Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/08-2025

Խաղող (լատիներէն՝ Vítis), խաղողազգիներու ընտանիքի բոյսերու ցեղ, իսկ՝ անոր ողկոյզները հասուն վիճակին մէջ, քաղցր հատապտուղներ են։
Խաղողին հայրենիքը Մերձաւոր Արեւելքն է։
Անիկա հնագոյն մշակուող պտուղներէն մէկն է, որ մարդոց կողմէ օգտագործուած է մօտաւորապէս ութ հազար տարիէ ի վեր։
Աշխարհի տարածքին գոյութիւն ունի շուրջ 80 տեսակի խաղող, որոնք կը տարբերին իրենց գոյնով, համով, կազմութեամբ եւ քիմիական բաղադրութեամբ։
Խաղողը կը ծառայէ գինիի, չիրի, քացախի եւ յատուկ քաղցրանիւթերու արտադրութեան։
Դարեր շարունակ՝ խաղողը եղած է ոչ միայն սննդարար պտուղ, այլեւ՝ իր քաղցրահամ հատիկներով ոգեշնչած է բանաստեղծներ, նկարիչներ ու գինեգործներ։
Հայ ժողովուրդին կեանքին մէջ խաղողը ունի իր յատուկ տեղը՝ սեղաններու զարդն ըլլալով, միաժամանակ խորհրդանշած է բերքառատութիւն եւ օրհնութիւն։
Հին ժամանակներէ ի վեր խաղողը իր ուրոյն տեղը ունեցած է նաեւ սրբազան արարողութիւններու եւ ժողովրդական աւանդութիւններու մէջ․․․Աւելին⇒