Ուրցագեղձ

Ուրցագեղձ, (Անգլ.Thymus gland): Բառին արմատը կու գայ յունարէն «thumos» բառէն, որ կը խորհրդանշէ՝ սիրտ, հոգի, փափաք եւ կեանք բառերը:
Յոյն բժիշկ եւ գրող Փերկամոնացի Կալէն, Քրիստոսէ ետք Բ. դարուն, կրծքավանդակին մէջ գտնուող այս գեղձը անուանած է «thymus gland» եւ ի՛նք նշած է, որ այս գեղձը կեանքի ընթացքին ծաւալի փոփոխութիւն կ'ունենայ: Այս գեղձին անուանումը շատեր կապած են գեղձին ուրցի խուրցի մը նմանութեան[1]:
Նկարագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ուրցագեղձը մարմինի «T» բջիջներու (thymic cells) զարգացման հետ առնչուած է. ան վարակամերժութեան (immunity) հետ առնչուող օրկան մըն է:
Ուրցագեղձը բուրգի նմանող մանիշակագոյն-մոխրագոյն գեղձ մըն է: Անիկա կը գտնուի կրծքախորշի (mediastinum) յառաջամասի վերին բաժինին մէջ, վահանագեղձէն (thyroid gland) վար, կրծոսկրին (sternum) ետեւը եւ սիրտին առջեւ: Ան վիզին մէջ կը տեսնուի շնչափողին առջեւ եւ անոր երկու կողմերը ու կ'երկարի վիզէն դէպի կրծքախորշ[2]:
Ուրցագեղձը կազմուած է երկու նոյնանման բլթակներէ (lobes), որոնք կը ներկայացեն բազմաթիւ բլթիկներու խմբակցութիւն մը (lobules):
Իւրաքանչիւր բլթակ կազմուած է մակերեսային շերտէ (cortex) եւ միջուկային շերտէ (medulla), որոնք ունին տարբեր գործունէութիւն «T»բջիջներու զարգացման գործընթացին մէջ:
Ուրցագեղձը ունի երկու տեսակ բջիջներ՝ գեղձային բջիջներ եւ ոսկրածուծի արիւնաստեղծ բջիջներէ յառաջացած արեան յատուկ ճերմակ գնդիկներ կամ բջիջներ, որոնք կը կոչուին ուրցաբջիջներ (thymocytes) կամ «T» բջիջներ:
Նորածիններու պարագային
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Նորածինը կ'ունենայ բաւական մեծ ուրցագեղձ՝ համեմատաբար իր մարմինի ծաւալին:
Ծնունդէն ետք գեղձը կը շարունակէ ծաւալիլ եւ արբունքի շրջանին կը հասնի իր առաւելագոյն մեծութեան:
Ամբողջ այս շրջանին ուրցագեղձը կը մնայ գործօն, այսինքն՝ «T» բջիջներու կազմաւորումը տեղի կ'ունենայ կանոնաւորապէս:
Նորածին մանուկի մը ուրցագեղձը կը կշռէ մօտաւորապէս 14 կրամ:
Արբունքի շրջանին
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արբունքէն ետք, ուրցագեղձը կամաց կամաց կը հիւծի եւ կը փոխարինուի ճարպային հիւսքով: Շատ քիչ պարագաներուն «T» բջիջներու կազմաւորումը կը շարունակուի ամբողջ կեանքի ընթացքին: Ուրցագեղձին հիւծումը հետեւանքն է արբունքէն ետք եւ ամբողջ կեանքի տեւողութեան մարմինին մէջ շրջագայող սեռային ներծորոյթներու (sex hormones) ներգործութեան:
Արբունքի ընթացքին անիկա կը կշռէ 34-36 կրամ, 25 տարեկանին՝ 60 կրամ, 60 տարեկանին՝ 15 կրամ, 70 տարեկանին 5 կրամէ պակաս:
Դերակատարութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ուրցագեղձը ունի երկու պարտականութիւն.
Ա. Մեծ դերակատարութիւն վարակամերժութեան համակարգին մէջ.
Վարակամերժութեան համակարգի կարեւորագոյն ազդակներէն են «T» բջիջները, որոնք արեան ճերմակ գնդիկներու խմբաւորում մըն են:
«T» բջիջները ծնունդ կ'առնեն ոսկրածուծին մէջ եւ հոնկէ ելլելով կը հասնին ուրցագեղձ, ուր տեղի կ'ունենայ անոնց աճը, բազմացումը, զարգացումը եւ աշխուժացումը: Այս հանգրուանէն ետք անոնք կը մտնեն արեան շրջագայութեան մէջ եւ կը հաստատուին փայծաղին եւ աւշագեղձերու մէջ՝ գործածուելու համար ըստ մարմինի պահանջքներուն:
«T» բջիջներու աճը սկիզբ կ'առնէ սաղմնային կեանքին ընթացքին՝ ծնունդէն շատ առաջ:
«T» բջիջները շատ երկար կեանք ունին: Անոնք ամբողջ կեանքի տեւողութեան կ'աճին եւ կը բազմանան:
«T» բջիջներու պարտականութիւններն են՝
- Պաշտպանել մարմինը բորբոքումներու եւ տեսակաւոր մանրէներու դէմ՝ հակամարմիններ արտադրելով:
- Կանոնաւորել մարմինի ամբողջականութիւնը եւ օրկաններու մաշումը:
- Արգիլել մարմինին մէջ անբնական բջիջներու կազմաւորումը, որ պատճառ կրնայ դառնալ քաղցկեղի զանազան տեսակներու զարգացման:
- Օժանդակել ոսկրածուծին, որպէսզի արտադրուի դիմադրողական համակարգի բջիջները:
- Ուրցագեղձի կորուստը անչափահասներու մօտ, մասնաւորաբար մանուկներու մօտ, պատճառ կը դառնայ անոնց դիմադրողականութեան անբաւարարութեան, որ կը նպաստէ բորբոքումներու յաճախականութեան:
Բ. Կարգ մը ներծորոյթներու արտադրութիւն
- Ներծորոյթ մը, որ կը գրգռէ ոսկրածուծը որպէսզի աշխուժացնէ ուրցաբջիջներու արտադրութիւնը.
