Jump to content

Պիոներական ողջոյն

Պատուի առնում պիոներական ողջոյնով

Պիոներական ողջոյնխորհրդային պիոներներու, ինչպէս նաեւ արդի պիոներական միութիւններու յատուկ բարեւի ձեւը։ Անիկա իր էութեամբ կը նմանի զինուորական պատուի առնելուն։

պիոներական տողանցքի պահուն (1985)

Ողջոյնի պահուն, պիոները աջ թեւը արմուկէն ծալլելով կը բարձրացնէ դէմքին առջեւ այնպէս, որ ձեռքը գլխէն քիչ մը վեր դիրքաւորուի։ Հինգ մատները իրարու կպած ու ուղիղ կը մնան (ինչ որ կը խորհրդանշէ հինգ ցամաքամասերու աշխատաւորներու միութիւնը), իսկ ափը կողմնակիօրէն դէպի ճակատը կը հակի։ Ափին եւ ճակատին միջեւ հեռաւորութիւնը մօտաւորապէս բացուած ափի մը չափ պէտք է ըլլայ։

Այս ողջոյնը կը տրուի միայն այն պարագային, երբ պիոները կարմիր փողկապը կապած է։ Պիոները կը բարեւէ դրօշակներու առջեւ, զեկուցում տալու ատեն, պարգեւներ ստանալու կամ լռութեան պահերուն։ Երբ կը հնչէ «Յանուն Կոմունիստական կուսակցութեան գործին՝ պատրաստ եղի՛ր» կոչը, պիոները կը պատասխանէ «Միշտ պատրա՛ստ»՝ ձեռքը վեր բարձրացնելով։

ԽՍՀՄ-ի տարիներուն, պիոները պարտաւոր էր այսպէս յարգել ջոկատավարները, զինուորականները, ինչպէս նաեւ պետական դրօշի բարձրացման ու քայլերգի պահուն։ Նաեւ ընդունուած էր բարեւել Լենինի դամբարանին եւ հայրենիքի ազատութեան համար զոհուած մարտիկներու յուշարձաններուն մօտ[1]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Ա. Զեբզեեւա, Փիոներական կեանքի այբուբենը, «Մոլոտայա Կվարտիա», էջ 90։