Jump to content

Պասքերու Երկիր

Պասքերու Երկիր
Դրոշ Զինանշան


Երկիր Կաղապար:Դրօշաւորում/Սպանիա, Ֆրանսա
Մաան է Եւրոպա
Կարգավիճակ մշակութային շրջան?[1][2] և Պետականություն չունեցող ազգ?[3][4][5]
Ամենաբարձր կետ Mesa de los Tres Reyes
Բնակչութիւն 3 193 513 մարդ (2020)[6]
Տարածք 20 870 քմ²
Lua error in Մոդուլ:Wikidata at line 710: assign to undeclared variable 'coord_mod'.

Պասքերու Երկիր կամ Պասքոնիա (սպան.՝ País Vasco, պասք.՝ Euskadi) ինքնավար համայնք է Սպանիոյ թագաւորութեան հիւսիսը, որուն վարչական կեդրոնը Վիթորիա քաղաքն է։ Ան համանուն պատմական շրջանի մէկ մասն է, որ կը տարածուի մինչեւ Ֆրանսայի հարաւ-արեւմտեան շրջանները։

Աշխարհագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պասքերու Երկիրը կը գտնուի Սպանիոյ հիւսիսը։ Հիւսիսէն կը սահմանակցի Պիսքայեան ծոցին, արեւելքէն՝ Նաւառային, արեւմուտքէն՝ Քանթապրիային, իսկ հարաւէն՝ Լա Ռիոխայի ինքնավար մարզին։ Փիրենեան լեռներով կը բաժնուի Ֆրանսայի մէջ գտնուող համանուն մշակութային գօտիէն։

Պիսքայայի եւ Կիպուսքոայի լեռները զգալիօրէն մասնատուած են, իսկ գետերը՝ կարճ եւ արագահոս։ Ատուրի գետը (ֆրանսերէն՝ Ատոր) կը գտնուի երկրի հիւսիսը, իսկ Էպրոն՝ հարաւը։ Փիրենեան լեռներէն բացի, երկրին համար մշակութային եւ պատմական մեծ նշանակութիւն ունին Կորպէա, Աիսկոռի, Անպոթօ եւ Արալար լեռները։

Տեղումներու միջին տարեկան քանակը կը կազմէ շուրջ 1.270 մմ․, Սան Սեպասթիանի մէջ գերազանցելով 1.500 մմ․-ը, իսկ Էպրոյի աւազանին մէջ կազմելով շուրջ 500 մմ․։ Հիւսիս-արեւելեան շրջաններուն մէջ կը գերակշռէ ովկիանոսային կլիման, իսկ հարաւային հատուածներուն մէջ՝ Ալաւայի միջլեռնային շրջաններուն մէջ, կլիման կը կրէ միջերկրականեան կլիմայի ազդեցութիւնը[7]։

Նախապատմական շրջան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պասքերու Երկիրը բնակեցուած եղած է դեռ Պալէոլիթեան շրջանին՝ մ.թ.ա. 150.000 տարի առաջ։ Յայտնաբերուած են այդ ժամանակաշրջանին պատկանող բազմաթիւ առարկաներ, ինչպէս նաեւ նէանտերթալեան մարդու ոսկորներ։ Սակայն գտածոներուն մեծ մասը կը վերագրուի կրոմանյոնեան ժամանակաշրջանին։ Այս շրջանին մեզի հասած մնացորդները, ներառեալ քարանձաւային պատկերները, յայտնաբերուած են Էկայնի, Ալչերրիի, Սանտիմամինյէի եւ Ալպերտի քարանձաւներուն մէջ։

