Պարոյր Յովհաննէս Աղպաշեան

Պարոյր Յովհաննէս Աղպաշեան
Ծնած է 11 Սեպտեմբեր 1945
Ծննդավայր Պէյրութ, Լիբանան
Քաղաքացիութիւն Լիբանան
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Առաքելական
Ուսումնավայր Հայ Աւետարանական Գոլէճ
Երեւանի պետական համալսարանի հայ բանասիրութեան բաժանմունք
Մասնագիտութիւն Բանասիրական ճիւղ, հայոց լեզուի ու գրականութեան բաժին, Մագիստրոսի աստիճան, Մեսրոպ Մաշտոց համալսարանի մարդասիրական գիտութիւններու գծով, Դոկտորականի կոչում
Աշխատավայր Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն
Հայկազեան Համալսարան
Ամուսին  Անի Թոփուշեան-Աղպաշեան
Ծնողներ Յովհաննէս Աղպաշեան եւ Մարի Կէպէշեան-Աղպաշեան
Երեխաներ Երկու դուստր՝ Շողեր եւ Հերա

Պարոյր Յովհաննէս Աղպաշեան Ազգային-հասարակական-մշակութային կրթական գործիչ, հրապարակագիր-խմբագիր, լրագրող, բանասէր, լեզուագէտ, գրականագէտ, գիրքերու հեղինակ, դասախօս, կրթական մշակ:

Շուրջ յիսուն տարուան վաստակ, անկախաբար այլազան մարզերէ ներս իր ունեցած գործօն եւ հետեւողական դերակատարութիւններէն, յատկապէս հայ մամուլի գծով դառնալով մնայուն ներկայութիւն մը, թէ՛ հայրենիքի, թէ՛ սփիւռքի, բայց, մանաւանդ լիբանանահայ իրականութենէն ներս: Ծանօթ հեղինակութիւն մը եղած է Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեանց եւ անոնց զարգացման մէջ:

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Եղած է երէց որդին՝ հանրածանօթ ժողովրդական ու հեղինակային ազգային, խմբագիր, հասարակական գործիչ, արաբագէտ, երգիծաբան Յովհաննէս Աղպաշեանին եւ եղբայրը՝ հայ եւ արաբ շրջանակներուն մօտ յարգանք վայելող ՝ հոգեբան – հոգեբոյժ Բժիշկ Եսայի Աղպաշեանին:

Պարոյր Աղպաշեան քիչերէն մէկն է, որոնք գիտութիւն ամբարելով Երեւանի Պետական համալսարանին մէջ, վերադարձան սփիւռքահայ գաղթօճախներըՙ իրենց իւրացուցած կենսաբուխ գիտութիւնը ի սպաս դնելու իրենց ժողովուրդինՙ մշակելով գրականութիւն մը, որ նուիրում է Հայ դատին, հայ մշակոյթին, հայ պանծալի ոգիին, անոնց ծառայելով իրենց ողջ կարելիութիւններով:
- Աւետիս Եափուճեան

[1]

Պարոյր Աղպաշեան կ’արծարծէ մտաւորականութեան զօրակցելու հարցը: Ազգերու, մանաւանդ մեր ազգին մէջ մտաւորականութեան կարեւոր դերը բացատրելէ ետք, ան կ’ըսէ. «Մտաւորականութիւնը անփոխարինելի ներուժ մը եղած է հայ ժողովուրդին համար, զայն կենսաւորողը ու շնչաւորողը… Պարզապէս` այն անվիճելիութեամբ, որ անիկա հայկական ինքնութեան արմատաւորման ու պահպանման մէջ կը գրաւէ իւրայատուկ տեղ եւ կոչուած է մասնայատուկ դերակատարութեան» («Դիտարկումներ Եւ Դատումներ» էջ 185-187): Մտաւորականութիւնը յաճախ ինքզինք կը գտնէ դժուարին կացութեան մը դիմաց (եկամտային, կենցաղային, ընկերային, միջավայրային եւ այլն): Հեղինակը կը խօսի նաեւ մտաւորականներու նօսրացումի եւ ամլացումի երեւոյթներուն մասին: Ըստ հրապարակագիրին, ամէնէն վատ բանը եղած է անփափկանկատ վերաբերմունք ունենալը մտաւորականութեան հանդէպ, եւ կ’եզրակացնէ. «Այս յարգելի դասակարգը պէտք ունի գործնական, բարոյական եւ առարկայական ազդո՛ւ զօրակցութեան»:
- ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԻՍԿԱՀԱՏԵԱՆ


Կրթութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Հայ Աւետարանական Գոլէճ (շրջանաւարտ): Երեւանի Պետական Համալսարանի Բանասիրական ճիւղ, հայոց լեզուի ու գրականութեան բաժին, Մագիստրոսի աստիճան:

ԱՄՆ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Մեսրոպ Մաշտոց համալսարանի մարդասիրական գիտութիւններու գծով, Դոկտորականի կոչում (2009):

Պաշտօններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • ՀԲԸՄի Կեդրոնական գրասենեակ
  • ՀԲԸՄի Դարուհի-Յովակիմեան վարժարան
  • ՀԲԸՄի Երուանդ Հիւսիսեան Հայագիտական Հիմնարկ
  • Հայկազեան Համալսարան այցելու դասախօս

Աշխատանքային Մարզեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

• 1970-1988, ՀԲԸՄի գրասենեակէն ներս պատասխանատու պաշտօններ (դիւանապետ, Կրթական Յանձնախումբի վարիչ քարտուղար):

• 1972-1990, Հիւսիսեան Հայագիտական հիմնարկին մէջ դասախօս՝ հայոց լեզուի պատմութիւն, հայ մանկավարժութեան պատմութիւն, հայ մատենագրութեան պատմութիւն, իսկ 1988-1990՝ նոյն հիմնարկի տեսուչ:

• 1973-1989, ՀԲԸՄ-ՀԵԸի «Խօսնակ» ամսաթերթի պատասխանատու խմբագիր:

• 1974-1997, ԹՄՄ «Շիրակ» արուեստի ու գրականութեան ամսագիրի խմբագրական կազմի անդամ, իսկ ներկայիս, «Կամար» գրականութեան պարբերաթերթի խմբագրական կազմի անդամ:

• 1999էն ի վեր, ՀԲԸ Միութեան Դարուհի-Յովակիմեան վարժարանի վերի կարգերու դասատու (հայ ժողովուրդի պատմութիւն եւ գրականութիւն»:

• 1990-2007, «Զարթօնք» օրաթերթի պատասխանտու խմբագիր:

• 1985-1992 եւ 2007-2016, Հայկազեան համալսարանի այցելու (լրագրութեան ու մամուլի գործնական դասընթացք, մատենագրութիւն, հայ ժողովուրդի բանահիւսութիւն):

• Հայրենական, ազգային, գաղութային հրատապ հարցերու շուրջ, բանախօսութիւններով հանդէս եկած՝ Լիբանան, Սուրիա, Յորդանան, Կիպրոս, Յունաստան, Հայաստան, Ամերիկա, Գանատա):

• Խորհրդային շրջանին հրաւիրուած եւ ելոյթ ունեցած Սփիւռքի կոմիտէի հաւաքներուն, նաեւ անկախութեան շրջանին՝ խորհրդաժողովներուն:

• Աշխատակցած է նաեւ «Արարատ» եւ «Ազդակ» օրաթերթերուն, «Նոր Կեանք» եւ «Նոր Օր» շաբաթաթերթերուն (Լոս Անճելըս), իսկ այժմ՝ մնայուն աշխատակից է «Պայքար» շաբաթաթերթին (Պոսթոն):

Հրատարակուած Գիրքեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

• «Ներխուժուած Լիբանանի Աննկուն Կամքը», Պէյրութ 2006:

• «Արեւմտահայ Գրողներու լեզուամտածողութիւնն ու բառապաշարային շերտաւորումները», Պէյրութ, 2006: (Գինեձօն՝ ՀԲԸՄի կեդրոնին մէջ):

• «Ապրուած Հրապարակագրութիւն՝ Յետադարձ Հայեացքով», Ա. Հատոր, Պէյրութ, 2008: [2]

• «Ապրուած Հրապարակագրութիւն՝ Յետադարձ Հայեացքով», Բ. Հատոր, Պէյրութ, 2009:

• «Ապրուած Հրապարակագրութիւն՝ Յետադարձ Հայեացքով», Գ. Հատոր, Պէյրութ, 2010:

• «Պատառիկներ՝ Մեծերէն», Պէյրութ, 2011:

• «Մամլոյ ընտրանի գրութիւններ» (ԱՐԱԲԵՐԷՆ), Պէյրութ, 2011: (Գինեձօն՝ Հայկազեան Համալսարանի մէջ):

• «Հրապարակախօսական-Բանախօսական-Գրախօսական Ընտրանի Էջեր», Պէյրութ, 2012:

