Jump to content

Պահայի Հաւատք

Պահայի հաւատքը աշխարհի նշանաւոր նորագոյն, անկախ կրօնն է, որ կ'ուսուցանէ Աստուծոյ միակութիւն, մարդկութեան միասնութիւն եւ կրօններու հիմնարար ներդաշնակութիւն։

Պահայի ուսմունքները[1][2][3] կը խթանեն գիտութեան եւ կրօնի միջեւ ներդաշնակութիւնը, սեռերու հաւասարութիւնը եւ կը պայքարին՝ վերացնելու բոլոր տեսակի նախապաշարումները։

Պահայի հաւատքին մէջ հոգեւորականներ չկան։ Անոնք կ'ընդունին աշխարհի միաստուածական կրօններու հիմնադիրներու եւ մարգարէներէն իւրաքանչիւրին ճշմարտութիւնը եւ կը հաւատան Աստուծոյ կողմէ ուղարկուող յայտնութիւններու շարունակականութեան։

Պահայի հաւատքին[4][5] այս եզակի սկզբունքը իւրաքանչիւր միաստուածական կրօն կ'ընկալէ իբրեւ միացեալ հոգեւոր համակարգի օղակ, որ աստիճանաբար կը զարգանայ, ճիշդ այնպէս, ինչպէս գիրքի գլուխները կը շարունակեն նոյն պատմութեան տրամաբանական զարգացումը։

Պահայի ուսմունքները կը շեշտեն հոգիի փոխյարաբերութիւնները Աստուծոյ՝ յաւերժական, անճանաչելի էութեան հետ եւ խորհուրդ կու տան ամէն օր աղօթել եւ խորհիլ։

Պահայինները կը հաւատան մարդկային հոգիի յաւերժական զարգացման եւ մարդկութեան ծառայելու միջոցով կը ջանան զարգացնել այնպիսի հոգեւոր յատկանիշներ, ինչպիսիք են՝ բարութիւնը, առատաձեռնութիւնը, ազնուութիւնը, ճշմարտախօսութիւնը եւ խոնարհութիւնը։

Պահայի հաւատքի հիմնարար սկզբունքներէն են.

  • Ճշմարտութեան ինքնուրույն որոնումը,
  • Բոլոր տեսակի նախապաշարումներու վերացումը,
  • Մարդկութեան միասնութիւնը,
  • Բոլոր կրօններու միասնական հիմքը,
  • Կրօնը պէտք է ըլլայ սիրոյ եւ ուրախութեան աղբիւր,
  • Գիտութեան եւ կրօնի ներդաշնակութիւնը,
  • Պարտադիր կրթութիւնը բոլորին համար:

Պահայիները կը հաւատան, որ Աստուած պարբերաբար յայտնութիւններ կ'ուղարկէ մարդկութեան, իբրեւ աստուածային ուղերձ[6][7][8]։ Այդ աստուածայայտնութիւններէն են՝ Աբրահամը, Մովսէսը, Պուտտան, Կրիշնան, Յիսուս Քրիստոսը, Մուհամմետը եւ Պահայի հաւատքի հիմնադիր Պահաուլլան։


Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «News»։ BahaiTeachings.org (en-US)։ արտագրուած է՝ 2023 թ․ փետրվարի 19 
  2. https://www.youtube.com/watch?v=VT5xJSRf5eY&ab_channel=Baha%27iArmenia
  3. «Bahāʾī Faith» 
  4. «Home Page»։ Bahá'í Gardens (en-US)։ արտագրուած է՝ 2023 թ․ փետրվարի 19 
  5. «Բահայի Գրադարան»։ Բահաի Գրադարան (ամհարերեն)։ արտագրուած է՝ 2023 թ․ փետրվարի 19 
  6. «Bahá’í World Center» 
  7. «Bahai.am - Բահայի բլոգ»։ bahai.am/ (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 2023 թ․ փետրվարի 19 
  8. «Statistics»