Չիա սերմերը
Արտաքին տեսք

Չիայի սերմերը (/tʃiːə/ CHEE-ah) Salvia hispanica-ի ուտելիք սերմեր, անանուխի ընտանիքէն (Lamiaceae) ծաղկող բոյսեր՝ կեդրոնական եւ հարաւային Մեքսիքոյի մէջ։ Չիայի սերմերը ձուաձեւ եւ մոխրագոյն՝ սեւ եւ ճերմակ բիծերով, ունին շուրջ 2 միլիմեթր տրամագիծ[1][2]:
Յատկանիշներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Օգտակար են ուղեղի եւ սիրտի առողջութեան` շնորհիւ Օմեկա 3 եւ Օմեկա 6 ճարպաթթուներուն:
- Կը նպաստեն մարսողութեան եւ կուշտ կը պահեն` շնորհիւ մանրաթելերուն:
- Կ'օգնեն արեան մէջ շաքարի մակարդակի վերահսկման:
Չիա սերմերը օգտագործելէ առաջ զանոնք առնուազն կէս ժամ պէտք է թրջել ջուրի մէջ (նախընտրաբար` ամբողջ գիշեր մը), ապա աւելցնել սմութիներու կամ փուտինկներու, ինչպէս նաեւ պտուղով աղցաններու վրայ[3]: