Jump to content

Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/12-2025

Եղեւին (լատին․՝ Picea), մեծ ծառ, կը պատկանի սոճազգիներու ընտանիքի մշտադալար, ասեղնատերեւ ծառերու ցեղին։

Տարածուած է Եւրոպայի, Ասիոյ, Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Ռուսաստանի մէջ։

Կ'աճի կաւային եւ աւազակաւային հողերու մէջ։ Գոյութիւն ունի աւելի քան 40 տեսակ (այլ տուեալներով՝ 50):

Հայաստանի մէջ կ'աճի չորս տեսակ։ Տարածուած են յատկապէս սովորական կամ եւրոպական եւ արծաթափայլ եղեւինները։

Ծառը կարեւոր նիւթ է շինարարութեան փայտի եւ թուղթի արտադրութեան համար։ Կ'օգտագործուի նաեւ լարային գործիքներ պատրաստելու համար:

Բնիկ ամերիկացիներէն ոմանք այս ծառին արմատները օգտագործած են զամբիւղ գործելու։

Նորվեկիա եղեւինը լայնօրէն կ'օգտագործէ Ս. Ծննդեան տօնածառը զարդարելու համար։

Արուեստագէտներ ԺԶ.-էն ԺԸ. դարերուն ընթացքին, եղեւինի պատկերներ նկարազարդած են իւղաներկ նկարներու մէջ․․․Աւելին