Նէոլիթեան շրջանին տեղի կ՚ունենայ անցում քոչուորական կեանքէն դէպի նստակեաց կենսակերպ։ Կը զարգանան երկրագործութիւնն ու անասնապահութիւնը։ Պղինձի եւ պրոնզի դարերուն կը սկսի մետաղագործութիւնը։ Քանի որ երկրի հիւսիսային մասը լեռներով մեկուսացած էր, զարգացումները հոս համեմատաբար դանդաղ կ՚ընթանային։ Պասքերու Երկիրը եւ անոր յարակից տարածքները բնակեցուած էին պասքերու նախնիներուն՝ աուտրիգոններուն, վալտուրներուն, կարիստներուն եւ վասկոններուն կողմէ։ Վասկոններուն մասին յիշատակութիւն թողած է յոյն պատմիչ Ստրաբոնը՝ զանոնք բնութագրելով որպէս վայրի ռազմիկներ։

Հռոմէական շրջան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հռոմէացիները սկսան գրաւել պասքեան տարածքները մեր թուարկութեան երկրորդ դարուն։ Հռոմէական գերիշխանութիւնը հոս տեւեց հինգ դար, որուն ընթացքին երկու մշակոյթները համատեղ գոյատեւեցին։ Երկրին հարաւային շրջանները աւելի մեծ չափով ենթարկուեցան հռոմէական ազդեցութեան, քան հիւսիսի լեռնային հատուածները։ Հռոմէացիներուն կողմէ ներմուծուեցան դրամական համակարգը եւ գրաւոր լեզուն՝ լատիներէնը։ Հռոմէական կայսրութեան անկումէն ետք պասք ցեղերը վերահաստատեցին իրենց իշխանութիւնը։ Հակառակ յաջորդող դարերուն ընթացքին բազմաթիւ ասպատակութիւններու ենթարկուելուն՝ ութերորդ դարուն պասքերը յաջողեցան միաւորուիլ։

Վասկոններու երկիրը իններորդ դարուն վերածուեցաւ թագաւորութեան, երբ ազնուականները Ասիցտաներու տոհմէն Ինյիգոն ընտրեցին թագաւոր (824–852)։ Մէկ դար անց իր իշխանութիւնը հաստատեց Խիմենօ դինաստիան՝ Սանչօ Գարսէսի (905–925) գլխաւորութեամբ։ Նաւառայի թագաւորութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ Սանչօ Մեծի (1004–1035) օրով։ Ան յաջողեցաւ միաւորել ոչ միայն պասքախօս շրջանները, այլեւ Պիրենեան թերակղզիի գրեթէ բոլոր քրիստոնեայ երկիրները։

1512 թուականին Ֆերտինանտ Կաթողիկոսը գրաւեց թագաւորութիւնը եւ զայն ենթարկեց Քասթիլիոյ գերիշխանութեան։ Միապետութեան միակ անկախ մասը Պեհենապարրոան էր, որ կը գտնուէր Պիրենեան լեռներէն անդին եւ 1620 թուականին միացաւ Ֆրանսայի։ Այնուամենայնիւ, տարածքը ունէր ինքնակառավարման մարմիններ։

12–15-րդ դարերուն յառաջացան քաղաքներ եւ աւաններ, որոնք ունէին իրենց սեփական օրէնքները՝ թագաւորին գերիշխանութեան ներքեւ։ Տնտեսական կեանքը հիմնուած էր անասնապահութեան, երկրագործութեան, անտառտնտեսութեան, ձկնորսութեան, հանքարդիւնաբերութեան, առեւտուրի եւ արհեստներու վրայ։ Տնտեսական ճգնաժամերը յանգեցուցին ազնուական ընտանիքներու միջեւ պայքարի, որոնք կը ձգտէին գրաւել քաղաքներն ու աւանները եւ սեփականացնել հողերը։ Քաղաքներու բնակիչներն ու թագաւորը դիմադրեցին անոնց եւ յաղթեցին։ Արդիւնքով յառաջացան ինքնակառավարման շարք մը մարմիններ կամ ֆուերոներ, որոնք կը ճանչնային թագաւորին գերիշխանութիւնը։

