Պասքէթպոլ
Պասքէթպոլ կամ Կողովագնդակ (անգլ.՝ Basket-կողով եւ Ball-գնդակ բառերէ), խմբային մարզաձեւ մըն է, որ կը խաղցուի իրարու դէմ մրցող երկու խումբերու միջեւ, ընդհանրապէս քառանկիւնաձեւ փակ դահլիճներու մէջ: Իւրաքանչիւր խումբ կը բաղկանայ՝ 5 խաղացողներէ։ Խաղին նպատակը հակառակորդ խումբին «կողովին» մէջ գնդակը նետելն է[1]:
Պատմութիւնը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ծագում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
1891-ին, խաղին գաղափարը յղացած է Ամերիկայի Մասաչուսեց նահանգին Սփրինկֆիլտ քոլէճին մարզանքի ուսուցիչ Ճէյմս Նէյսմիթը (1861-1939)։ Վերջինիս յանձնարարուած էր ստեղծել փակ դահլիճի մէջ տեղի ունեցող հետաքրքրական խաղ մը, որմով ուսանողները կրնային զբաղիլ ձմրան ամիսներուն։
Նէյսմիթ կ'ընտրէ երկու դեղձի կողովներ եւ կը զանոնք կը զետեղէ խաղահրապարակին պատշգամին։ Կողովներուն բարձրութիւնը այնքան ճիշդ էր, որ մինչեւ օրս նոյն բարձրութիւնը կը կիրարկուի։ Առաջին խաղերը խաղացուած են ֆութպոլի գնդակով, եւ ամէն անգամ գնդակը կողովէն հանելու համար, շարժական սանդուխներ օգտագործած են:
Խաղին Առաջին Կանոնները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Նէյսմիթ կը ճշդէ Խաղին առաջին կանոնները եւ զանոնք կը տպագրէ «Եռանկիւն» ամսագիրին մէջ, 15 Յունուար 1892-ին՝ «Նոր խաղ» վերնագիրով։
Սկզբնական տարիներուն, խաղացողներուն թիւը կը տարուբերէր 5-էն 9-ի միջեւ, ըստ դաշտին տարածութեան: Սակայն 1895-էն ի վեր, վերջնականապէս կ'ընդունուի 5-ը:
1 Նոյեմբեր 1946-ին, Քանատայի մէջ տեղի կ'ունենայ կողովագնդակի առաջին մրցաշարքը՝ BAA անունով, ներկայիս՝ National Basketball Association (NBA), որ Հիւսիսային Ամերիկայի մարզական առաջնութիւններու մեծ քառեակին մաս կազմող կողովագնդակի Ազգային Կազմակերպութիւն մըն է:
Առաջին խաղը տեղի կ'ունենայ New York Knicks եւ Toronto Huskies-ի միջեւ, 7000 հանդիսատեսներու ներկայութեամբ, որոնց մեծ մասը ոչ մէկ գաղափար ունէր խաղէն: New York Knicks խումբը յաղթական դուրս կու գայ՝ 68-66 արդիւնքով:
Խաղին ներկայիս կիրարկուող հիմնական կանոններն են.-
- Գնդակը կրնայ երթալ ամէն ուղղութեամբ՝ մէկ կամ երկու ձեռքով։
- Գնդակը կարելի չէ հարուածել բռունցքով։
- Խաղացողը չի կրնար վազել գնդակով։
- Գնդակը պէտք է պահել միայն ձեռքերու մէջ. մարմինը պէտք չէ օգտագործել։
- Գնդակը կրնայ փոխանցել բոլոր ուղղութիւններով մէկ կամ երկու ձեռքով։
- Միաւոր կը հաշուըուի այն ժամանակ, երբ գնդակը կը նետուի եւ կը մնայ զամբիւղի մէջ։
- Երբ գնդակը խաղադաշտէն դուրս կու գայ, անիկա պէտք է մտցուի խաղադաշտ նոյն տեղէն հինգ վայրկեանի ընթացքին։
- Խաղի տեւողութիւնը 4x10 վայրկեան է, եւ երկու վայրկեան ընդմիջում երկու խաղակէսերու միջեւ։
