Jump to content

Չուքչիները

Չուքչիները ներկայացնող նկար՝ 1816

Չուքչիները կ'ապրին Սիպերիոյ հիւսիսը, Ռուսիոյ մէջ:

Ըստ ժամանակակից վիճակագրութեան, Չուքչիներուն թիւը շուրջ 16.000-17.000 է, որոնց մեծամասնութիւնը կը բնակի Չուքոտքայի Ինքնավար Շրջանին մէջ։

Չուքչիներու աւանդական կեանքը սերտօրէն կապուած է բնութեան հետ։ Անոնք աւանդաբար կը զբաղին հիւսիսային եղջերուներու հովուութեամբ, որսորդութեամբ եւ ձկնորսութեամբ (Անոնք փոկեր եւ կէտեր կ'որսան, եւ եղջերուներ կը պահեն)։

Չուքչիներու զգեստները պատրաստուած են եղջերուներու կամ արջերու կաշիէն, որոնք կը յարմարին կլիմայական խիստ պայմաններուն։

Ի. դարու զինուորական զգեստ

Անոնց հաւատքը շամանիստական է. կը հաւատան բնութեան ոգիներու, կենդանիներու, ինչպէս նաեւ՝ փոթորիկի եւ ձիւնի ոգիներուն։ Շամանները կը կատարեն արարողութիւններ եւ բուժումներ[1]։

Անոնք իրենց սովորութիւնները կորսնցուցած են Ի. դարուն, երբ նստակեաց դարձած են եւ իրենց զաւակները ստիպուած եղած են ռուսերէն սորվիլ դպրոցը:

Ներկայիս անոնց լեզուն գրեթէ չի խօսուիր: Սակայն անոնք կ'ուզեն վերագտնել իրենց սովորութիւնները, եւ կարգ մը չուքչիներ կը լքեն իրենց տուները` դարձեալ իրենց պապերուն նման թափառաշրջիկ դառնալու համար եւ ապրելու իրենց ժողովուրդին աւանդական վրաններուն` եարանկաներուն մէջ[2]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Չուքչիներու կեանքը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2025-05-12-ին։ արտագրուած է՝ 2025-07-25 
  2. Չուքչիները