Վաղ արդիւնաբերական շրջան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

16–19-րդ դարերուն աւատատիրական կարգերուն փոխարինելու եկաւ դրամատիրութեան վրայ հիմնուած հասարակութիւնը։ 17-րդ դարուն նոր իշխանութիւններու յառաջացումը յանգեցաւ քաղաքական եւ ընկերային բախումներու, ներառեալ բազմաթիւ ապստամբութիւններու, որոնք յայտնի են նաեւ «մաչինադա» անունով։ Պուրպոններու յաղթանակէն ետք պասքերը զրկուեցան բազմաթիւ տնտեսական արտօնութիւններէ։

18-րդ դարու վերջաւորութեան քայլեր ձեռնարկուեցան մաքսատները երկրի ներսէն՝ այսինքն Քասթիլիոյ սահմանակից տարածքներէն, տեղափոխելու դէպի Պիրենեան լեռներն ու ափամերձ շրջանները՝ օտար ապրանքներու ազատ մուտքը երկիր կասեցնելու նպատակով։ Սպանիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ հակամարտութիւնները մեծ աւերածութիւններ պատճառեցին պասքերու տարածքներուն մէջ, որոնց օրինակն է Տոնոսթիային մէջ տեղի ունեցած մեծ հրդեհը (1813)։

19-րդ դարը բնորոշուեցաւ պասքերու իրաւունքներու աստիճանական կորստով, յատկապէս Կարլիստական պատերազմներէն ետք։ Առաջին Կարլիստական պատերազմը սկսաւ 1833 թուականին։ Իզապէլ Բ.-ը եւ Տոն Քարլոսը պայքարեցան սպանական գահին համար։ Սակայն այս պայքարը աւելին էր, քան պարզապէս գահակալական հակամարտութիւն, քանի որ բախման մէջ էին նաեւ տարբեր քաղաքական գաղափարներ՝ ազատականութիւնն ու պահպանողականութիւնը։ Պատերազմը աւարտեցաւ 1839 թուականին՝ Կարլիստներու պարտութեամբ։ Այսպիսով, ինքնակառավարման մարմինները կապուեցան սահմանադրութեան, իսկ Նաւառայի օրենսդիր եւ դատական լիազօրութիւնները վերացան։

Թէեւ Նաւառրայի թագաւորութիւնը այդ ժամանակ միայն ազատական երկրի մը մարզն էր, ան շարունակեց պահպանել իր նախկին ազդեցութեան մէկ մասը։ Պասքեան միւս շրջանները հրաժարեցան մէկ մարզի մէջ միաւորուելէ եւ պահպանեցին իրենց նախնական կարգավիճակը։ Երրորդ Կարլիստական պատերազմէն ետք ինքնակառավարման մարմինները վերացան, եւ պասքերը պարտաւորուեցան հարկեր վճարել Սպանիոյ թագաւորութեան։

17–18-րդ դարերուն տնտեսական կեանքին մէջ արձանագրուեցան զգալի փոփոխութիւններ։ Զարգացան ձկնորսութիւնը, նաւաշինութիւնը, միջազգային առեւտուրը, երկրագործութիւնն ու երկաթի ձուլումը։ 17-րդ դարուն Պիլպաոն կը համարուէր հիւսիսային Սպանիոյ կարեւորագոյն նաւահանգիստը։ 19-րդ դարը նշանաւորուեցաւ արդիւնաբերութեան եւ դրամատիրութեան զարգացմամբ։ Այս առումով եւս Պիլպաոն առանձնացաւ՝ ընդունելով Սպանիոյ այլ շրջաններու ներգաղթած բանուորներու մեծ հոսք։

19-րդ դարու վերջին տարածուեցան նաեւ նոր գաղափարախօսութիւններ, ինչպէս ընկերվարութիւնը, որ ներմուծուեցաւ Ֆակունտօ Փերեսակուայի կողմէ, եւ պասքեան ազգայնականութիւնը՝ Սապինօ Արանի ղեկավարութեամբ[2]։

