Պէաթրիս Ֆաւր
| Պէաթրիս Ֆաւր | |
|---|---|
| Ծնած է | 24 Ապրիլ 1928 |
| Ծննդավայր | Բազել-Լանդ, Զուիցերիա |
| Մահացած է | 8 Նոյեմբեր 2022 (94 տարեկանին) |
| Մահուան վայր | Ժընեւ, Զուիցերիա |
Պէաթրիս Ֆաւր (24 Ապրիլ 1928, Բազել-Լանդ, Զուիցերիա - 8 Նոյեմբեր 2022, Ժընեւ, Զուիցերիա), օտարալեզու հայ գրագիտուհի։
Կենսագրական գիծեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է Պազել քանթոնի Հէօլշթայն գիւղը։ Հօր անունը` Շապուհ (Շառլ) Փիլոսեան, մասնագիտութեամբ բժիշկ։ Իսկ մօր անունը՝ Քլարա Էլիզապէթ, ծնեալ Կերսթեր, որ եղած է զուիցերիացի մը՝ Պազել քանթոնի շրջանէն։
Պէաթրիս ընտանիքին հետ տեղափոխուած եւ մնայուն բնակութիւն հաստատած է Ժընեւ՝ 1932 թուականին (չորս տարեկան հասակին)։
Ուսում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ան Ժընեւի մէջ յաճախած է աղջկանց դպրոց մը, զոր աւարտելէ ետք ընդունուած է Ժընեւի պետական համալսարանի գրականութեան բաժանմունքը 22 Հոկտեմբեր 1947 թուականի ձմեռնային կիսամեակին ու զայն աւարտած է 1950-1951 թուականի ձմեռնային կիսամեակին՝ ստանալով գրականութեան համալսարանական աստիճան։
Նոյն համալսարանին մէջ ան շարունակած է մասնագիտանալ իր ընտրած ճիւղին մէջ՝ ընդունուելով 1953 թուականի ամառնային կիսամեակի դասընթացքներուն, որոնք աւարտելէ ետք վկայուուած է անգլերէն լեզու եւ գրականութիւն դասաւանդելու վկայականով։
Պէաթրիս Փիլոսեան 1954 թուականի 27 Ապրիլին ստացած է Ժընեւի քաղաքացիութիւն (նախկին Պազել քանթոնի Հէօլշթայն բնակավայրի քաղաքացի): Հպատակագրման դիմումը ներկայացուած է 29 Յուլիս 1953 թուականին։
Ամուսնութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]14 Ապրիլ 1960 թուականին Պէաթրիս Փիլոսեան ամուսնացած է Քլոտ Անտրէ Ֆաւրի հետ (ծագումով Նէօշաթել քաղաքէն, մասնագիտութեամբ քիմիական ճարտարագէտ):
Պէաթրիս այդ ժամանակ ուսուցչուհի էր տնային տնտեսագիտութեան դպրոցին մէջ եւ կ’ապրէր ժընեւ՝ 9 boulevard des Philosophes փողոցը: Զոյգը սկիզբը կը բնակի Hoffmann փողոցի թիւ 5 շէնքին մէջ, նախքան 1970-ականներուն 46 chemin des Coudriers տեղափոխուիլը. հասցէ մը, որ կը պահեն առնուազն մինչեւ 1999 թուականը: Ի դէպ, աւելորդ պիտի չըլլար այստեղ նաեւ յիշել, որ ամոլը կը բախտաւորուի մանչ զաւակով մը։ Ահաւասիկ այսպէս պարզ կը դառնայ, թէ ինչպէ՞ս բացառապէս Ֆաւր մականունը Պէաթրիս դարձուցած է հեղինակային ինքնութիւն՝ նշելով զայն իր հրապարակած գիրքերուն վրայ՝ զանց առնելով իր նախաամուսնական Փիլոսեան հայկական ազգանունը[1]։
Աշխատութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ֆաւր գրական իր առաջին փորձերուն ձեռնարկած է 17 տարեկանին, սակայն իր առաջին գիրքը՝ « L’avortement » («Վիժեցումը») խորագրով, լոյս կը տեսնէ Ժընեւի մէջ «Poésie vivante» հրատարակչատունէն 1980 թուականին, 190 էջ, 21,5 x 14,5 սմ., ֆրանսերէն։
Տակաւին տարին չբոլորած՝ նոյն հրատարակչատունէն ունեցած է երկրորդ տպագրութիւն մը։
Երկու տարի ետք «de l’Aire» հրատարակչութենէն Լոզանի մէջ լոյս կը տեսնէ Պէաթրիս Ֆաւրի երկրորդ գիրքը՝ «Les joyaux de Maïrik» (Մայրիկին գոհարները) խորագրով, 123 էջ, 21,5 x 14,5 սմ., ֆրանսերէն։ Հեղինակը հատորը ձօնած է իր հօր՝ արձանագրելով հետեւեալ տողը. « À mon père, ces fleurs du souvenir qu’il a semées en moi » (Հօրս՝ յիշողութեան այս ծաղիկները, որոնք ան ցանեց իմ մէջ)։ Հատորը վերարտադրութիւն է իր հօրենական ընտանիքի պատմութեան, իսկ կողքին վրայի լուսանկարը հաւանաբար յիշատակի լուսանկար մըն է Փիլոսեան ընտանիքին՝ մեծ մայրը կեդրոնական դիրքով եւ իր շուրջը իր չորս մանչ զաւակները, որոնցմէ մին պէտք է ենթադրել, որ հեղինակին հայրն է։ Բնականաբար սոյնը առնուած ըլլալու է Թաւրիզի մէջ, գուցէ զաւակներէն երեքին երկրէն հեռանալու նախօրեակին։
1984 թուականին նոյն «de l’Aire» հրատարակչատունը Լոզանի մէջ կը տպագրէ Պէաթրիս Ֆաւրի երրորդ հատորը՝ « Le Soleil se lève à Venise » (Արեւը կը ծագի Վենետիկի մէջ) խորագրով։ Հեղինակը սոյն գիրքը նախորդին նման կը ձօնէ իր հօր՝ « À mon père » (հօրս)։ Բնականաբար այս ձօնը ինքնին հասկնալի է, քանի որ վէպին գլխաւոր հերոսներէն մին կրկին իր հայրն է, որ իր կենսագրութենէն բաժին մը հաղորդած է իրեն, այսպէս հայթայթելով առկայ վէպին գրական ատաղձը։ Հեղինակին հօրեղբայրները՝ Վահրամ եւ Զարեհ (մահացած ժընեւի մէջ 12 Հոկտ. 1969 թուականին), իրենց աւագ եղբօր՝ Շապուհին հետ նոյնպէս կը գտնուին Վենետիկ, մինչդեռ անոնցմէ կրտսերը կը մնայ Թաւրիզ՝ իրենց մօր քով, տակաւին շատ պատանի տարիքին պատճառով։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «BÉATRICE FAVRE – Պէաթրիս Ֆաւր Օտարալեզու Հայ Գրականութեան Անծնաօթ Գրագիտ»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2025-01-21։ արտագրուած է՝ 2025-12-17