Jump to content

Պենազիր Պութօ

Պենազիր Պութօ
بينظير بُھٹو
Պենազիր Պութօ, 2006-ին
Ծնած է 21 Յունիս 1953
Ծննդավայր Գարաչի, Փաքիստան
Մահացած է 18 Հոկտեմբեր 2007
Մահուան վայր Benazir Bhutto Hospital, Ռաուալբինտի, Փընճապ, Փաքիստան[1]
Քաղաքացիութիւն  Փաքիստան[2]
Կրօնք Իսլամութիւն
Ուսումնավայր Ռեթքլիֆ Գոլէճ, Լեթի Մարկարէթ Հոլ, Օքսֆորտ համալսարան, Սենթ Քաթրինս Գոլէճ, Օքսֆորտ համալսարան, Հարուըրտ Համալսարան, Գարաչիի Յիսուս եւ Մերի մենաստան, Գարաչիի Քերականութեան Դպրոց, Յիսուս եւ Մերի մենաստան, Ներկայացման Միանձնուհիներու Օրիորդաց Բարձրագոյն Վարժարան և Էլիոթ Տուն
Մասնագիտութիւն Փաքիստանի քաղաքական եւ պետական գործիչ, Փաքիստանի վարչապետ
Վարած պաշտօններ Փաքիստանի վարչապետ, Ընդիմութեան ղեկավար, Փաքիստանի վարչապետ, Ընդիմութեան ղեկավար, Փաքիստանի Տնտեսութեան նախարար, Փաքիստանի Պաշտպանութեան նախարար և Կուսակցութեան ղեկավար
Անդամութիւն Ֆի Վիթա Գաբա
Կուսակցութիւն Փաքիստանի Ժողովրդական կուսակցութիւն
Ամուսին Ասիֆ Ալի Զարտարի
Ծնողներ հայր՝ Զուֆիքար Ալի Պութօ, մայր՝ Նուսրաթ Պութօ
Երեխաներ Պիլաուալ Պութօ Զարտարի, Պախթաուար Պութօ Զարտարի և Ասիֆա Պութօ Զարտարի
Կայքէջ benazirbhutto.com(անգլերէն)
Ստորագրութիւն

Պենազիր Պհութօ (21 Յունիս, 195327 Դեկտեմբեր, 2007) եղած է երկու անգամ Փաքիստանի վարչապետ՝ 1988-1990 եւ 1993-1996: Սերած է քաղաքական ընտանիքէ եւ սպաննուած է 2007-ին:

Ծնած է 21 Յունիս 1953-ին, Փաքիստան, եւ դուստրն էր Զուլֆիքար Ալի Պութոյի՝ քաղաքական գործիչին եւ 1970-ական թուականներուն Փաքիստանի ապագայ նախագահի եւ վարչապետի․ Փաքիստանի հազուագիւտ ոչ-զինուորական կառավարութիւններէն մէկուն՝ երկրին անկախութենէն ետք։ Տնտեսագիտութիւն, իրաւագիտութիւն եւ փիլիսոփայութիւն ուսանած է Հարվըրտի եւ Օքսֆորտի մէջ։ Փաքիստան վերադառնալով, թէեւ սկիզբը դժկամ էր քաղաքականութեամբ զբաղելու, սակայն կը ներգրաւուի 1977-ի յեղաշրջումէն ետք, ուր Զիա Ուլ Հաք զօրավարը պետական հարուածով իշխանութիւնը կը գրաւէ եւ իր հրամանով Պենազիրին հայրը կը ձերբակալուի եւ մահապատիժի կ՛ենթարկուի։ Իսկ ինք կը ձերբակալուի եւ կը բանտարկուի մեկուսացման մէջ։ Երբ ազատ կ՛արձակուի, Անգլիա կ՛ապաստանի, ուր Փաքիստանի Ժողովրդական Կուսակցութեան (կուսակցութիւնը, որ հիմնած էր իր հայրը) աքսորուած առաջնորդը կը դառնայ։

1989, Ուաշինկթոն, Ա․Մ․Ն․ - Պենազիր Պութօ

Զօրավար-նախագահին մահէն ետք (1986), Պենազիր Փաքիստան կը վերադառնայ։ 1986-ին ան երկրին փոխ-նախագահը կը դառնայ, իսկ 1988-ին կ՛ընտրուի Փաքիստանի վարչապետ։ Պատմութեան մէջ առաջին անգամն էր որ Իսլամական երկրի մը վարչապետը կին ընտրուի։ 1990-ին Փաքիստանի նախագահը կը դադրեցնէ անոր կառավարութիւնը իրաւասութեան չարաշահման եւ կաշառակերութեան մեղադրանքներով, եւ յաջորդ ընտրութիւններուն Պենազիր կը պարտուի։ 1993-ին ան նորէն վարչապետ կ՛ընտրուի։ Սակայն, 1996-ին կառավարութենէն դուրս կը մղուի երբ իր ամուսնինը՝ Ասիֆ Զարտարի կաշառակերութեամբ եւ իրաւասութեան չարաշահումով կը մեղադրուի։

Մինչեւ 2007-ին աքսորուած կ'ապրէր Լոնտոնի եւ Տուպայի մէջ իր դէմ եղած կաշառակութեան մեղադրանքներուն պատճառով, որոնք սակայն երբեք չէին ապացուցուած։ 2004-ին իր ամուսինը գրաւականով ազատ կ՛արձակուի։ 2007-ին Փաքիստանի կառավարութիւնը չեղեալ կը համարէ իր դէմ եղած մեղադրանքները, թոյլ տալով որ ան վերադառնայ Փաքիստան եւ ընտրութիւններուն մասնակցի։ Իր վերադառնալու որոշումը պատահական չի թուիր, որովհետեւ ան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն հետ կապեր հաստատած էր։

6 Դեկտեմբեր 2007, Պենազիր Պութօ կ՛այցելէ Կոլրա Շարիֆ քաղաքը

18 Հոկտեմբեր 2007-ին Գարաչիի մէջ իր ընդունելութեան օրը, մահապարտի մը կողմէ ռմբակոծում մը տեղի կ՛ունենայ, որուն հետեւանքով 140 հոգի կը սպաննուին: Այդ ժամանակ Պենազիր կը փրկուի: Սակայն նոյն տարուան 27 Դեկտեմբերին, Ռաւալփինտիի մէջ իր նախընտրական հաւաքին ընթացքին մահապարտ մը զայն կը սպաննէ՝ նախ երեք անգամ գնդակահարելով զինք, ապա պայթեցնելով պայթուցիկներ եւ մահուան առաջնորդելով 16 հոգի եւս, որոնցմէ մի քանին Պենազիր Պութոյի պահակախումբին անդամներն էին, համաձայն՝ Փաքիստանի Ներքին Գործոց Նախարարութեան պաշտօնական յայտարարութիւններուն: Իսկ Սքոթլանտ Եարտի զեկոյցին համաձայն, իր մահը յառաջ եկած է ռումբի պայթումին պատճառով գլխուն ստացած հարուածէ մը եւ ոչ թէ գնդակէ մը, ինչպէս իր կուսակցութիւնը պնդած է։ Մինչդեռ Պութոյի դէմ յարձակումը մէկ անձ կատարած էր, եւ ոչ թէ երկուք, ինչպէս սկիզբին ըսուած էր: Յարձակողը սկսած է կրակել Փաքիստանցի քաղաքական գործիչին վրայ եւ միաժամանակ պայթեցուցած է պայթուցիկներ։

