Jump to content

Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/07-2025


«Մարգարէն» (անգլերէն՝ The Prophet) գիրքը՝ Ժպրան Խալիլ Ժպրանի (անգլերէն՝ Khalil Gibran) հեղինակութեամբ՝ կը համարուի համաշխարհային գրականութեան գլուխ-գործոցներէն մէկը, ուր հեղինակը հանճարեղ եւ ինքնատիպ մօտեցումով, բանաստեղծական դարձուածքներով եւ գեղեցիկ մեկնաբանութիւններով կը քննարկէ ընկերային եւ բարոյական կեանքի, ինչպէս նաեւ հաւատքի ու հոգեւոր արժէքներու բազմազան ու բազմաբնոյթ երեսակները:

«Մարգարէն» առաջին անգամ կը գրուի արաբերէնով, երբ դեռ Ժպրան կը յաճախէր Լիբանանի Էշրեֆիէի Սաժես քոլէճը:

Նախնական տարբերակը բոլորովին տարբեր յղացումով մը գրուած էր եւ ոչ մէկ առնչութիւն ունէր այսօրուան «Մարգարէն» գիրքին հետ: Բացի ատկէ, անիկա չէր մշակուած ու յաւելեալ ժամանակի կը կարօտէր բիւրեղանալու համար:

Երբ 1908-ին Փարիզ կ'երթայ ուսանելու, ան կը վերընթերցէ ձեռագիրը ու կ'որոշէ վերամշակել զայն: Սակայն, տակաւին «անոր ժամանակը չէր եկած»:

1912-1918 տարիներուն, այս գործը կը սկսի քիչ-քիչ ստանալ այսօրուան տեսքը ու արդէն անգլերէնով կը հրատարակուի քանի մը տարի ետք․․․Աւելին