Jump to content

Պատկեր (թերթ)

«Պատկեր», կինոարուեստին նուիրուած հայկական առաջին պարբերական, ապա՝ գրական, երգիծային, գեղարուեստական շաբաթաթերթ, վերջը՝ կիսամսեայ հանդէս։

Լոյս տեսած է 1927 թուականին Կոստանդնուպոլսոյ մէջ։ Արտօնատէր՝ Երմոգ Գույումճեան, պատկերասրահի տնօրէն՝ Նուպար Խաչատուրեան։

9-րդ համարէն միացած է «Անուշապուր» (Կոստանդնուպոլիս, 19261927 թուականներ) շաբաթաթերթին եւ, պահպանելով համարակալումը, տպագրուած «Անուշապուր-Պատկեր» անունով (1927–1928 թուականներ)։ Խմբագրապետ՝ Բագարատ Թեւեան, արտօնատէր եւ պատկերասրահի տնօրէն՝ Երուանդ Պարոնեան։

19311945 թուականներուն շարունակած է լոյս տեսնել ընդհատումներով։ Խմբագիր՝ Ժիրայր Վարժապետեան, 1932 թուականէն արտօնատէր՝ Երմոգ Գոյումճեան, վարիչ-խմբագիր՝ Աւետիս Ալիքսանեան։

19441945 թուականներուն հրատարակուած է որպէս ստամպուլահայ նոր գրողներու պարբերական։ Լուսաբանած է ստամպուլահայ համայնքի կեանքը, անդրադարձած է համաշխարհային մշակոյթին եւ գիտութեան, սոցիալ-հասարակական վերափոխումներուն։

Առաջին տարիներու նիւթերը հիմնականին նուիրուած են կինոյի նորութիւններուն, ժամանակի նշանաւոր դերասաններուն։ Գրական բաժինին մէջ տեղ գտած են հայ գրողներու եւ համաշխարհային դասականներու (Օսկար Ուայլտ, Միխայիլ Լերմոնտով, Ստեֆան Ցուայգ) ստեղծագործութիւններ։

Ունեցած է նաեւ գիտութեան, երգիծանքի բաժիններ։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։ 
Այս յօդուածի կամ անոր բաժնի որոշակի հատուած վերցուած է «Հայ գրատպություն և գրքարվեստ» հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են՝ Քրիեյթիվ Քոմմոնս Նշում-Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։