Jump to content

Չաչափոյաներ

Չաչափոյաները, Փերուի հիւսիսը ապրած ժողովուրդ՝ 800 թուականներէն մինչեւ 1500 թուականներու վերջը:

Անոնց անունը կը նշանակէ «ամպերու ժողովուրդ»:

Անոնք կ'ապրէին մշուշով պատուած լեռները ծածկող խոնաւ անտառներուն մէջ, 2000-3000 մեթր բարձրութեան վրայ:

Անոնք իրենց հողերը կը մշակէին աստիճանաւոր դարատուփերու դրութեամբ:

Չաչափոյաները նաեւ մարտիկներ էին. անոնք մարտնչած են իրենց հզօր դրացի ինքաներուն դէմ:

Մշակոյթ եւ ճարտարապետութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Չաչափոյաները ունէին զարգացած մշակոյթ եւ շինարարական ճարտարութիւն[1]։

Իրենց քաղաքները կը կառուցէին քարով՝ առանց շաղախի, եւ յաճախ զանոնք կը կառուցէին լեռնային գագաթներու վրայ։ Ամէնէն նշանաւոր հնավայրերէն մէկը՝ Կուէլափ (Kuélap), կը նկատուի «փոքր Մաչու Փիչու» եւ կը գտնուի շուրջ 3000 մեթր բարձրութեան վրայ։

Անիկա կը պարունակէ պարիսպներ, կլոր յարկերով տուներ եւ գրաւիչ քանդակներ։

Չաչափոյաններուն շինութիւններուն մէջ կարելի է հանդիպիլ քարէ, կլոր, աստիճաններով օժտուած եւ երկրաչափական ձեւերով ու մարդկային կերպարանքներով զարդարուած կառոյցներու: Կրնայ ըլլալ, որ անոնք ծիսակատարութիւններու վայրեր էին: Մինչ ուրիշ կառոյցներ շինուած են ժայռոտ լանջերու վրայ[2]:

Չաչափոյաները տասնամեակներ շարունակ փորձած են դիմադրել ինկաներուն գերիշխանութեան, սակայն ԺԵ. դարու վերջաւորութեան՝ ինքաները կը նուաճեն զանոնք։

ԺԶ. դարուն, սպանացի գաղութարարներուն ժամանումով, Չաչափոյաներու բնակչութիւնը զգալիօրէն կը նուազի՝ պատերազմներու եւ նոր հիւանդութիւններու պատճառով։

Չաչափոյաներու մշակոյթը այսօր կը պատկանի Փերուի հնագիտական հարստութեան ամէնէն բարձրարժէք գանձերուն շարքին։ Կուէլափի բերդը, բազմաթիւ քարանձաւային գերեզմաններ եւ նկարազարդ պատեր կը վկայեն զարգացած ու ինքնատիպ մշակոյթի մը մասին։

Ժամանակակից ուսումնասիրողներ կը շարունակեն բացայայտել անոնց պատմութեան թաքուն էջերը[3]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • von Hagen, Adriana. An Overview of Chachapoya Archaeology and History from the Museo Leymebamba website.
  • Hemming, John. Conquest of the Incas. Harcourt, 1970.
  • Muscutt, Keith. Warriors of the Clouds. University of New Mexico Press, Albuquerque, 1998.
  • Savoy, Gene. Antisuyo: The Search for the Lost Cities of the Andes. Simon & Schuster, 1970.
  • Schjellerup, Inge R. Incas and Spaniards in the Conquest of the Chachapoyas. Göteborg University, 1997.
  • New Chachapoyan archaeological site discovered, September 16, 2010 201009165074 | New Chachapoyan archaeological site discovered
  • Giffhorn, Hans. Was America Discovered in Ancient Times?. C. H. Beck, 2013, 2nd revised edition March 2014. Published in the German Language as Wurde Amerika in der Antike entdeckt? Karthager, Kelten und das Rätsel der Chachapoya
  • PBS TV Program Secrets of the Dead: Carthage's Lost Warriors. Single DVD, in English language.