Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/11-2020

Արցախը (Artsak) 1788-ին, հրատարակուած՝ Մեծ Հայքի քարտէսին վրայ:

Արցախ, պատմա-աշխարհագրական շրջան՝ Հայկական լեռնաշխարհին արեւելքը։

Երկրամասը տարբեր ժամանակներու ընթացքին հանդէս եկած է տարբեր անուններով՝ ապրելով պատմական իրադարձութիւններու զանազան հանգրուաններ։ Ամենահինը «Արցախ» անուանումն է, որուն յստակ ստուգաբանութիւնը յայտնի չէ։ Տեղանունը ուրարտական սեպագիր արձանագրութիւններուն մէջ հանդէս եկած է «Ուրտեխէ» եւ «Ուրտեխինի» ձեւերով։ Ըստ էութեան տարածքը նմանատիպ անունով կոչած են նաեւ հին յոյները։ Յոյն հեղինակ Ստրաբոնի «Աշխարհագրութեան մէջ» (Ք. ա. 1-ին դար) երկրամասը կը յիշատակուի «Օրխիստենա» անունով՝ իբրեւ Մեծ Հայքի նահանգներէն մէկը, յայտնի իր հսկայ այրուձիով։

Միջնադարուն Արցախ յայտնի եղած է նաեւ «Ծաւդեք» (Ծաւդեաց իշխանական տան անունով, որ Առանշահիկներու մէկ ճիւղը կը կազմէր), «Փոքր Սիւնիք», Ժ. դարէն՝ «Խաչէն» անուններով։ ԺԸ. դարու որոշ ռուսական փաստաթուղթերուն մէջ գործածական է «Փոքր Հայաստան» անուանումը։ Միեւնոյն ժամանակ Ուտիք նահանգին հետ միասին Արցախ կոչուած է «Աղուանք», «արեւելեան կողմանք», «Խորին աշխարհն Հայոց»․․․ Աւելին