Պենազիր Պութօ հիւանդանոցին մէջ նոյն օրուան կէսօրին կը մահանայ իր ստացած վէրքերուն պատճառով: Փաքիստանի կառավարութիւնը շտապով կը մատնանշէ իբրեւ մարդասպաններ Թալիպանն ու Ալ Քայիտան, դիրքորոշում մը, որ չեն բաժներ ԱՄՆ, ինչպէս նաեւ Ալ Քայիտան՝ որ ժխտած է կազմակերպութեան միջամտութեան մասին լուրը։ Անոր սպանութենէն ետք, խռովութիւններ կը բռնկին Փաքիստանի ամբողջ տարածքին, մինչ կառավարութիւնը եռօրեայ սուգ կը հռչակէ։

Պենազիր Պութօ թաղուած է ընտանիքին դամբարանին մէջ՝ Սինտհ նահանգի Սուքուր քաղաքին մէջ։ Ան ամուսնացած էր նոյնպէս քաղաքական գործիչ Ասիֆ Ալի Զարտարիին հետ եւ ունէր երեք զաւակ։ Անոր ամուսինը մեղադրուած էր Պութոյի կառավարութեան մէջ կաշառակերութեան համար, ուր ստանձնած էր պարտականութիւններ, սակայն ազատ արձակուած։

Պենազիր, Պութօ քաղաքական ընտանիքին վերջին գործօն անդամն էր։ Իր եղբայրը՝ Սանաուազ Պութօ, որ նոյնպէս գործօն քաղաքական անդամ էր եւ Զիայի ռազմական վարչակարգէն ձերբակալութենէ փախուստ տուած էր, անոր արտաքսման ժամանակաշրջանին՝ 1985-ին, մեռած գտնուած է Ֆրանսական Ռիվիերայի իր բնակարանին մէջ, իսկ ոճիրը երբեք չէ բացայայտուած։ Իր միւս եղբայրը՝ Մուրթազա Պութօ, որ իրենց հօրը մահապատիժէն ետք փախած էր Աֆղանիստան, եւ հոնկէ փորձած էր պայքարիլ իր երկրին ռազմական վարչակարգին դէմ, աւելի ուշ, երբ Փաքիստան կը վերադառնայ գործօն քաղաքական կեանք կ՛ունենայ մինչեւ 1996, երբ կը սպաննուի։

[3] [4] [5] [6] [7] [8] [9] [10] [11]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Deutsche Nationalbibliothek Record #118852477 // Gemeinsame Normdatei — 2012—2016.
  2. LIBRISՇուէտի Ազգային Գրադարան, 2012.
  3. Բրիտանական հանրագիտարան․ Պենազիր Պութօ, 9-10-2017(անգլերէն)
  4. Պենազիր Պութօ, կենսգրական, 27-12-2007, Անտրէաս Ռոդիթիս(յունարէն)
  5. Սպանուեցաւ Պենազիր Պութօ,ΑΝΤ1 28 Դեկտ․ 2007 (յունարէն)
  6. Պութոյի սպաննութենէն ետք, խռովումներ Փաքիստանի մէջ, 29-12-2007
  7. Արեւելքի դուստր․ ինքնակենսագրութիւն՝ Պենազիր Պութօ(անգլերէն)
  8. The New York Times-"BOOKS OF THE TIMES․ Պենազիր Պութօ հեղինակ, ողբերգութեամբ ու հակասութիւններով լեցուն կեանքի պատմութիւն մը։James, Caryn(անգլերէն)
  9. TRIBUNE, «Խորհրդանիշի մը մահը» 25-10-2011(անգլերէն)
  10. The New York Times-ԿԻՆ ՄԸ ԼՈՒՐԵՐՈՒN. Վճռակամութեան Դուստր(անգլերէն)
  11. Journal of Sindhi Studies-Առաջադիմութենէ անդին կամ Անյաջողութենէ. Սինտհի Ազգայնականութիւնը Եւ «Սինտհի Գաղափարի» Սոսիալական Կառուցումը, Julien Levesque, 12-11-2021(անգլերէն)