- Խաղադաշտին մէջ գտնվող մրցավարը պէտք է պահէ խաղի հաշիվը, թէ ո՞ր խումբին պէտք է տալ գնդակը, երբ անիկա դուրս եկած է դաշտի սահմաններէն։
- Խաղի 40 վայրկեաններու ընթացքին աւելի շատ արդիւնաւէտ նետում կատարած խումբը կը ճանչցուի յաղթող։ Հաւասարութեան պարագային կ'աւելացուի լրացուցիչ ժամանակ՝ որոշելու յաղթող կողմը։
Խաղադաշտը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Կը խաղան 28x15 մեթր չափերու հարթ, ուղղանկիւն քառանկիւն հրապարակի մը վրայ, որուն խմբային կողմերուն վրայ կը գտնուին յենարաններուն ամրացուած կողովները։
Գնդակը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Խաղի համար օգտագործուող գնդակի շրջագիծը 75-78 սմ է, իսկ զանգուածը՝600-650 կրամ: Անիկա աւելի մեծ ու աւելի ծանր է, քան վոլիպոլի եւ ֆութպոլի գնդակները։
Խաղին Կանոնները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Խումբերէն իւրաքանչյիրը բացի մեկնարկային 5 խաղացողներէն ունի նաեւ պահեստայիններ, որոնց մարզիչները կրնան խաղահրապարակ մտցնել ցանկացած ժամանակ՝ առանց սահմանափակումներու։ Պասքէթպոլի խաղը բաղկացած է 2 խաղակէսէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրն ալ՝ 2 քառորդէ։ Մէկ քառորդը կը տեւէ 10-12 վայրկեան, օրինակ Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ Պասքէթպոլի Ազգային Կազմակերպութեան մէջ կը խաղան չորս 12 վայրկեաննոց քառորդներ, իսկ Եւրոպայի և աշխարհի միւս բոլոր երկիրներուն մէջ չորս 10 վայրկեաննոց քառորդներ։ Եթէ գնդակը զամբիւղ կը նետուի խաղային իրադրութենէն, ապա խումբը կը շահո 2 կէտ, վեցմեթրանոց գիծէն դուրս կատարուած նետումէն՝ 3 կէտ, իսկ տուգանային նետումէն՝ 1 կէտ։ Եթէ պասքէթպոլիստը ունի բաւականին բարձր հասակ եւ աթլեթիզմ, ապա ան կրնայ մխրճել օղակի մէջ, որ կը կոչուի տանք:
- Գնդակը խաղի մէջ կը մտցուի եզրագիծէն։ Խումբերէն իւրաքանչիւրը կրնայ անիկա իր մօտ պահել առաւելագոյնը 24 վայրկեան։ Եթէ լրացած է 24 վայրկեանը եւ խումբը տակաւին գնդակը նետած չէ դէպի զամբիւղ, ապա անիկա կ'անցնի հակառակորդ խումբին։
- Եթէ տուեալ խումբը անցած է մրցակիցի կիսադաշտ, ապա իրաւունք չունի ետ վերադառնալ իր սեփական կիսադաշտ, իսկ յարձակումը սկսելէ ետք պէտք է 8 վայրկեանէն աւելի չմնայ սեփական կիսադաշտին վրայ։
- Գնդակը բռունցքով կամ ոտքով հարուածել կարելի չէ։
Խաղացողներուն Դիրքերը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
- Խաղարկող (1-ին համար), սովորաբար խումբի ամենաարագավազ պասքէթպոլիստն է, որ պէտք է ճիշդ կազմակերպէ յարձակումը եւ համոզուած ըլլայ, որ գնդակը ճիշդ ժամանակին ճիշդ մարդուն փոխանցած է։
- Յարձակող պաշտպան (2-րդ համար), յարձակման ժամանակ կը կատարէ հեռահար նետումներ, իսկ պաշտպանութեան մէջ կը փորձէ փակել հակառակորդի լաւագոյն խաղացողը։
- Թեթեւ յարձակող (3-րդ համար), արագ կերպով կը փորձէ կէտ ապահովել, իսկ պաշտպանութեան մէջ աշխուժօրէն կը փնտրէ անդրադարձի ու խլման կարելիութիւնները չձգել։
