Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/05-2025

Հռոմէական կայսրութիւն (լատիներէն՝ Imperium Romanum, հին յունարէն՝ Βασιλεία Ῥωμαίων), Հին Հռոմի յետ-հանրապետական ժամանակաշրջան, որ կը բնութագրուի միանձնեայ իշխանութեամբ եւ Եւրոպայի, Ասիոյ եւ Ափրիկէի մէջ հսկայական տարածքներ ընդգրկող պետութեան հաստատմամբ։
Եզրը կը գործածուի առաջին կայսր՝ Օգոստոսի կառավարումէն սկսեալ մինչեւ 476-ին, Հին Հռոմի պատմութիւնը բնութագրելու համար։
Կայսրութեան նախորդող եւ 500-Ամեայ պատմութիւն ունեցող Հռոմի Հանրապետութիւնը տկարացած էր բազմաթիւ քաղաքացիական պատերազմներու պատճառով (քաղաքացիական պատերազմներուն ընթացքին բազմաթիւ ծերակուտականներ սպաննուած էին եւ Ծերակոյտին մէջ կը գերակշռէին Առաջին կամ Երկրորդ եռապետութեան այս կամ այն մասնակիցներուն աջակիցները)։
Պատմաբանները կը մատնանշեն շարք մը իրադարձութիւններ, որոնք կը բնութագրեն հանրապետութենէն կայսրութիւն անցումը, ներառեալ՝ Յուլիոս Կեսարի հռչակումը իբրեւ ցմահ միապետ (Ք.Ա. 44-ին), Աքթիոնի նաւամարտը (Ք.Ա. 2 Սեպտեմբեր 31-ին ), եւ Սենատին (Ծերակոյտին) կողմէ Օգոստոս (Ղայիոս) Օքթավիանոսին կոչման շնորհումը (Ք.Ա. 4 Յունուար 27-ին) (Օքթավիանոս շատ խորամանկ քաղաքական գործիչ մըն էր․․․Աւելին⇒