Jump to content

Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/05-2026

Պարպի Պուպրիկը, Մանկական խաղալիք՝ պուպրիկ, ստեղծուած՝ 9 Մարտ 1959-ին, Միացեալ Նահանգներուն մէջ:

Զայն ստեղծած է Ռութ Հենտլըր, խաղալիքներու ամերիկեան հաստատութեան`«Մաթել»ի հիմնադիրներէն մէկուն կինը:

Պարպին պարզ պուպրիկ մը կամ խաղալիք մը չէ․ անիկա ժամանակի ընթացքին վերածուած է համաշխարհային երեւոյթի մը, որ ազդեցութիւն ունեցած է սերունդներու մտածողութեան եւ պատկերացումներուն վրայ։ Փոքրիկներու ձեռքերուն մէջ ան կը դառնայ երազներու մարմնացում, իսկ մեծերու աչքերուն մէջ՝ քննարկման նիւթ՝ գեղեցկութեան, ինքնութեան եւ արժէքներու մասին։

Պարպիի աշխարհը ժամանակի ընթացքին մեծապէս ընդարձակուած է․ ան ունի ընկերներ, որոնք կը կառուցեն ամբողջ «Պարպիի աշխարհ» մը՝ իրենց պատմութիւններով եւ յարաբերութիւններով:

1950-ական թուականներուն, ամերիկացի գործարար Ռութ Հենտլըր (Ruth Handler) կը նկատէ, որ իր 10 տարեկան աղջիկը յաճախ կը հրաժարի սովորական մանկական խաղալիքներէն եւ աւելի մեծ հետաքրքրութեամբ կը խաղայ թուղթէ պուպրիկներով, որոնք կը ներկայացնեն չափահաս կիներ։ Այդ շրջանին երեխաներու համար նախատեսուած պուպրիկներուն մեծ մասը կը պատկերացնէր նորածիններ կամ փոքրիկներ․․․Աւելին