«CEE Women campaign 2026»ը արշաւ մըն է, որ սկսած է 1 Մարտ 2026-ին եւ պիտի տեւէ մինչեւ 31 Մայիս` ժամը 24:00։ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի խմբագիրները արշաւին պիտի միանան 15 Մարտ 2026-ին։
Ի՞նչ կը ներկայացնէ այս արշաւը
Արշաւը Նուիրուած է կանանց եւ կազմակերպուած է կանանց միջազգային տօնին առթիւ։
Անիկա կեդրոնացած է իգական սեռին առնչուող նիւթերու հարստացման, ինչպէս նաեւ Ուիքիփետիայի նախագիծերուն մէջ աւելի լայն մասնակցութեան խրախուսման վրայ:
Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի խմբագիրներուն խմբագրական աշխատանոցները տեղի պիտի ունենան առցանց՝ խմբային եւ անհատական մակարդակներով։
Ինչպէ՞ս մասնակցիլ
Կանանց նուիրուած յօդուածներու ցանկ մը տրամդրուած է, զոր կարելի է գտնել տարբեր լեզուներով (ցանկի յօդուածներուն քով նշուած են միայն անգլերէն տարբերակները)։
Ցանկը կարելի է հարստացնել նաեւ իւրաքանչիւրին նախընտրած կամ նախասիրած յօդուածով մը՝ իգական սեռին վերաբերող։
Անակնկալներ կա՞ն
Նշենք, որ արշաւը պիտի ամփոփուի հաճելի անակնկալով մը։
Արշաւին առաջին հինգ դիրքերը գրաւող մասնակից խմբագիրները՝ ըստ իրենց ստեղծած յօդուածներուն, պիտի գնահատուին նիւթական նուէրներով։
Նշենք, որ նիւթական նուէրները պիտի տրամադրուին ըստ՝ «CEE Hub micro-grant» դրամաշնորհային ծրագիրին եւ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի միջեւ կնքուած պայմանագիրին։
Կանոններ կա՞ն
- Անհրաժեշտ է, որ մասնակիցները ստորագրեն իրենց յօդուածին քովը՝ նախքան խմբագրման անցնիլը։
- Յօդուածներու խմբագրման ընթացքին անհրաժեշտ է յատուկ ուշադրութիւն դարձնել լեզուի անաղարտութեան եւ շարադասութեան ճշգրտութեան։
- Խմբագրուած յօդուածը հրապարակելէ առաջ, անպայման ուշադրութեամբ կարդալ կատարուած կարդալ ներդրումը եւ, անհրաժեշտութեան պարագային, սրբագրել։
- Ողջունելի է յօդուածները հարստացնել բազմալեզու աղբիւրներով եւ ծանօթագրութիւններով։
- Հեղինակային իրաւունքը պահպանելու համար, աղբիւրներուն բովանդակութիւնը նոյնութեամբ չկրկնօրինակել։
- Իւրաքանչիւր յօդուած, զոր կը ստեղծուի, կը համարուի մէկ կէտ։ Ստեղծուած յօդուածը նուազագոյնը պէտք է ըլլայ 2 հազար պայթ։