Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/11-2025

Երաժշտութիւն (յունարէն՝ μουσική, ենթակայ յունարէն՝ μούσα - մուզա բառէն), արուեստի տեսակ, որուն գեղարուեստական նիւթը համակարգուած ձայնն է։ Երաժշտութիւնը յառաջացած է հնաքարի ընթացքին։
Երաժշտութիւնը շփման համամարդկային լեզու է: Դժուար է պատկերացնել մարդուն կեանքը առանց երաժշտութեան, քանի որ անիկա կ'արտայայտէ մարդկային ամէնէն վեհ զգացումներն ու ամէնէն նուրբ ապրումները: Անիկա կը ձեւաւորէ մարդուն ներաշխարհը, ճաշակը, կ'օգնէ` ճիշդ գնահատելու իրադարձութիւնները:
Երաժշտութիւնը մարդկային հոգիին լեզուն է. անիկա կ'արտայայտէ մարդուն ամէնէն նուրբ զգացումները, կը կապէ անցեալը ներկային հետ եւ մարդը՝ իր ներաշխարհին հետ։
Ամէնէն հին նշանաւոր երգը, որ գրառուած է սեպագիր տախտակի մը վրայ եւ յայտնաբերուած է Նիպուրի պեղումներու ատեն, կը վերագրուի 40,000 տարուան։
Ֆլէյտան՝ սրինգը, գիտնականներու կողմէ գրանցուած ամէնէն հին երաժշտական գործիքն է․․․Աւելին⇒