Jump to content

Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/04-2026

Մա Փի Լենկ (Անգլ. Mã Pí Lèng Pass, վթնմ.՝ Đèo Mã Pí Lèng) լեռնանցք մը՝ հիւսիսային հեռաւոր Վիեթնամի մէջ, Ազգային մայրուղիին վրայ, որ կը միացնէ Տոնկ Վան (Đồng Văn) եւ Մէօ Վաք (Mèo Vạc) քաղաքները։

Լեռնանցքը կը գտնուի ծովու մակերեսէն մօտաւորապէս 1,500 մ. բարձրութեան վրայ եւ կը տարածուի սուր եւ ոլորապտոյտ լեռնային ճամբու մը երկայնքով, որ կը հատէ Տոնկ Վան Քարսթ Փլաթօ (Đồng Văn Karst Plateau) քարքարոտ սարահարթը՝ կրաքարային բնաշխարհ մը, ուր կը տեսնուին լեռնաշղթաներ, գոգաւոր փոսեր եւ կտրուկ ժայռապատեր։

Լեռնանցքի գագաթին մօտակայքը գտնուող դիտակէտերէն կարելի է տեսնել Նըհօ Քուէ գետին (Nho Quế ) հովիտը եւ Թու Սան Քանյոն կիրճը (Tú Sản Canyon), ուրկէ գետը կը հոսի նեղ կիրճի մը մէջ՝ գրեթէ ուղղաձիգ ժայռապատերու տակ։

Լեռնանցքը կը գտնուի Տոնկ Վան Քարսթ Փլաթօ Ճէօփարք երկրաբանական պարկին սահմաններուն մէջ եւ նշանաւոր է իր բարձրադիր գեղատեսիլ բնաշխարհով։

Մա Փի Լինկ լեռնանցքը (Mã Pí Lèng) հատող ճամբան կառուցուած է իբրեւ մաս մը՝ Երջանկութեան ճանապարհին (Con đường Hạnh Phúc), որ կ'ամբողջանայ 1960-ական թուականներու կէսերուն՝ Հա Զան քաղաքը (Hà Giang City) կապելու համար սարահարթի շրջաններէն ներս գտնուող բնակավայրերուն հետ․․․Աւելին