Ուրմիոյ Գործողութիւն

Ուրմիոյ Գործողութիւն
Համաշխարհային Ա. Պատերազմ
Թուական Յունուար - Յունիս 1915
Վայր Իրանական Ազրպէյճան
Արդիւնք ռուսերու յաղթանակ
Հակառակորդներ
Ռուսիա Ազրպէյճանական խումբ Թուրքիա 3-րդ համահաւաք գումարտակ
37-րդ բաժին
Հրամանատարներ
Ռուսիա Ֆյոտոր Ճերնոզուպով
Ֆոմա Իվանովիչ
Թուրքիա Խալիլ պէյ

Ուրմիոյ ռազմագործողութիւն (Յունուար-Յունիս1915), ռուսիոյ ազրպէյճանական բանակի զօրամասերու գործողութիւնները՝ Ուրմիոյ լիճի շրջանին մէջ Համաշխարհաին Ա. պատերազմի պարսիկներու պատերազմի ընթացքին:

Ազրպէյճանական ուղղութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ազրպէյճանի ռազմագործողութիւններու երկրորդական ուղղութիւնը Կովկասեան բանակի ամէնաձախ բաժինին վրայ կը գտնուէր եւ Թաւրիզէն, Ուրմիոյ լիճէն մինչեւ Ռաւանտուզ եւ Մոսուլ կ'երկարէր: Վանայ լիճի հարաւ-արեւելեան լեռները հիմնական ռազմաճակատի մէջտեղէն կ'անցնէին: Տարածքին մէջ քիչ էին բաց ճամբաները, անոնց մեծ մասը շրջանցիկ էին[1]:

1909-1912 թուականներուն ռուսերը Թաւրիզի եւ Ուրմիոյ լիճի մէջ մեծ խումբ մը կը պահէին, որ պատերազմի ընթացքին Ճուլֆայէն Էրիւան եւ Գանձակ գացող ճամբորդները կը պաշտպանէր: Թուրք լրտեսներ ռազմատենչօրէն կը գրոհէին քիւրտերու եւ շահսեւէններու վրայ: Այս ռազմատենչերը կանխելու եւ Ռուսիոյ դէմ ապստամբելու նպատակով, իրանական Ազրպէյճանի հիւսիս-արեւմուտքին մէջ Կովկասեան 2-րդ հրետանային բաժինի, 2-րդ գումարտակի, խազախական 4-րդ բաժինի եւ սահմանապահ 27-րդ կիսաբաժինի ¾ գումարտակի կազմին մէջ ջոկատ մը կազմուած է: Ընդհանուր՝ հետեւակային 8 ¾ գումարտակ, 24 հարիւրեակ եւ 24 հրանօթ կազմուած էր[2]:

Ազրպէյճանի բանակին ղեկավար նշանակուած է զօրավար Ֆ. Գ. Ճերնոզուպովը: Անոր առջեւ խնդիր դրուած է հետեւիլ եւ ապահովել Մոսուլ-Ռաւանտուզ-Թաւրիզ եւ Վան-Ուրմիա ուղղութիւնը: Այդ նպատակով զօրքերը շրջանի կարեւորագոյն վայրերը գրաւած էին՝ Թաւրիզը, Խոյը, Տիլմանը եւ Ուրմիան, եւ դէպի Մարաղա, Սոուչ-Պուլակ եւ Մաքու քաշած էին յառաջապահ փոքր ջոկատները[2]:

Սկզբնական շրջանին, խումբը ենթակայ էր Կովկասեան 4-րդ բանակային մարմինի զօրավար Պ. Ի. Օգանովսկին, բայց զօրամասերու կապուած էր: 400 քմ երկարութիւն ունեցող ճակատի կառավարման դժուարութիւնները եւ մարմինի ու խումբին առջեւ դրուած խնդիրները, յետագային որպէս ռազմական ինքնուրոյն միաւոր կ'արձանագրուի, որմէ ետք բանակի հրամանատարութեան իշխանութեան տակ կ'անցնի[3]:

Մինչեւ Դեկտեմբեր 1914, տեղի ունեցած բախումները նշանակալի չէին, բայց արդէն Նոյեմբերին, թուրքերը կը սկսին աշխուժանալ Ռաւանտուզի շրջանին մէջ, իսկ Վանի շրջանին մէջ 37-րդ հետեւակային բաժինի զօրամասերը կը յայտնուին[4]:

Դեկտեմբերեան նահանջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

15 Դեկտեմբեր-ին Կովկասեան բանակի հրամանատար Ա. Զ. Միշլաեւսկին, Սարիղամիշի մէջ թուրքերու շրջապատումէն ետք, զօրքը լքելով Թիֆլիս փախուստ կու տայ՝ փրկուելու նպատակով: Ան Կովկասեան 4-րդ մարմինին կը հրամայէ շատ արագ դէպի ռուսական տարածք նահանջել, իսկ Ճեռնոզուպովի խումբին կը հրամայէ Ճուլֆա նահանջել: Զօրավար Օգանովսկի, որու զօրքերը որեւէ ճնշման չէին ենթարկուած հակառակորդին կողմէ, այս հրամանը կ'անտեսէ, որովհետեւ նահանջը հարուածի տակ կը դնէր Սարիղամիշեան խումբի բաժինը, բայց Ճեռնոզուպով կը հեռանայ գրաւուած շրջանէն եւ խումբը Ճույֆայի եւ Խոյի մօտակայքին կը տեղակայուի[5]: Արագ փախուստի պատճառով անոնք չեն յաջողիր պահեստները ամբողջովին դատարկել, մեծ քանակութեամբ պահեստաւորուած ապրանքներ ու մթերքներ դուրս կը նետեն կամ ալ կ'ոչնչացնեն[6]:

