Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/12-2021
1984 (անգլերէն՝ Nineteen Eighty-Four), Ճորճ Օրուէլի վէպերէն։
«1984» Վէպը, Անգլիացի գրող Ճորճ Օրուէլի հակա-կոմունիստական վէպն է, որ գրուած է 1948-ին եւ լոյս տեսած է 1949-ին։ Վէպին մէջ ներկայացուած է արեւմտեան քաղաքակրթութիւնը 1984-ին, երբ ամբողջատիրական համակարգի մը դէմ ելլելը անհատներու կործանման կը տանէր։ «1984»ը կը զգուշացնէ Նացիստական Գերմանիոյ դէմ, ինչպէս նաեւ Ստալինի ղեկավարութեան տակ գտնուող Խորհրդային Միութեան եւ նման բռնատիրական ռեժիմներու դէմ ելլողները։ Օրուէլի հանրայայտ այս վէպը նախկին ԽՍՀՄ-ի տարածքէն ներս լոյս կը տեսնէ 1988-էն ետք, որովհետեւ ԽՍՀՄ-ի համակարգը ինքնին ամբողջատիրական եւ բռնատիրական սկզբունքներու վրայ հիմնուած էր, ինչ որ Օրուէլ խստօրէն կը քննադատէ այս գիրքին մէջ։
Վէպը «Անասնաֆիրմա» վիպակին մղումները կը շարունակէ, որ 1917-ի Հոկտեմբերեան ընկերվարական յեղափոխութեան եւ անոր հետեւանքներով յառաջացած զարգացումները կը նկարագրէ, ինչպէս նաեւ այդ օրերու աշխարհաքաղաքական տիրապետող միտումներն ու քաղաքական դէմքերը։ Կան նաեւ քննադատութիւններ եւ պետական միջամտութիւններ․․․ Աւելին⇒