Jump to content

Ուտելի Սունկեր

Ուտելի սունկեր, գոյութիւն ունին ուտելի սունկերու բազմաթիւ տեսակներ, որոնք կը հաւաքուին եւ կը մշակուին աշխարհի տարբեր շրջաններու մէջ։

Սունկերը կը տարբերին իրենց յատուկ համով ու հոտով[1]։

Սննդային արժէք

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բազմաթիւ սունկեր կը համարուին օգտակար ու սննդարար, երբեմն կը կոչուին նաեւ «անտառային» կամ «բուսական միս»։

Անոնք հարուստ են սպիտակուցներով (կը պարունակեն մինչեւ 1% ազատ ամինաթթուներ), ածխաջուրերով, սնկային շաքարով, ինչպէս նաեւ «կենդանական ոսլայով»[2]։

Սունկերը կը պարունակեն հանքային նիւթեր՝ փոթասիում, ֆոսֆոր, ծծումբ, մակնեզիում, քալսիում, քլոր, ինչպէս նաեւ կենսանիւթեր A (քարոթին), B C եւ մեծ քանակութեամբ՝ D ։

Սունկերու դասակարգում, ըստ սննդային արժէքի՝

  • Սպիտակ սունկ,
  • Կաղնեսունկ, կեչասունկ, ալիքասունկ,
  • Աղուէսասունկ, Կաթնասունկ,
  • Մեղրասունկ, Հովանոցասունկ կարմրող, Անձրեւասունկ

Չորրորդ խումբին կը պատկանին հազուադէպ հանդիպող եւ քիչ ճանչցուած ուտելի սունկեր։

Ներկայիս սակայն այդ դասակարգումը գրեթէ գործածութենէ դուրս եկած է․ իւրաքանչիւր սունկի տեսակ կը գնահատուի առանձին սննդային նկարագրութեամբ, եւ այդ տեղեկութիւնները յաճախ կը կապուին համաշխարհային խոհանոցին մէջ անոնց ունեցած ազգային առանձնայատկութիւններուն։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]