Jump to content

Չամիչ

Չամիչը չորցած խաղող է։

Բնական կամ արհեստական միջոցներով չորցուելով՝ խաղողը կը վերածուի քաղցր եւ սննդարար պտուղի[1]։

Չամիչը կը պատրաստուի խաղողը արեւուն տակ կամ ջերմային մեքենաներու միջոցով չորցնելով։

Արեւային չորացումը բնական եւ աւանդական միջոց մըն է, որ կը պահէ խաղողին համն ու սննդարար բովանդակութիւնը[2]։

Չամիչին տեսակները այլազան են եւ կախեալ՝ խաղողին տեսակէն եւ պատրաստութեան եղանակէն.

  • Սեւ կամ մութ գոյնի՝ պատրաստուած մութ գոյնի խաղողէն։
  • Ոսկեգոյն՝ պատրաստուած ոսկեգոյն կամ բաց գոյն խաղողէն, երբեմն ծծմբաթթուով մշակուած՝ գոյնը պահելու համար։
  • Առանց կորիզի՝ փոքր ու քաղցր հատիկներով։
  • Մարսողական համակարգի բարելաւում,
  • Չամիչին մէջ գտնուող երկաթը անհրաժեշտ է հեմոկլոպին ստեղծելու։ Յատկապէս երկաթի պակաս ունեցող անձերու համար, չամիչը բնական միջոց մըն է՝ անեմիան կանխարգիլելու։
  • Կ'օգնէ նուազեցնելու վնասակար քոլեսթերոլի քանակը։
  • Կրնայ պաշտպանել լինտերը եւ ակռաները բորբոքումներէ կամ վարակներէ։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]