- Ուրցոսին (thymosin) ներծորոյթը, որ կը գրգռէ «T» բջիջները փայծաղին եւ աւշագեղձերուն մէջ, որպէսզի անոնք աւելի աշխուժանան:
Ուրցագեղձի ախտաբանական երեւոյթներն են՝
Ա. Զանազան տեսակի ուռեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]ա. Ուրցուռ (Thymoma), անիկա ուրցագեղձի բջիջներու լաւորակ ուռն է, սակայն տարիներ ետք անիկա կրնայ քաղցկեղի վերածուիլ: Այս ուռը ճնշում կը բանեցնէ խռչափողին վրայ եւ պատճառ կը դառնայ մնայուն հազի: Անոր դարմանումը կը կատարուի գեղձի ամբողջական վիրահատումով՝ ուրցահատում (thymectomy):
բ. Ուրցա-աւշային ուռ (thymic lymphoma), անիկա ուրցագեղձաւշային ուռ մըն է, որ ծագում կ'առնէ ուրցագեղձի արիւնաստեղծ բջիջներէն: Անիկա կը յայտնուի վարակամերժութեան տկարացումով:
գ. Ուրցագեղձային պարկեր (thymic cysts), անոնք կը յայտնուին վիզին վրայ: Անոնք լաւորակ պարկեր են:
դ. Ուրցագեղձի քաղցկեղ.
Բ. Ուրցագեղձի ենթագործունէութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Անիկա կը յառաջանայ հետեւեալ ախտապատճառներով.
ա. Ջրագորթիզոնի (Hydrocortisone) չափազանց գործածութիւն,
բ. Մարմնական զօրաւոր բորբոքումներ, ուր գեղձը կը հիւծի շատ արագ,
գ. Թունաւոր քիմիական նիւթերու ներգործութիւն,
դ. Յոռի սննդարութիւն՝ ալքոլի, ծխախոտի, շաքարեղէններու եւ ճարպերու առատ սպառում,
ե. Բնասպիտի (protein) անբաւարարութիւն, մանաւանդ՝ անչափահասներու պարագային,
է. Մակուղեղի (pituitary gland) անբաւարարութիւն եւ թերի աշխատանք։
Ախտանշաններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ուրցագեղձի ենթագործունէութեամբ կը յառաջանան հետեւեալ ախտանշանները՝
- յաճախակի բորբոքումներ,
- առատ քրտինք,
- կոկորդի ցաւ,
- մարմինի գեղձերու ծաւալում եւ դիմադրողականութեան անբաւարարարութիւն:
Կանխարգիլում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Ուրցագեղձի ենթագործունէութիւնը կարելի է կանխարգիլել հետեւեալ միջոցառումներով՝ չծխել, ալքոլ չգործածել, ճարպեր եւ շաքարեղէններ չուտել, լաւ քնանալ, մարզանք ընել եւ սննդականոնի հետեւիլ։
Գ. Ուրցագեղձի թերաճութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Անիկա ծինային հիւանդութիւն մըն է, որ կը յատկանշուի «T» բջիջներու վարակամերժութեան անբաւարարութեամբ: Անոր ախտանշաններն են՝
- ականջի ցաւ,
- պզտիկ եւ ետ քաշուած ծնօտ,
- ընդոծին սիրտի հիւանդութիւններ, յետ ծննդեան յաճախակի բորբոքումներ,
- երկու ակնագունդերու իրարմէ բնականէն աւելի հեռաւորութիւն (ocular hypertelorism) եւ կարճ շրթնակօս (philtrum), որ քիթէն դէպի վերին շրթունք երկարող փոսիկ մըն է:
Դ. Ուրցագեղձի ընդոծին բացակայութիւն, որ շատ հազուագիւտ է
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ե. Զօրաւոր մկանահիւծանք (Myasthenia gravis)
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Անիկա մարմինի ընդհանուր մկաններու տկարութեան ախտ մըն է, որ կը յատկանշուի մասնաւորապէս աչքի, վիզի, ուսի, սրունքներու եւ բազուկներու մկանային տկարացումով եւ մարմնական ընդհանուր յոգնութեամբ: Անիկա կը յառաջանայ երբ ուրցագեղձի «T» բջիջները կը յարձակին եւ կը վնասեն մկաններու հասնող ջիղերուն:
Այս հիւանդութիւնը կը դարմանուի ուրցագեղձի վիրահատումով[3]: