Jump to content

Պզուկ Կամ Պատանեկան Բշտիկաւորում

Պզուկը մորթի մազապարկիկներու (hair follicles) եւ ճարպագեղձերու բորբոքումով մորթի մակերեսին վրայ յառաջացած բշտիկաւոր հիւանդութիւն է[1]:

Անիկա կը յայտնուի գլխու եւ երեսի վրայ, յատկապէս՝ ճակատին, այտերուն, շրթունքին, կզակին եւ վիզին վրայ:

Պզուկը կը պատահի պատանիներու, երիտասարդներու եւ տարեցներու պարագային, առանց սեռի եւ գոյնի խտրութեան: Սակայն անիկա առաւելաբար տեսնուած երեւոյթ է պատանիներուն պարագային՝ արբունքի շրջանին:

Պզուկը կը յայտնուի զանազան ձեւերով՝ պարզ կարմրագոյն բշտիկներով (papule), թարախաբշտիկներով (pustules), մկնուռերով (furuncles), մազով լեցուն թարախաբշտիկներով (comedon), պարկային բշտիկներով (cystic), հանգոյց-կծիկներով (nodule):

Պզուկի ախտապատճառները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պզուկի ախտապատճառներն են՝

Ա. Հիմնական ախտապատճառներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

ա. Ներծորոյթային (hormonal) խանգարումներ, որոնք տեղի կ'ունենան՝

Այս չորս պարագաներուն տեղի կ'ունենան մնայուն կամ ժամանակաւոր ներազդակային խանգարումներ եւ փոփոխութիւններ: Այս ներծորոյթները կը գրգռեն մորթի ճարպային գեղձերը, որոնք բնականէն աւելի ճարպ արտադրելով պատճառ կը դառնան պզուկի յայտնաբերման:

բ. Գերքրտնութիւն եւ մորթի խոնաւութիւն, որ կը պատահի մանաւանդ ամրան եղանակին[2]:

Բ. Երկրորդական ախտապատճառներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այս պատճառմերէն են՝ մորթի մաքրութեան գործածուած որոշ օծաններ (ointments), դէմքի անբաւարար մաքրութիւն, տուրմի չափազանց սպառում, սեռային կեանքի աշխուժութիւն եւ ճարպակալում-գիրութիւն:

Պզուկը կրնայ ըլլալ՝ մեղմ կամ ուժգին, անցողակի կամ մնայուն եւ փոքր տարողութեամբ կամ տարածուն՝ ամբողջ դէմքին եւ գլխուն վրայ:

Պատանեկան տարիքին պատահած պզուկի փշտիկները ընդհանրապէս կը բարելաւուին եւ կ'անհետանան մինչեւ 20 տարեկան: Քիչ պարագաներուն եւ մանաւանդ կիներուպարագային, պզուկը կը դառնայ մնայուն երեւոյթ մինչեւ 40 տարեկան:

Պզուկը կրնայ յառաջացնել կարգ մը բարդութիւններ, որոնցմէ կարեւորագոյններն են՝

  • Գլխու եւ դէմքի մորթի երկրորդական բորբոքում, որ կը յառաջանայ երբ պզկոտ պատանին շարունակ կը խաղայ իր բշտիկներով եւ կամ կը քերէ զանոնք,
  • Թարախաբշտիկներու մնայուն սպիացում,
  • Ամօթխածութիւն, ընկճուածութիւն եւ զանազան զգացական ու հոգեբանական խանգարումներ պզկոտ պատանիներուն պարագային՝ արբունքի շրջանին:

Պզուկի դամանումը կը կայանայ որոշ միջոցառումներով՝

  • Ճարպի արտադրութիւնը նուազեցնող դեղերու գործածութիւն,
  • Հակամանրէական դեղերու գործածութիւն,
  • Գլխու եւ դէմքի մորթի յարատեւ մաքրութիւն՝ յատուկ օճառներով, օծաններով եւ լոգանքով:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]