արտահանողներէն մէկն է։ Բացի Իրանէն, պիստակ կը մշակեն Յունաստան, Սուրիա, Սպանիա, Իտալիա, Ամերիկա, Թուրքիա եւ ուրիշ երկիրներ։

Բերքը կը հաւաքեն Յուլիս-Օգոստոս ամիսներուն։ Նախ կը չորցնեն արեւուն տակ, ապա կը թրջեն աղաջուրի մէջ ու կը բովեն։

Սննդային արժէք

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պիստակին մէջ կայ 50 տոկոսի չափով ճարպ, ինչպէս նաեւ սպիտակուց ու ածխաջուր։ Կ'ուտուի հում, աղով կամ բոված։ Կը գործածուի աղցաններու, քաղցրաւենիքի եւ տարբեր ուտեստներու մէջ։

Բուժիչ յատկութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պիստակը ունի բուժիչ յատկութիւններ։ Ան հարուստ է երկաթով, պղինձով, կալիումով, ֆոսֆորով եւ այլն[2]։

Պիստակը կը զօրացնէ սիրտն ու անօթները, կը նուազեցնէ քոլեսթերոլը։ Կ'օգնէ յոգնածութեան դէմ, կը բարելաւէ յիշողութիւնը, տեսողութիւնը եւ մարսողութիւնը։

Պիստակին մէջ գտնուող «Ի» կենսանիւթը կը պաշտպանէ մաշկը մանիշակագոյն ճառագայթներէն։

Հալէպի պիստակը կը պահպանէ արեան անօթներու առողջութիւնը, կը կայունացնէ արեան մէջ շաքարի մակարդակը, կը նուազեցնէ տարիքի հետ կապուած աչքի հիւանդութիւններու հաւանականութիւնը, կը պահպանէ մորթին առողջութիւնը, կը նուազեցնէ մորթի քաղցկեղի հաւանականութիւնը, կ'օգնէ փարթամ մազերու աճին[3]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]