Այս նահանջը զգալի վնաս կը պատճառէ, որովհետեւ քիւրտերու մէկ մասը, տեսնելով ռուսերու թուլութիւնը, թուրքերուն կողմը կ'անցնին եւ անոր հետեւանքով մեծ ջանքեր պէտք է ըլլան վերստին հպատակեցնելու համար[7]:

Ուրմիոյ լիճի եւ Տիլմանի շրջաններուն մէջ հայկական եւ ասորական բնակչութիւնը իսլամական վրէժխնդրութենէն վախնալով, խուճապահար քաղաքը կը լքեն, փախստականներու ամբոխները դէպի հիւսիս գացող ճամբան կանցնին, եւ այս մէկ զօրքերուն նահանջը կը խանգարեն[8]:

29 Դեկտեմբեր-ին (11 Յունուար-ին) Ճեռնոզուովը կովկասեան 2-րդ մարմինի զօրավար Ֆ. Ի. Նազարբեկովին հրաման կու տայ կրկին Խոյը նուաճել: Յաջորդ օրը ռուսերը կռիւի կ'անցնին, կը գրաւեն քաղաքը եւ յառաջապահ զօրքերուն դուրս կը հանեն դէպի Կոտուր եւ Տիլման: Զօրքի մնացեալ բաժինները դէպի Ճուլֆա կը հեռանան[9]:

Թուրքերը փոքր խումբերով կը նուաճեն մնացեալ լքուած քաղաքները: 1 Յունուար-ին կամաւորական խումբերը, սահմանապահները եւ քրտական հեծելազօրը Թաւրիզ կը մտնեն եւ շատ արագ Խոյ կը հասնին:

Ռուսերու Յարձակում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սարիղամիշէն վերադառնալով՝ զօրավար Ն. Ն. Յուտենիչ Ճեռնոզուպովի կը հրամայէ իրավիճակը վերականգնել: Թուրքերուն եւ քիւրտերուն հետ եռօրեայ յամառ մարտերէ ետք, 15 Յունուարին Սուֆիան կը գրաւեն, յաջորդ օրը, դարձեալ կռիւ մղելով, Ճապարլին եւ 17 Յունուարին ռուսերը կը մտնեն հակառակորդին կողմէ լքուած Թաւրիզը[10]:

16 Փետրուարին Նազարբեկովի՝ Փոլթավեան խազախական առաջին գունդով եւ Կովկասեան 8-րդ գունդով ամրացուած զօրամասերը Սուֆիանէն քաշուելով թուրքերու կողմէ՝ յարձակման կ'անցնին եւ առանց կռիւի կը գրաւեն Տիլմանը[10]:

Խումբը, մինչեւ 10 Ապրիլ այս դիրքերուն վրայ կը մնայ[10]:

Թրքական Յարձակում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ապրիլի սկիզբը Վանայ լիճի շրջանին մէջ թրքական զօրքեր կ'ամրացուին եւ ամսուան կէսերուն 3-րդ միացեալ եւ 37-րդ բաժինները, որոնք Խալիլ Պէյի հրամանատարութեան տակ կը գտնուէին, քրտական հեծելազօրքին հետ պարսկական տարածք կը ներխուժեն եւ Ուրմիան կը գրաւեն, որմէ ետք կ'որոշեն դէպի Գանձակ եւ Պաքու անցնիլ: Այդ ժամանակ թուրքերու թիկունքին կը սկսի Վանի ապստամբութիւնը եւ նոյն մարմինի կազմին մէջ մտնող 5-րդ բաժինը կը ստիպուի ճնշում գործադրել[11][12]:

37-րդ խումբը Պաշքալէի մէջ դիրք կը բռնէ, իսկ 16 Ապրիլին Խալիլ Պէյը 3-րդ միացեալ, ոստիկանական եւ սահմանապահ զօրամասերու հետ (10-12 գումարտակ, 12 թնդանօթ, քանի մը հազար քիւրտեր) Տիլմանէն դուրս կը մղէ ռուսերուն եւ կը սկսի հետապնդել զանոնք: Թովմաս Նազարբէկեանին պաշար կ'ուղարկուի, եւ 17 Ապրիլին ան կը գրաւէ Տիլմանէն 6 քմ հիւսիս գտնուող Մոհանջիկի դիրքերը, ուր ան կ'օգտագործէ 8,5 գումարտակ, 12 թնդանօթ եւ 12 հարիւրեակ[11]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Масловский, с. 26
  2. 2,0 2,1 Масловский, с. 65
  3. Масловский, с. 141
  4. Масловский, с. 77
  5. Масловский, с. 100—101
  6. Масловский, с. 153
  7. Масловский, с. 101
  8. Масловский, с. 153—154
  9. Масловский, с. 154
  10. 10,0 10,1 10,2 Масловский, с. 155
  11. 11,0 11,1 Масловский, с. 156
  12. История первой мировой войны 1914-1918 гг. Глава пятая. Кампания 1915 г.

Գրականութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • История Первой мировой войны 1914—1918 гг. / под редакцией И. И. Ростунова. — в 2-х томах. — М.: Наука, 1975
  • Масловский Е. В. Мировая война на Кавказском фронте. — Париж: Возрождение, 1933
  • Стрелянов (Калабухов) П. Н. Казаки в Персии. 1909—1918 гг. — М.: Центрполиграф, 2007. — 442 с. — (Россия забытая и неизвестная). — ISBN 978-5-9524-3057-0
  • Шишов А. В. Персидский фронт (1909—1918). Незаслуженно забытые победы. — М.: Вече, 2010. — (Военные тайны XX века). — ISBN 978-5-9533-4866-9