Ժամանակակից պատմութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1936–1939 թուականներու քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին պասքերը յաջողեցան ժամանակաւորապէս վերահաստատել իրենց ինքնավար կարգավիճակը։ Առաջին կառավարութեան նախագահն էր Խոսէ Անթոնիօ Ակիրէն։ Նախարարական դահլիճը կազմուած էր հինգ ազգայնական, երեք ընկերվարական, մէկ կոմունիստ եւ մէկ հանրապետական նախարարներէ։ Կառավարութեան իշխանութիւնը կը տարածուէր միայն Բիսքայայի եւ Կիպուսքոայի տարածքներուն վրայ։ 1937 թուականին զօրավար Ֆրանքոյի զօրքերը գրաւեցին Պասքերու Երկիրը։ Կառավարութիւնը նախ տեղափոխուեցաւ Քաթալոնիա, ապա՝ աքսորուեցաւ։

Ֆրանքոյի բռնապետութեան տարիները (1939–1975) պասքերու պատմութեան տխուր էջերէն են։ Կիպուսքոան եւ Պիսքաեան յայտարարուեցան «դաւաճան մարզեր»։ Արգիլուեցաւ պասքերէնի գործածութիւնը եւ ընդհանրապէս պասքեան մշակոյթի պահպանումը։ Ձերբակալութիւններու, աքսորի եւ մահապատիժներու հսկայական ալիք մը բարձրացաւ։

Միջազգային հանրութենէն օգնութիւն ակնկալելու յոյսերը մարեցան 1950-ական թուականներուն, երբ Վատիկանը եւ Միացեալ Նահանգները համաձայնութեան եկան Ֆրանքոյի հետ։ 1950-ականներու վերջաւորութեան նոր թափ ստացան արդիւնաբերութիւնն ու տնտեսութիւնը՝ ներգաղթեալներու նոր հոսք մը բերելով։

1959 թուականին ստեղծուեցաւ ԷԹԱ զինեալ խմբաւորումը (Euskadi Ta Askatasun՝ «Պասքերու Երկիր եւ Ազատութիւն»)։ Խմբաւորումը հիմնուած էր ազգայնական գաղափարախօսութեան վրայ եւ 1960-ականներուն որդեգրեց զինեալ պայքարի ռազմավարութիւն։

1975 թուականին Ֆրանքոյի մահէն ետք անցում կատարուեցաւ ժողովրդավարութեան, սակայն բռնապետութեան տարիներու յանցագործութիւնները մնացին անպատիժ։ Կատարուեցան շարք մը բարեփոխումներ։ 1977 թուականին տեղի ունեցան առաջին օրէնսդրական ընտրութիւնները, իսկ 1978 թուականի Դեկտեմբերին ընդունուեցաւ Սպանիոյ սահմանադրութիւնը։ Սահմանադրութեան մէջ, սակայն, չհաստատուեցաւ պասքերու ինքնորոշման իրաւունքը։

1979 թուականի հանրաքուէին արդիւնքով Արավան, Պիսքաեան եւ Կիպուսքոան միանալով ստեղծեցին Պասքերու Երկիր ինքնավար համայնքը (ձայներու 53,96 տոկոսով)։ 2006 թուականին ԷԹԱ-ն զինադադար յայտարարեց, որ խախտուեցաւ նոյն տարուան Դեկտեմբերին՝ Մատրիտի օդակայանին մէջ կազմակերպուած պայթումէն ետք։

Ժողովրդագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Պիլպաոյի Կուկենհայմ թանգարանը

1950–1970 թուականներուն բնակչութիւնը կրկնապատկուեցաւ՝ 1.061.000-էն հասնելով 2.070.000-ի։ 1975–2000 թուականներուն բնակչութեան աճ այլեւս չարձանագրուեցաւ։ Ասիկա պայմանաւորուած էր ծնելիութեան մակարդակի անկմամբ, բնակչութեան ծերացմամբ, ինչպէս նաեւ ներգաղթեալներու վերադարձով։ Վերջին տարիներուն բնակչութեան աննշան աճ կը նկատուի՝ ծնելիութեան աճին եւ նոր ներգաղթի շնորհիւ։

