Jump to content

Պատմավէպ

Պատմավէպ կամ Պատմական վէպ պատմութեան դէպքերը իբրեւ գեղարուեստական նիւթ վերցուցած գրական գործ։ Պատմավէպը վէպի այն տեսակն է, որ կառուցուած կ՚ըլլայ պատմական նիւթի վրայ եւ գեղարուեստական ձեւով կը ներկայացնէ որեւէ դարաշրջան, պատմութեան որոշակի ժամանակահատուած։[1] Պատմավէպին մէջ պատմական իրականութիւնը կը համադրուի գեղարուեստականի հետ, պատմական փաստը՝ գեղարուեստական հնարանքի, իրական պատմական դէմքերը՝ մտացածին կերպարներու, իսկ մտացածինը տեղադրուած է նկարագրուող ժամանակահատուածի սահմաններէն ներս։ Պատմավէպին մէջ բոլոր պատմութիւնները կը ծաւալուին են պատմական իրադարձութիւններու հեռանկարին մէջ։[2]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Հայոց լեզուի նոր բառարան, Գնէլ արքեպիսկոպոս Ճէրէճեան, Փարամազ Կ. Տօնիկեան եւ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան»։ www.nayiri.com։ արտագրուած է՝ 2025-10-20 
  2. «Благой. Исторический роман // Словарь литературных терминов. Т. 1. — 1925 (текст)»։ feb-web.ru։ արտագրուած է՝ 2025-10-20