Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/12-2020

Ս. Սոֆիա տաճար, «Ս. իմաստութիւն»; լատ.՝ Sancta Sophia կամ Sancta Sapientia; թրք.՝ Ayasofya Camii), նախապէս՝ յունական ուղղափառ քրիստոնէական տաճար, աւելի ուշ՝ օսմանեան մզկիթ, մինչեւ 2020՝ թանգարան (Այա Սոֆիա թանգարան), իսկ 10 Յուլիս, 2020-էն՝ մզկիթ Կ.Պոլսոյ, Թուրքիոյ մէջ: Տաճարը կառուցուած է Ք.Ե. 537-ին եւ նշանաւոր է իր իւրօրինակ գմբէթով: Այս տաճարը աշխարհի ամենամեծ կառոյցներէն եւ ճարտարապետութեան գլուխ գործոցներէն մէկը կը համարուի: Անիկա կը համարուի նաեւ բիւզանդական ճարտարապետութեան մարմնաւորումը:

Իր ստեղծման օրէն՝ 537, մինչեւ 1453, անիկա եղած է Արեւելեան ուղղափառ տաճար մը եւ հանդիսացած՝ Կ. Պոլսոյ տիեզերական պատրիարքին նստավայրը: Միայն 1204-1261 թուականներուն ընթացքին տաճարը խաչակիրներու կողմէ (Խաչակիրներու Դ. արշաւանքին ատեն) վերածուած է Կաթոլիկ եկեղեցւոյ, որ կը գտնուէր Լատինական կայսրութեան տիրապետութեան տակ: 29 Մայիս 1453-ին, Ս. Սոֆիա տաճարը վերածուած է Օսմանեան մզկիթի. այս կարգավիճակով մնացած է մինչեւ 1931: 1 Փետրուար 1935-էն դարձած է բաց թանգարան: Շուրջ հազար տարի, մինչեւ Սեւիլիոյ տաճարին կառուցումը, (1520,Սպանիա) Ս. Սոֆիա տաճարը համարուած է աշխարհի ամենամեծ տաճարը․․․Աւելին