Jump to content

Պալքանեան Մամուլ

«Պալքանեան մամուլ», պուլկարահայ հասարակական-քաղաքական շաբաթաթերթ, հնչակեան կուսակցութեան Պուլկարիոյ շրջանի գործադիր յանձնաժողովի օրգան։

Լոյս տեսելսած է 1915, 1918-1922, 1931-1944 թուականներուն, Ռուսչուքի մէջ, ապա՝ Սոֆիայի մէջ։ Խմբագիրները՝ Ժ․ Միրզախանեան, Է․ Չոփուրեան, Գ․ Գույումճեան, Հ․ Պօղոսեան։

Լուսաբանած է կուսակցութեան գործունէութիւնը Պալքաններուն մէջ, նիւթեր տպագրած է հայ ժողովուրդի պատմութեան ողբերգական դէպքերու եւ Հայկական հարցի լուծման ուղիներու մասին, դէմ արտայայտուած է դաշնակցութեան գործունեութեան։

Թերթը ողջունած է Հայաստանի բռնազաւթումը խորհրդային կարմիր բանակի կողմէ եւ երկրին մէջ խորհրդային կարգերու հաստատումը։ Վերլուծականներ տպագրած է երկրորդ համաշխարհային պատերազմի նախօրեակին Եւրոպայի քաղաքական կուսակցութեան, Նացիստական Գերմանիոյ ռազմականացման մասին։

«Պալքանեան մամուլ»-ի ուշադրութեան կեդրոնը եղած է պուլկարահայ համայնքի եւ անոր կազմակերպութիւններու (ՀՕԿ, թեմական խորհուրդ, ՀԲԸՄ են) գործունէութիւնը, ներգաղթի կազմակերպումն ու ընթացքը։ Նիւթեր տպագրած է նաեւ Պուլկարիոյ ներքին եւ արտաքին կացութեան մասին։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։