Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/07-2021
Մեքքա (արաբերէն՝ مكة), քաղաք Արաբական թերակղզիին Հիժազ շրջանին մէջ։ Մեքքա նաեւ Մաքքա վարչական շրջանին մայրաքաղաքն է։ Քաղաքը կը գտնուի Ժետտայէն 70 Քմ, իսկ Մատինայէն 340 Քմ հեռաւորութեան վրայ եւ ունի ծովու մակերեսէն շուրջ 277 մեթր բարձրութիւն։ 2012-ի տուեալներով քաղաքին բնակչութիւնը շուրջ 2 միլիոն էր, հակառակ անոր, որ այցելուներուն այս թիւը կ'եռապատկուի ամէն տարի «հաժ»ի շրջանին, որ տեղի կ'ունենայ իսլամական լուսնային օրացոյցին 12-րդ ամիսը։
Իբրեւ իսլամութեան հիմնադիր Մուհամմէտին ծննդավայրը, ինչպէս նաեւ Մուհամմէտին առաջին յայտնութեան վայրը (յատկապէս Մեքքայէն 3 Քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող քարանձաւը)՝ Մեքքա իսլամական աշխարհին ամէնէն սուրբ քաղաքը կը համարուի, եւ ուխտագնացութիւնը դէպի այս քաղաքը, որ կը կոչուի «հաժ», պարտադիր է բոլոր իսլամներուն համար գոնէ մէկ անգամ իրենց կեանքի ընթացքին։ Մեքքայի մէջ կը գտնուի Քաապան, որ մեծամասնութեան կողմէ կը համարուի իսլամական կրօնին ամէնէն կարեւոր սրբավայրերէն մէկը. անիկա նաեւ ուղենիշ մը կը համարուի իսլամներուն համար (Կիպլա, որ կը սահմանէ, թէ դէպի ո՛ր ուղղութեամբ պէտք է աղօթեն իսլամները)․․․ Աւելին⇒