Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/06-2025

Հիփաթիա (յուն․՝ Υπατία), փիլիսոփայ, թուաբանագէտ, աստղագէտ, գիտնական եւ տնօրէնուհի՝ Աղեքսանտրիոյ Նոր-պղատոնականութեան Դպրոցին։ Կը սպաննուի քրիստոնեայ մոլեռանդ խուժանի մը կողմէ։
Իր գործերն ու աշխատասիրութիւնները մեզի չեն հասած, սակայն իր մասին տեղեկութիւններ կրնանք քաղել պատմական արձանագրութիւններէ, ինչպէս օրինակ՝ Սոկրատիս Բծախնդիրի երկերէն։
Հիփաթիա ծնած է Աղեքսանտրիա, գարնան, իտալուհի դայեակի մը օգնութեամբ։ Իր ծննդեան ճշգրիտ թուականին համար պատմաբանները տարակարծիք են․ անոնց մեծամասնութիւնը 370-ին յանգած է, իսկ փոքրամասնութիւն մըն ալ՝ 350-370 թուականներուն միջեւ։ Հայրն է՝ յոյն թուաբանագէտ եւ աստղագէտ, Թէօն Θέων ὁ Ἀλεξανδρεύς (եղած է Աղեքսանտրիոյ գրադարանին, որ նաեւ ուսումնարան ալ էր, վերջին տնօրէնը)։
Հիփաթիա ծնած է հռոմէացի Վալենս Ֆլաւիուսի թագաւորութեան եօթներորդ տարին։
Հակառակ ուշ լեզու ելլելուն, երեք տարեկանին կը սկսի կարդալ, իսկ չորս տարեկանին արդէն կը գրէ յունարէն եւ լատիներէն։ Հինգ տարեկանին Հոմերոսին Ոդիսականէն քերթուածներ կ'ասմունքէ եւ վարպետութեամբ սրինգ կը նուագէ․․․Աւելին⇒