Jump to content

Ուրթ (գետ)

Բնութագիր
Երկայնք 165 քիլոմեթր քմ
Աւազանի
մակերես
3624 քմ² քմ2
 · Գետաբերանի տեղակայում Մաաս

Ուրթ (ֆրOurthe), 165 կիլոմեթր երկարութիւն ունեցող գետ Պելճիքայի Թագաւորութեան Վալոնիա երկրամասին մէջ, Արտէնեան լեռնաշղթային մէջ: Կ՛առաջանայ Արեւմտեան Ուրթ եւ Արեւելեան Ուրթտ գետերու միախառնումով: Մաաս գետի աջակողմեան վտակներէն է:

Ընդհանուր տեղեկութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արեւմտեան Ուրթի ակունքը կը գտնուի պելճիքական Լիւքսեմպուրկ նահանգին մէջ՝ Լիպրամոնդ-Չեւինյի քաղաքէն ոչ հեռու: Արեւելեան Ուրթի ակունքը նոյնպէս Լիւքսեմպուրկ նահանգին մէջ է, Լիւքսեմպուրկ պետութեան հետ սահմանէն ոչ հեռու, Կուվէ քաղաքին մօտակայքը: Նիսրամոնտ քաղաքին մօտ Ուրթի երկու հատուածերը կը միանան, որմէ ետք գետը նախ կը հոսի հիւսիսարեւմտեան ուղղութեամբ, ապա՝ դէպի Հիւսիս: Նուասօ քաղաքին մօտ Ուրթ գետը կարճ տարածութեան վրայ կը հոսի Նամիւր նահանգով, Տիւրպուա համայնքը անցնելէ ետք մուտք կը գործէ Լիէժ նահանգ եւ այդ նահանգին կեդրոնը՝ Լիէժ քաղաքին մէջ կը միանայ Մաասին:

Ուրթ գետի կարեւոր վտակներէն են Ամփլեվի եւ Ֆեստրոմ: Գետին ափերուն գտնուող համեմատաբար մեծ քաղաքներն են Ուֆալիզ, Լա Ռոշ ան Արտէն, Հոտտօն, Տիւրպուա, Ամուար, Էսնեու:

Լիէժ նահանգին մէջ (Անկլեր) 1991-2001 տարիներուն կատարուած են Ուրթի ջրահոսքի չափումներ, որոնց արդիւնքով պարզ դարձած է, որ գետին հունով իւրաքանչիւր վայրկեան կը հոսի միջին հաշուով 241 խորանարդ մեթր ջուր: Վարարումներու ժամանակ այդ ցուցանիշը հասած է վայրկեանը 310,5 խորանարդ մեթրի, իսկ աւելի երաշտ տարիներուն կազմած է 110,4 խորանարդ մեթր մէկ վայրկեանի մէջ: [1]. [2] : [3]


Ուրթը շարժանկարներու մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ուրթ գետի եւ անոր հովիտի մասին շարժապատկերի բեմադրիչ Ժան Տելար 1953-ին նկարահանած է «Ուրթի գետահովիտը» (La vallée de l'Ourthe) փաստավաւերագրական կարճամեթրաժ ժապաւէնը (տեւողութիւնը՝ 20 վայրկեան):

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]