Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/11-2024
Տուրմ, քաքաոյի սերմերով պատրաստուած քաղցրաւենիք։
Կարելի է օգտագործել հեղուկ, պինդ կամ մածուկ վիճակի մէջ, ինչպէս նաեւ իբրեւ բուրումնաւէտ մթերք՝ զանազան տեսակի անուշեղէններու մէջ:
Անիկա կը համարուի աշխարհի ամէնէն սիրուած քաղցրաւենիքներէն մին:
Տուրմը պատմութեան ընթացքին պատրաստուած է իբրեւ խմիչք: Մեքսիքոյի Վերաքրուզ ծոցի ափին գտնուող Չէքքէք հնագիտական վայրին մէջ յայտնաբերուած տեղացի ժողովուրդներուն կողմէ պատրաստուած տուրմի մնացորդները կը վկայեն, որ տուրմի պատրաստման նախապատմութիւնը կը վերագրուի Ք.Ա. 1750 թուականին: Իսկ Մեքսիքոյի՝ Չիապասի խաղաղական ովկիանոսի ափին գտնուող Մոքայա հնագիտական վայրը կը վկայէ, որ քարանձաւային խմիչքները պատրաստուած են Ք.Ա. 1900 թուականէն առաջ:
Ք.Ե. Է. դարուն, երբ Մայաներու քաղաքակրթութիւնը կը շարունակէր ծաղկիլ։ Ի յայտ կու գային նորանոր․․․ Աւելին⇒