Ներգաղթեալներուն 50 տոկոսը Եւրոպայէն է, 26,3 տոկոսը՝ Ամերիկայէն, 17,8 տոկոսը՝ Ափրիկէէն, իսկ 5,58 տոկոսը՝ Ասիայէն։

Աշխարհի 21 երկիրներուն մէջ կը գործեն 161 «պասքեան ակումբներ», որոնք կոչուած են սփիւռքի մէջ պասքեան մշակոյթը պահպանելու։ Այս ակումբներէն 106-ը կը գտնուին Լատինական Ամերիկայի, 36-ը՝ Հիւսիսային Ամերիկայի, 10-ը՝ Սպանիոյ, 5-ը՝ Եւրոպայի այլ երկիրներու, իսկ 3-ը՝ Աւստրալիոյ մէջ[8]։

Պասքերու Երկրի բնակչութեան գրեթէ կէսը ներկայիս կ՚ապրի Պիլպաոյի շրջանին մէջ։

Խոշոր քաղաքները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Պիլպաօ — 348.574
  2. Վիթորիա-Կասթէիս — 242.082
  3. Սան Սեպասթիան — 186.409
  4. Պարակալտօ — 100.502
  5. Կեչօ — 83.000
  6. Իռուն — 61.195
  7. Փորթուկալեթէ — 47.756
  8. Սանթուրսի — 46.978
  9. Պասաուրի — 42.971
  10. Էռենթերիա — 38.767

Կրթութիւն եւ գիտութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պասքերու Երկիրին մէջ կը գտնուին երեք համալսարաններ, որոնցմէ երկուքը մասնաւոր են։ Պետական միակ համալսարանը Պասքերու Երկրի համալսարանն է, որ կ՚առաջարկէ 58 կրթական ծրագիր։ Ան կը համարուի երկրի գլխաւոր հետազօտական կեդրոնը։

Տէուստոյի համալսարանը հիմնադրուած է 1886 թուականին եւ կը համարուի բարձր հեղինակութիւն վայելող համալսարան մը։ Մոնտրակոնի համալսարանը հիմնադրուած է 1997 թուականին եւ մասնագիտացած է գործարարութեան ու ճարտարագիտութեան ոլորտներուն մէջ։

Սան Սեպասթիանի մէջ կը գտնուի Ուղեղի, լեզուի եւ ճանաչողութեան հետազօտական կեդրոնը։

Պասքերու Երկիրին պաշտօնական լեզուներն են սպաներէնը եւ պասքերէնը։ Պասքերէնը Եւրոպայի հնագոյն լեզուներէն մէկն է եւ հաստատուած ազգակցական կապ չունի որեւէ այլ լեզուի հետ։ Ինքնավարութիւն ձեռք բերելէ ետք պասքերէնը ստացաւ պաշտօնական լեզուի կարգավիճակ։

Բնակչութեան միայն կէսը կը խօսի պասքերէն, ինչի հետեւանքով ան ընդգրկուած է անհետացման վտանգի տակ գտնուող լեզուներու ցանկին մէջ։ Երկրին մէջ կրթութեան երեք մոդել կայ՝ A, B եւ D։ A մոդելին մէջ ուսուցման լեզուն սպաներէնն է, իսկ պասքերէնը կը դասաւանդուի որպէս երկրորդ լեզու։ D մոդելը առաջնային տեղ կը յատկացնէ պասքերէնին, իսկ սպաներէնը կը մատուցէ որպէս «օտար լեզու»։ B կրթական մոդելը երկլեզու է՝ հաւասար դեր յատկացնելով սպաներէնին եւ պասքերէնին։

2006–2007 թուականներուն 97.856 աշակերտ ընտրած էր A մոդելը, 72.567-ը՝ B, իսկ 170.529-ը՝ D մոդելը։ Աշխատաշուկային մէջ եւս պասքերէնի իմացութիւնը մեծ առաւելութիւն կը համարուի[2]։

Աւանդազրոյցներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պասքերը ունին բազմաթիւ առասպելներ, առակներ ու զուարճապատումներ, ինչպէս նաեւ լեգենդներ եւ աւանդազրոյցներ։ Աւանդազրոյցներու շարք մը 1996 թուականին հայերէնի թարգմանուած է Վահան Սարգսեանի կողմէ։

1800-ական թուականներուն կը յառաջանան յանպատրաստից բանաստեղծութեան մրցոյթները։ Այսպիսի մրցոյթներուն մասնակիցները պէտք է որոշ թեմայի մը շուրջ բանաստեղծութիւն յօրինեն կամ տրուած բառերուն համար հանգեր գտնեն։ Յաղթելու համար անհրաժեշտ են արագութիւն, երեւակայութիւն, ճարտարախօսութիւն, ընդհանուր կրթուածութիւն եւ լեզուական մտածողութիւն։ Բանաստեղծութիւնները կ՚ուղեկցուին երաժշտութեամբ, իսկ վերջին տունը ձայնակցութեամբ կ՚ընկերակցի հանդիսատեսը։

Ժամանակակից պասքեան գրականութիւնը ձեւաւորուած է գրողներու երեք սերունդներու կողմէ։ Առաջին սերունդը ստիպուած էր գաղտնի ստեղծագործել Ֆրանքոյի բռնապետութեան տարիներուն։ Այս գրողներէն շատերը աքսորի ենթարկուեցան։

Հետպատերազմեան սերունդը փորձեց պասքեան գրականութիւնը ազատագրել կրօնական եւ ազգայնական շունչէն։ Սպանիոյ ժողովրդավարացումը եւ Պասքերու Երկրի ինքնավար կարգավիճակը նպաստեցին անկախ պասքեան գրականութեան ստեղծման։ 1970-ական թուականներուն լայն տարածում գտան քնարական վէպերն ու ոստիկանական վէպերը։ 1980-ական թուականներէն սկսեալ զարգացան նաեւ թրիլլերի եւ ամերիկեան նուարի շարժառիթները։

Երրորդ սերունդը կը ներառէ 25–40 տարեկան ստեղծագործողները։ Կարեւոր պատմական եւ քաղաքական թեմաներ կը շօշափուին, իսկ աստիճանաբար կը տարածուին նաեւ կարճ պատմուածքները։ Վէպերէն շատերը գրուած են իրապաշտ ոճով։ Բանաստեղծութեան մէջ կը միախառնուին խորհրդապաշտութիւնը, գեղապաշտութիւնը, ինչպէս նաեւ սեփական փորձառութեան գրական մշակումը[3]։

Պասքերու ժողովրդական երաժշտական գործիքներէն են չալապարտան (txalaparta), տրիքիթիքսան (trikitixa) եւ չիսթուն (txistu)։ Չալապարտան հարուածային գործիք մըն է։ Ան փայտէ սեղանի մը կը նմանի, որուն վրայ փայտէ ձողերով կը հարուածեն։ Նախապէս ան ծառայած է նաեւ որպէս հաղորդակցութեան միջոց։ Պասքերու սիրելի խմիչքներէն մէկն է խնձորօղին։

Չալապարտա

Խնձորօղի պատրաստելէ ետք նոյն տախտակները, որոնք օգտագործուած էին խնձորները ճզմելու համար, կը յարմարեցուէին չալապարտայի։ Անոր վրայ հարուածելով՝ դրացիներուն կ՚ազդարարէին պատրաստ խմիչքի մասին։

Տրիքիթիքսան (trikitixa) պասքերու ակորտէոնն է, իսկ չիսթուն (txistu) ֆլէյթի տեսակ մըն է, որ սովորաբար կը նուագուի ձախ ձեռքի երեք մատներով։ Ազատ ձեռքով կարելի է միաժամանակ տամբուրինին հարուածել։ Երաժշտական այս տարրերը կ՚օգտագործուին նաեւ պասքերու ժամանակակից ռոք երաժշտութեան մէջ[3]։

