Jump to content

Պերճ Թէրզեան

Պերճ Թէրզեան
Ծնած է 17 Նոյեմբեր 1938(1938-11-17)
Ծննդավայր Գահիրէ, Եգիպտոս
Մահացած է 14 Դեկտեմբեր 2025(2025-12-14)[1] (87 տարեկանին)
Մահուան վայր Գահիրէ, Եգիպտոս
Մասնագիտութիւն հրապարակախօս

Պերճ Թէրզեան (17 Նոյեմբեր 1938(1938-11-17), Գահիրէ, Եգիպտոս - 14 Դեկտեմբեր 2025(2025-12-14)[1], Գահիրէ, Եգիպտոս), հայ մտաւորական, հրապարակախօս, բարերար, ազգային եւ հասարակական գործիչ։

Կենսագրական գիծեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Գահիրէ։ Նախակրթութիւնը ստացած է տեղւոյն Մխիթարեան եւ ապա Մարոնի հայրերու վարժարաններէն։

Աւարտած է Այն-էլ-Շամս համալսարանի վարչական գիտութեանց հաստատութիւնը, որմէ ետք յաճախած է Գահիրէի Ամերիկեան համալսարանը։

1969-ին հիմնած է «Աֆրիքան փրէսս» տպագրատունը, տանելով թէ՛ առեւտրական եւ թէ՛ հայ հրատարակչական գործունէութիւն։

Թէրզեան կանուխէն անդամակցած է Գահիրէի Հայ Գեղարուեստասիրաց Միութեան, Հայ Ազգային Հիմնադրամին , ՀԲԸ Միութեան Եգիպտոսի Շրջանակային Յանձնաժողովին, Գահիրէի ՀՄԸՄ Նուպար մարզարանի վարչութեան։

Նախաձեռնած է «Արեւ» օրաթերթի արաբերէն համանուն յաւելուածին հրատարակութեան (1998-2009)[2]։ Եղած է «Արեւ» օրաթերթի արաբերէն ամսօրեայ յաւելուածին հայկական նիւթերու խորհրդատուն, ինչպէս նաեւ Գահիրէի ՀԲԸ Միութեան «Տեղեկատու» եռամսեայի եւ Միութեան «Արեգ» արաբալեզու ամսօրեայի հայկական նիւթերու խմբագրական խորհրդատուն։

«Արեւ»-ի մէջ հրապարակած հայատառ յօդուածներու ժողովածուն հատորով մը լոյս տեսած է 2010-ին, «Յետադարձ անդրադարձ» վերնագրով։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1 2 Ոչ Եւս Է Եգիպտահայ Ծանօթ Մտաւորական Պերճ Թերզեան
  2. «Ոչ Եւս Է Եգիպտահայ Ծանօթ Մտաւորական Պերճ Թերզեան»։ Ararad Daily Newspaper (en-US)։ 2025-12-16։ արտագրուած է՝ 2026-01-12