Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/10-2025

Զիատ Ռահպանի, լիբանանցի արուստագէտ, երաժիշտ եւ թատերագիր:
Բեմադրած է երաժշտական թատրերգութիւններ, որոնց միջոցով յաճախ քննադատած է Լիբանանի ներքին քաղաքական կեանքը: Ան Ասի Ռահպանիի (1923–1986) եւ Նուհատ Հատտատի՝ Ֆէյրուզի, առաջնեկ որդին է։ Հայրը մաս կազմած է «Ռահպանի Եղբայրներ» համոյթին (Ասի եւ Մանսուր Ռահպանի), որուն երաժշտական եւ թատերական գործունէութիւնը յատկանշական տեղ գրաւած է լիբանանեան երգի եւ երաժշտական թատրոնի զարգացման մէջ 1950-ական թուականներէն ի վեր
Ցիատի երգերը նոր հնչեղութիւն ստեղծած են արաբական աշխարհին համար, իսկ անոր թատերախաղերը սուր քննադատութիւններ էին իր երկիրին փտած քաղաքականութեան վերաբերեալ:
Իր մօր՝ Ֆէյրուզի համար, երգեր գրած է եւ անոնց երաժշտութիւնը յօրինած:
Զիատ Ասի Ռահպանի ծնած է Լեռնալիբանանի Մեթն գաւառի Անթիլիաս շրջանին մէջ․․․Աւելին⇒