Ռատիօ եւ հեռատեսիլ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երկրին մէջ կը գործեն պասքերէնով հեռարձակուող հինգ ռատիոկայան եւ հեռատեսիլի երկու կայան՝ ETB 1 եւ ETB 2, որոնք կը հեռարձակեն երկրի ներսը։ Բացի ասկէ, յայտնի են նաեւ արտասահման հեռարձակող Canal Vasco եւ ETB Sat հեռատեսիլի կայանները։

Պասքերու ամէնէն հանրածանօթ մարզաձեւը փիլոթան է։ Խաղացողները ռետինէ գնդակը կը հարուածեն 10 մեթր բարձրութեամբ պատի մը եւ կը փորձեն դիպչիլ նշանակէտերուն։ Երբեմն անոնք ակրոբատիկ շարժումներ կը կատարեն՝ զարմացնելով հանդիսատեսը։ Խաղադաշտը ունի 30–54 մեթր երկարութիւն եւ 10 մեթր լայնութիւն։ Սովորաբար կը յաղթէ 22 միաւոր հաւաքած խումբը կամ մասնակիցը։

Յայտնի են նաեւ փայտ կոտրելու, քարեր բարձրացնելու եւ խոտ հնձելու աւանդական մրցումները[9]։

Հայերը եւ Պասքերու Երկիրը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2014 թուականի 12 Սեպտեմբերին Պասքերու Երկրի խորհրդարանը ընդունեց բանաձեւ մը Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին վերաբերեալ։ Բանաձեւին մէջ կը շեշտուի, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը ունի ինքնորոշման իրաւունք, իսկ հակամարտութեան կարգաւորման միակ հիմքը այդ ժողովրդավարական իրաւունքի իրագործումն է[10]։

Պասքերու Երկրի խորհրդարանը նաեւ դատապարտած է Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ կոչ ըրած է Թուրքիոյ՝ ճանչնալու զայն[11]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. ↑ http://ibasque.com/presentacion-general-de-euskal-herria/
  2. ↑ https://turismovasco.com/pais-vasco/provincias-del-pais-vasco/
  3. ↑ https://www.elmundo.es/pais-vasco/2014/05/19/5379f218268e3e0c518b4572.html
  4. ↑ https://www.naiz.eus/eu/hemeroteca/gara/editions/gara_2014-04-12-07-00/hemeroteca_articles/las-naciones-sin-estado-competencia-olvidada
  5. ↑ https://www.noticiasdenavarra.com/2017/01/06/opinion/cartas-al-director/euskal-herria-una-nacion-sin-estado
  6. ↑ https://gaindegia.eus/eu/datuak/demografia/biztanleria-osoa
  7. ↑ Basque Country. (2015). In Encyclopædia Britannica. Retrieved from http://www.britannica.com/place/Basque-Country-region-Spain
  8. ↑ The Basque Country: Insight into ist culture, history, society and institutions. Basque Autonomous Community, 2009. Retrieved from: http://www.kultura.ejgv.euskadi.eus/r46-714/es/contenidos/informacion/ezagutu_eh/es_eza_eh/adjuntos/eza_en.pdf, 16.10.15
  9. ↑ Letamendia, Juan Antonio: Lehrbuch der baskischen Sprache (übersetzt von Christine Bendel, Mercedes Pérez García), Buske 2009.
  10. ↑ Basque Parliament recognises Nagorno-Karabakh self-determination: http://www.eufoa.org/newsroom/273/51 Archived 2015-09-19 at the Wayback Machine., Retrieved-10.16.15
  11. ↑ «Արխիվացված պատճենը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2022 թ․ փետրվարի 11-ին։ արտագրուած է՝ 2015 թ․ հոկտեմբերի 15

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]