Jump to content

Պեթի Ուիլիամս

Պեթի Ուիլիամս
անգլերէն՝ Betty Williams
Ծնած է 22 Մայիս 1943(1943-05-22)[1][2][3][…]
Ծննդավայր Պել­ֆասթ, Միացեալ Թագաւորութիւն[4]
Մահացած է 17 Մարտ 2020(2020-03-17)[5] (76 տարեկանին)
Մահուան վայր Պել­ֆասթ, Միացեալ Թագաւորութիւն
Քաղաքացիութիւն  Միացեալ Թագաւորութիւն
Կրօնք Կաթոլիկութիւն
Ուսումնավայր St Dominic's Քերականութեան աղջկանց դպրոց
Մասնագիտութիւն խաղաղասէր
Աշխատավայր Nova Southeastern համալսարան և Sam Houston Պետական համալսարան
Անդամութիւն Նոպէլեան Կանանց Նախաձեռնութիւն[6]
Ամուսին Ռալֆ Ուիլիամս և Ճէյմս Փերքինս

Էլիզապէթ Ուիլիամս (ծնեալ Սմիթ. 22 Մայիս, 1943, Պելֆասթ17 Մարտ, 2020) Հիւսիսային Իրլանտայէն՝ Պելֆասթ ծնած ու հասակ նետած խաղաղութեան հասարակական գործիչ։ 1976-ին Մէյրիտ Գորիկանի հետ արժանացած է Նոպելի Խաղաղութեան մրցանակին «Խաղաղութեան Ժողովուրդի համանք»ի համահիմնադիր ըլլալուն համար․ կազմակերպութիւն մը, նուիրուած՝ Հիւսիսային Իրլանտայի բախումներուն խաղաղ լուծման։ Ուիլիամս Նոպէլեան Մրցանակակիրներու Գագաթնաժողովին հիմնադիրներէն էր, որ 2000-էն ի վեր ամէն տարի տեղի կ'ունենայ։

Խաղաղութեան դիմում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ուիլիամս հանրային ասպարէզ մուտք գործած է 1976 Օգոստոս 10-ին երեք երեխաներու մահուան ականատես ըլլալէ ետք, երբ անոնց մեքենա մը զարկաւ որուն վարորդն էր Տանի Լենոն անունով Իրլանտական Հանրապետական Բանակի (IRA) ժամանակաւոր անդամ մը, որ մահացուօրէն գնդակահարուած էր Թագաւորական Սահմանապահ գունդի զինուորի մը կողմէ։ Երբ դէպի իր տան անկիւնը դարձաւ, տեսաւ թէ ինչպէս երեք Մակուայր զաւակները ջախջախուեցան ճամբէն շեղծ կառքին տակը ու օգնութեան շտապեց։ Անոնց մայրը՝ Անն Մակուայր, որ արկածի պահուն իր զաւակներուն հետ էր, ինքնասպան եղաւ Յունուար 1980-ին։

Ուիլիամս այնքան խռոված էր պատահարէն, որ ողբերգական դէպքէն երկու օր ետք, խաղաղութիւն կոչող դիմումագիրի մը վրայ 6 000 ստորագրութիւն հաւաքեց եւ լրատուական լայնածաւալ ուշադրութիւն գրաւեց: Գորիկանին հետ համահիմնադիրն էր «Կանայք յանուն խաղաղութեան» կազմակերպութեան, որ, յետագային Սիարան ՄաքՔէոնի հետ միասին, դարձաւ «Խաղաղութեան Ժողովուրդներու Համայնքը»։

Ուիլիամս կը գլխաւորէր «Երկրագունդի Մանուկներու Հիմնադրամ»ը ու նախագահն էր «Միջազգային Երեխաներու Համար Գթասրտութեան Համաշխարհային Կեդրոն»ին։ Ան նաեւ նախագահն էր Ուաշինկթըն Տի.Սի.-ի Ասիական Ժողովրդավարութեան հիմնարկին։ Ան լայնօրէն դասախօսութիւններ տուած էր խաղաղութեան, կրթութեան, միջմշակութային եւ միջկրօնական փոխըմբռնումի, հակա-ծայրայեղականութեան եւ մանուկներու իրաւունքներու նիւթերու շուրջ։

Ուիլեամս շուտով կազմակերպեց խաղաղ երթ դէպի մահացած երեխաներուն գերեզմանները, ուր ներկայ գտնուեցան 10 000 բողոքական եւ կաթոլիկ կիներ։ Սակայն, խաղաղ երթը բռնօրէն խափանուեցաւ IRA-ի անդամներուն կողմէ բռնօրէն խափանուեցաւ․ անոնք իրենց մեղադրեցին որպէս «բրիտանացիներուն դիւրախաբներ»։ Յաջորդող շաբաթը, Ուիլեամս առաջնորդեց ուրիշ երթ մը Օրմէօ Պուրակին մէջ, որ յաջողութեամբ աւարտեցաւ առանց պատահարի՝ 20 000 մասնակիցներով։

Նոպելի խաղաղութիւն մրցանակ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2006-ին, Ուիլիամս, Նոպէլեան Խաղաղութեան մրցանակակիրներ՝ Մէյրիտ Գորիկան Մակուայրի, Շիրին Էպատիի, Ուանկարի Մաաթայի, Ճոտի Ուիլիամսի եւ Ռիկոպերտա Մենչու Թումի հետ միասին «Նոպէլեան Կանանց Նախաձեռնութիւն» հիմնադիրներէն մէկը կը դառնայ։ Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաներ, Մերձաւոր Արեւելք, Եւրոպան եւ Ափրիկէ ներկայացնող այս վեց կիները, միացեալ ջանքերով իրենց փորձառութիւնները միաւորեցին արդարութիւն՝ հաւասարութեան եւ խաղաղութեան համար։ «Նոպէլեան Կանանց Նախաձեռնութեան» նպատակն է օգնել զօրացնելու աշխարհի մէջ կանանց իրաւունքներուն ի նպաստ կատարուող աշխատանքները։ Ուիլիամս նաեւ «PeaceJam»-ի անդամ էր։ Խաղաղութեան համար իր տարած ջանքերուն համար, Ուիլիամս 1977-ին, Մէյրիտ Գորիկան Մակուայրին հետ կ՛արժանանան Նոպելի Խաղաղութեան Մրցանակին։

Ուրիշ մրցանակներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Ժողովուրդի Խաղաղութեան Մրցանակ, 1976
  • Ամերիկեան Նուաճումներու Ակադեմիայի «Ոսկէ ափսէ» մրցանակ, 1977
  • Շուայցերի Արիութեան Մետալ, 1984
  • Մարտին Լութեր Քինկ Կրտսերի Մրցանակ, 1984
  • Էլէանոր Ռուզվելթի Մրցանակ, 1984
  • Ֆրանք Հիմնադրամ Մանուկներու Հոգատարութեան Միջազգային Օլիվըր, 1984
  • Ռոթարի Միջազգային․ «Փոլ Հարիսի Ընկերակցութիւն» եւ «Միասին յանուն Խաղաղութեան Կառուցման Մրցանակ», 1995

[7] [8] [9] [10]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]