Jump to content

Պարսկահայք

Պարսկահայք՝ Մեծ Հայքի Նահանգներէն

Պարսկահայք, նահանգ Մեծ Հայքի կազմին մէջ[1]: Կ'ընդգրկէր Կապուտան լիճի հիւսիսային եւ արեւմտեան առափնեայ շրջանները։ Սահմանակից էր Կորճայք եւ Վասպուրական նահանգներուն։ Արշակունիներու թագաւորութեան օրօք կը կազմէր Նոր Շիրական բդեշխութեան հիմնական մասը։

Պարսկահայք անունը առաջին անգամ յիշատակուած է «Աշխարհացոյց»-ին մէջ, իսկ անոր Հեր եւ Զարեւանդ գաւառները կը յիշատակուին հին ժամանակներէն եւ շատ յաճախ։ Պարսկահայքը գրաւած է Ուրմիոյ լիճի արեւմտեան եւ հիւսիսային առափնեայ շրջանները[2]։ Նահանգը շրջապատուած էր Ուրմիա լիճով եւ Կորճէք ու Վասպուրական «աշխարհ»-ներով։ Պարսկահայքի մէջ շատ տարածուած էին ցիռը եւ այծեամը։ Պարսկահայքի Հեր եւ Զարեւանդ քաղաքներու բնակչութեան ճնշող մասը կը կազմէին հայերը, իսկ հարաւային մնացած գաւառներուն մէջ բաւական թիւ կը կազմէին նաեւ ատրպատականցիները[3]։

Պարսկահայքը թէ՛ Արտաշէսեաններու եւ թէ՛ Արշակունիներու թագաւորութեան շրջանին միացուած էր Հայկական պետութեան։ Հայաստանի առաջին բաժանումի ժամանակ (387 թուական) Պարսկահայքը միացաւ Ատրպատականին եւ անոր կազմին մէջ մնաց մինչեւ վերջ, բացառութեամբ Հեր, Զարեհաւան եւ Զարեւանդ գաւառներու ու քանի մը այլ շրջաններու, որոնք 9-11-րդ դարերուն կը մտնէին Վասպուրականի թագաւորութեան մէջ։

Վարչական բաժանում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ըստ «Աշխարհացոյց»-ին, Պարսկահայքը կազմուած էր 9 գաւառներէ.-

  • Թադէոս (Թադիկ) Յակոբեան, «Հայաստանի Պատմական Աշխարհագրութիւն», Երեւան, 2007։
  • «Հայաստանի Ազգային Ատլաս», հատոր Բ., Երեւան, 2008։
  • Հայաստանի եւ յարակից շրջաններու տեղանուններու բառարան, հատոր 1-5, Երեւան, 1986-2001։

Արտաքին Յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • «Հայաստանի Ազգային Ատլաս», հատոր Բ., Երեւան, 2008։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Մեծ Հայքի վարչական բաժանումը» 
  2. ««Հայաստանի Ազգային Ատլաս», հատոր Բ.»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2022-09-06-ին։ արտագրուած է՝ 2025-05-18 
  3. «Հայաստանի Պատմական Աշխարհագրութիւն», Երեւան 2007, 518 էջ https://issuu.com/90201/docs/.bf89a06fad3ba6[permanent dead link]
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։