Պահակ (թերթ, Թիֆլիս)
Պահակ, կիսաօրինական օրաթերթ, ՌԿ(բ) կ Կովկասեան երկրային կոմիտէի օրգան։ Հրատարակուած է 1920 թուականին (23 համար, առաջինը՝ 1 Յունուար, 1920, 23-րդը՝ 23 Յունուար 1920), Թիֆլիսի մէջ։
Խմբագիր հրատարակիչներ՝ Դ․ Տէր-Սիմոնեան, Վ․ Երեմեան։ Հայ աշխատաւորական զանգուածներու շրջանին գովազդած է Հոկտեմբերեան յեղափոխութիւնը, անոնց կոչ առած է հետեւիլ Ռուսաստանի բանուոր դասակարգի ու աշխատաւոր գիւղացիութեան օրինակին եւ ազատագրութեան յոյսերը կապել պոլշեւիկներու, խորհրդային Ռուսաստանի ու կարմիր բանակի հետ։ «Հայաստանի դաշնակցական կառավարութիւնը եւ հայ աշխատաւորութիւնը», «Դաշնակցութիւնը «դժգոհ» է Գերագոյն խորհուրդիէն», «Ովքե՜ր են մէնշեւիկները», «Բթամտութիւն թէ քծնանք» եւ այլ յօդուածներու մէջ թերթը թշնամականօրէն դէմ արտայայտուած է դաշնակցութեան քաղաքականութիւնը։
Տպագրուած են Մաքսիմ Կորքիի, Յակոբ Յակոբեանի ստեղծագործութիւնները, գրախօսականներ Ալեքսանտր Պլոկի եւ Ալեքսանդր Գերցենի գործերու մասին։
Ունեցած է «Խորհրդային Ռուսաստանում», «Քաղաքացիական պատերազմ», «Մամուլ», «Բանուորական կեանք» կայուն խորագրերը։ Աշխատակցաց են Սէյրին (Ա․ Գուլոյեան), Հ․ Ազիզեանը, Ս․ Խանոյեանը, Շ․ Ամիրխանեանը եւ ուրիշներ։