Չուող Թռչուններու Համաշխարհային Օր
Չուող թռչուններու համաշխարհային օրը (World Migratory Bird Day; WMBD) կը նշուի Մայիս ամսուայ իւրաքանչիւր երկրորդ շաբաթ, կամ երկրորդ կիրակի օրը՝ ԱՄՆ Կոռնելի համալսարանի թռչնաբաններու խնդրանքով՝ 1993 թուականներուն։ Եւ չնայած այսմիջազգային տօն է, բայց ասոր վերաբերող միջոցառումներ տեղի կ՚ունենան հիմնականին Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ։ Միջոցառման նպատակը կը հանդիսանայ հասարակութեան ուշադրութիւնը հրաւիրել գլոբալ էկոլոգիական փոփոխութիւններուն, որոնք կը քայքայեն ամառնային եւ ձմեռնային չուող թռչուններու արեալի էկոհամակարգը, ինչպէս նաեւ նպատակ ունին վերականգնելու չուող թռչուններու բազմացման, չուելու, ձուադրման համար անհրաժեշտ բնական պայմանները։
2016 թուականէն սկսած՝ տօնը նշուած է 10 Մայիսին։
Չուող թռչուններու համաշխարհային օրը (WMBD) կը հանդիսանայ ամէնամեայ իրազեկման միջոցառումներու շարք, որոնց նպատակն է ընդգծել, որ անհրաժեշտ է պահպանել չուող թռչուններուն եւ անոնց կացութեան վայրերը։ Այս շատ արդիւնաւետ գործիք կը հանդիսանայ, կ՚օգնէ տեղեկութիւններ ունենալ չուող թռչուններուն սպառնացող վտանգներու, անոնց էկոլոգիական նշանակութեան մասին, անոնց պաշտպանութեան համար կոչ կ՚ընէ միջազգային համագործակցութեան։
Ամէն տարի WMBD տօնի կապակցութեամբ ամբողջ աշխարհոին մէջ կը կազմակերպուին այնպիսի հասարակական միջոցառումներ, ինչպիսին են թռչուններու տօնը, տարբեր կրթական ծրագիրներ, ցուցահանդէսներ եւ էքսկուրսիաներ՝ թռչուններուն հետեւելու համար։ Տարբեր պետութիւններու մէջ այս միջոցառումները կարող են տեղի ունենալ տարուայ ցանկացած եղանակի, քանի որ չուելու շրջանը տարբեր երկիրներու մէջ տարբեր եղանակներու կ՚ըլլայ։ Սակայն տօնակատարութեան գլխաւոր օրը 10 Մայիսն է։
Դեռ 1918 թուականին ստորագրուած է «Չուող թռչուններու մասին միջազգային պայմանագիրը», որ սակայն չի լուծեր չուող թռչուններու հետ կապուած խնդիրները[1]։
Չուող թռչուններու տաս տեսակէն մէկ տեսակը գրեթէ ոչնչացման եզրին է։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Всемирный день мигрирующих птиц»։ Calend.ru։ արտագրուած է՝ 2020 թ․ մայիսի 7
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Официальный сайт проекта (англ) Archived 2025-09-11 at the Wayback Machine.
- Всемирный день перелетных птиц | РИА Новости. 11.05.2013