- Ծանր յարձակող (4-րդ համար), կը փորձէ աւելի մօտէն կէտ բերել, իսկ պաշտպանութեան մէջ օղակի տակ կը կանգնի կամ ալ կը փորձէ հակառակորդի ծանր յարձակողը պահել։
- Կեդրոնական (5-րդ համար), խումբի մեծագոյն եւ ամենաբարձրահասակ պասքէթպոլիստն է։ Կ'օգտագործէ իր ուժը օղակի մօտ կէտ ապահովելու համար։
Լիկաներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Աշխարհի տարածքին այսօր կան բազմաթիւ պասքէթպոլային լիկաներ։ Այնուամենայնիւ, ամէնէն նշանաւոր խաղացոշներով հարուստ լիկան կը համարուի Հիւսիսային Ամերիկայի մարզական առաջնութիւններու մեծ քառեակին մաս կազմող կողովագնդակի Ազգային Կազմակերպութիւնը (անգլերէն՝ National Basketball Association, NBA)։
Հայաստանի մէջ կը գործէ Հայաստանի Պասքէթպոլի Ֆետերասիոնը, որ ՖԻՊԱ Եւրոպայի անդամ է։
Առողջապահութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Պասքէթպոլը կը զարգացնէ եւ կ'ամրապնդէ յենաշարժողական ապարատը, կը բարձրացնէ շնչառական եւ սրտանոթային համակարգերու գործնական կարելիութիւնները, կը բարելաւէ տեսողական, շարժողական, անդաստակային վերլուծիչներու աշխատանքը, շարժումներու համաձայնեցումը, կը մեծցնէ ընդհանուր ֆիզիքական դիմացկունութիւնը, իսկ առանձնայատկութիւններու շնորհիւ անիկա մատչելի է երիտասարդներու (սովորաբար մինչեւ 36-38 տարեկան) համար։
Խաղի տարրերը կարելի է սորվեցնել 10-12 տարեկաններուն, իսկ յատուկ մարզումները կը սկսին 12-14 տարեկաններուն։ Ըստ տարիքային խումբերու (երեխաներ, պատանիներ եւ աղջիկներ), իբրեւ կանոն, մրցումներու մասնակցիլ կ'արտօնուի մշտական մարզումներէ 1-1,5 տարի ետք։ Ցած դպրոցական տարիքի երեխաներու եւ պատանիներու պարապմունքներու ընթացքին կը սահմանափակուին խաղի տեւողութիւնը, խաղահրապարակի չափերը, զամբիւղի բարձրութիւնը, գնդակի քաշը, կը կանոնակարգուի մրցումներու քանակը։
Վնասուածքներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ամէնէն յաճախ հանդիպող վնասուածքներէն են սալճարդը, սրունքաթաթային յօդի գերձգուածութիւնը, մատներու յօդախախտումները եւ այլն, որոնց կանխման համար նշանակութիւն ունին խաղահրապարակի ճիշդ կառուցումն ու բարեկարգ պահելը, խաղի կանոններու պահպանումը, ծնկակապերը եւ առանց կրունկի (աւելի յարմար է ռետինէ ներբաններով) կօշիկները։ Պասքէթպոլի պարապմունքներու ժամանակ անհրաժեշտ է բժշկական հսկողութիւն։ Խաղի տարբերակները (գնդակը զամբիւղ նետելը եւ այլն) կ'օգտագործուին բուժական ֆիզիքական բաժինին մէջ:
Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
- ↑ Մ. Իսպիրյան, Մարզանունների բացատրական բառարան, Երևան, «Հայաստան», 1984, էջ 21
Արտաքին Յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
- Պասքէթպոլային նորութիւններ (Հայերէն)