Jump to content

Ուղղագրութեան մասնակի բարեփոխութիւն (ԽՍՀՄ, 1940)

Ուղղագրութեան մասնակի բարեփոխութիւն, Խորհրդային հայաստանի մէջ, 1940 թուականին տեղի ունեցած արեւելահայերէնի ուղղագրութեան (միայն Խորհրդային միութեան սահմաններէն ներս) մասնակի փոփոխութիւնները։


1940 թուականի օգոստոսի 15-ին Հայկական Խորհրդային Ընկերվաարական Հանրապետութեան նախարարներու խորհուրդը կը հաստատէ Տերմինաբանական կոմիտէի նախագիծը 1922 թ. նոր ուղղագրութիւնը մասնակիօրէն բարեփոխելու վերաբերեալ, ինչը քայլ մըն էր վերադառնալու հայերէնի աւանդական ուղղագրութեան, զոր դեռ կը գործածուէր, ու կը շարունակէ գործածուիլ սփիւռքի մէջ (հայերէնի երկու ճիւղերուն՝ արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի համար)։ Այդ որոշումով հայերէնի ուղղագրութեան մեջ կը կատարուին հետեւեալ փոփոխութիւնները՝

  • Կը վերականգնուին հայոց այբուբենի Է եւ Օ տառերը, որոնք այբուբենէն դուրս մնացած էին 1922 թուականին կատարուած ուղղագրական բարեփոխումներու հետեւանքով։ Ըստ այս նախագիծին այս տառերը գրութեան մէջ կը գործածուին բառասկիզբին՝ որպէս Է եւ Օ, օրինակ՝ էակ, էութիւն, էջ, օր, օթեւան, օղակ, օրրան եւն․․․
  • Բառամիջի եւ բառավերջի դիրքերուն մէջ կը գործածուին միայն Ե եւ Ո տառերը, օրինակ՝ տեսնել, րոպե, խելոք, կորով, հեգնել եւն․․․
  • Ե եւ Ո տառերը բառասկիզբին կը գործածուին արտայայտելու միայն (ye) եւ վօ հնչիւնները, օրինակ՝ ես, երազ, երեկո, ողջունել, ոսկի, որակ եւն․․․ Բացառութիւն կը կազմեն ով, ովքեր դերանունները (այստեղ օրինակները գրուած են սովետական ուղղագրութեամբ)։
  • Բարդ եւ ածանցաւոր բառերուն մէջ կը պահպանուի ստուգաբանական գրութիւնը, օրինակ՝ բնօրինակ, առօրյա (աւանդական ուղղագրութեամբ՝ առօրեայ), կեսօր (աւանդական ուղղագրութեամբ՝ կէսօր), անօթեւան, ամենաէական, անէանալ, չէր եւն․․․
  • Յ-ն՝ իբրեւ ձայնակապ, կը գործածուի ա-էն եւ ո-էն ետք, օրինակ՝ նայիլ, խնայել, գոյանալ, հաճոյախոսել (արեւմտահայերէնով ու աւանդական ուղղագրութեամբ՝ հաճոյախօսիլ) եւն․․․
  • Ե եւ ու ձայնաւորներէն ետք Յ ձայնակապը չի գրուիր, օրինակ՝ մարկարեի, թեկնածուի։
  • Կը սահմանուի եմ օժանդակ բայի խոնարհման տարբեր ձեւերու հետեւեալ ուղղագրութիւնը՝ եմ, ես, է, ենք, էք, են, էի, էիր, էր, էինք, էիք, էին, չեմ, չես, չէի, չէ եւն․․․

Այսպիսով՝ 1940 թուականին կատարուած ուղղագրական մասնակի բարեփոխումը թէեւ չի լուծեր գրաբարեան ու նոր՝ սովետական (երբեմն կը կոչուի Աբեղեանական) ուղղագրութեան միջեւ յառաջացած սկիզբունքային, էական տարբերութիւնները, բայց կը վերացնէ նոր ուղղագրութեան որոշ թերութիւնները, կը վերականգնէ 1922 թուականի ուղղագրական բարեփոխման հետեւանքով հայերենի այբուբենէն դուրս մնացած տառերը, որոշ հարցերու մէջ կը մօտենայ աւանդական (գրաբարեան) ուղղագրութեան, կ՚արտայայտէ արեւելահայ գրական լեզուի հնչիւթային կազմի արդի վիճակը[1]։

Հայաստանի Հանրապետութեան, եւ հետ Խորհրդային միութեան տարածքէն ներս ոմանք դեռ կառչած կը մնան 1922-ի ուղղագրութեան փոփոխութեանց։ Օրինակի համար կը շարունակեն գրել Ես եի Ես էի-ի փոխարէն։

Իսկ ոմանց համար սա դրաական քայլ մըն էր վերադառնալու աւանդական ուղղագրութեան գործածութեան։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Ա. Սուքիասյան, Ժամանակակից հայոց լեզու, Երևան, 2008, էջ 89։