• «Երեւանի Պետական Համալսարան (95 ամեակ) – երախտաւոր դասախօսներ (դիմաքանդակային հպումներ)» Պէյրութ, 2015: (Գինեձօն՝ Երեւանի Պետական Համալսարանին մէջ):

• «Դիտարկումներ ու Դատումներ», Պէյրութ, 2016:[3]

• «Յովհաննէս Աղպաշեան՝ Մարդը, Գրողը, Թարգմանիչը, Հրապարակագիրը, Քաղաքական Գործիչը, Երգիծագիրը», Պէյրութ, 2017:

• «Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեան՝ Մարդն ու Գործը» Պէյրութ, 2018:[4]

• «Ազգային հրատապ հիմնահարցեր (Մամուլ, լեզու, դպրոց-ուսուցչութիւն, մտաւորականութիւն)», տպարան Zincograph Kesdenian, Պէյրութ, 2019 (հրապարակագրութիւն):[5]

Անդամակցութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

• Լիբանանի խմբագիրներու Սենտիքա • Լիբանանի Մամլոյ Սենտիքա • Արաբ Մամլոյ Ընկերակցութիւն • Հայաստանի Ժուռնալիստներու Միութիւն • Միջազգային Լրագրողներու Միութիւն • Թէքէեան Մշակութային Միութիւն • Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն • Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութիւն

Վկայութիւններ՝ Վաստակին ու Հրատարակութիւններուն Մասին[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

• Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոս • Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա. • Պերճ Սեդրակեան՝ Նախագահ ՀԲԸ Միութեան • Մ. Հայկենց (Նիւ Ճըրզի) • Զարեհ Խրախունի (Իսթանպուլ) • Մըլհէմ Քարամ (խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ) • Մուհամմէտ Պալպէքի (Մամլոյ Սենտիքայի նախագահ) • Լեւոն Շառոյեան (Հալէպ) • Թորոս Թորանեան (Հալէպ) • Աւետիս Եափուճեան (Սիտնի) • Շահանդուխտ (Պէյրութ) • Էօժէնի Դանիէլեան (Հալէպ) • Մեթր Գասպար Տէրտէրեան (Պէյրութ) • Վեր. Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան (Պէյրութ) • Պէպօ Սիմոնեան (Պէյրութ) • Դոկտ. Վաչէ Ղազարեան (Պոսթոն) • Արա Արծրունի (Պէյրութ) • Երուանդ Պապայեան (Լոս Անճելըս) • Դոկտ. Մինաս Գոճայեան (Լոս Անճելըս) • Ժիրայր Դանիէլեան (Պէյրութ) • Երան Գույումճեան (Կիպրոս) • Ժիրայր Նայիրի (Պէյրութ) • Հոգշ. Գր. Չիֆթճեան (Պէյրութ) • Սարգիս Կիրակոսեան (Պէյրութ)

Շքանշաններ, Պատուոյ գիրեր, Գնահատանքի գիր եւ մետալներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

• Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Էն "Սուրբ Սահակ եւ Սուրբ Մեսրոպ" շքանշան եւՊատուոյ վկայագիր (2004)Էջմիածին

• «Վահան Թէքէեան»ի անուան մրցանակ, վկայագիր Դամասկոսի շրջանակ (2006):

• Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ՝ Զոր. Էմիլ Լահուտէն՝ Լիբանանի Մայրիներու Արժանեաց Շքանշան ու Պատուոյ Վկայական (2007):

• «Խօսնակ» ամսագիրի 50 ամեակին առիթով, ՀԲԸ Միութեան եւ ՀԵ Ընկերակցութեան կողմէ գնահատանքի յուշատախտակ (2008):

• 40 ամեայ վաստակին, գործունէութեան ու դերակատարութեանց առիթով, նշում ու մեծարում՝ Լոս Անճելըսի եւ Մոնթրէալի մէջ (2011):

Լիբանանի Մամլոյ սենտիքայի նախագահութենէն, գնահատանքի յուշատախտակ (2012):

• Սփիւռքի Նախարարութենէն՝ «Մայրենիի Դեսպան» մետալ (2016):

• «Խօսնակ» ամսագիրի 60 ամեակին առիթով, Հայաստանի վարչապետ՝ Պրն. Կարէն Կարապետեանէն, վարչապետական շքանշան, յուշատախտակ ու գնահատանքի գիր (2018):

• Պատուոյ գիրեր եւ յուշատախտակներ՝ Լիբանանի, Յունաստանի, Լոս Անճելըսի ու Մոնթրիալի շրջաններէն:

Պատկերասրահ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]