Պատկերագրութիւն
Արտաքին տեսք
Պատկերագրութիւն, գիրի տեսակ է:
Նկարագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գիրեր նախատիպը համարուած է ժայռերու պատկերագրութիւնը: Հին քարէ դարու կիսավայրենի մարդը իր առօրեայ զբաղումները սքանչելիօրէն կրցած է դրոշմել ժայռերու վրայ, ցուցաբերելով ճաշակ, նրբութիւն եւ արուեստ: Գիտական գրականութեան մէջ այս ժայռապատկերներուն կու տան Պիտրոկլիֆ եւ Պիկտոկրամ անունները: Պիտրոկլիֆ միայն նկարներէ կը բաղկանայ, մինչդեռ Պիկտոկրամը կը ներառէ նաեւ երկրաչափական տարրեր: Չ. Լռուկոտկա Պիկտոկրամ եւ Պիկտոկլիֆ գրատեսակները կը համարէ գիրի սկզբնական տեսակները. «Իրաւացի են այն հետազօտողները, կը գրէ ան նամակի մը մէջ, որոնք Պիկտոկրամներուն մէջ կը տեսնեն գիրի զարգացման առաջին աստիճանը:
Աղբիւր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Գլաձոր» Տարեգիրք Դպրեվանքի, 1992, ե. Տարի, Պիքֆայա