Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/05-2020

Պսակաձեւ Ժահր

Պսակաձեւ Ժահր-SARS-CoV-2 (ըստ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան), ՌՆԹ պարունակող միաշղթայ ժահր, առաջին անգամ յայտնաբերուած է Դեկտեմբեր 2019-ին, Ուհանի մէջ 2019-2020-ականներու պսակաձեւ ժահրի բռնկման ժամանակ (COVID-19)։

22 Յունուարէն Ուհան քաղաքը արգելանոց յայտարարուած է, ամբողջ հասարակական երթեւեկութեան աշխատանքը դադրած է, իսկ քաղաքը փակուած է մուտքի եւ ելքի համար։ Ընդհանուր առմամբ, Չինաստանի իշխանութիւնները սահմանափակած են 14 քաղաքներու մուտքն ու ելքը։ Ժահրը գրանցուած է Չինաստանի վարչական կազմաւորումներու մեծ մասին մէջ։

22 Յունուարին ժահրի բռնկման կապակցութեամբ տեղի ունեցած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան արտակարգ կոմիտէի արտահերթ նիստը: 23 Յունուարին ԱՀԿ-ի գլխաւոր տնօրէն Թեդրոս Ատան Կեպրէիսուս յայտարարած է, որ ԱՀԿ-ի արտակարգ իրավիճակներու կոմիտէն համակարծիք է, որ նոր պսակաձեւ ժահրի բռնկումը առանձնակի վտանգ մը չի ներկայացներ, որու պատճառով հանրային առողջապահութեան բնագաւառին մէջ արտակարգ միջազգային դրութիւն չէ յայտարարուած․․․ Աւելին